Աւստրալիահայ Լուսանկարիչ Երուանդ Զանազանեան Աթէնքի Եւ Թեսաղոնիկէի Մէջ

By Asbarez | Monday, 03 October 2011

 

ԱԹԷՆՔ.- Անթիւ մրցանակներու արժանացած եւ իր տաղանդին ու արուեստին համար մեծապէս գնահատուած աւստրալիահայ ծանօթ լուսանկարիչ Երուանդ Զանազանեան, Աթէնքի եւ Թեսաղոնիկէի մէջ երկօրեայ սեմինարներ իրականացուց՝ խօսելով ամուսնութեան լուսանկարներու արուեստին մասին:

Երուանդ Զանազանեան Wedding Stories խորագիրը կրող այս սեմինարային շարքին համար համագործակցեցաւ Պամպի Քանթրելի հետ:

Լուսանկարչութեան արուեստին նուիրուած յատուկ այս դասընթացքներէն մաս մըն ալ նուիրուած էր համակարգչային ծրագիրներու օգտագործման, որոնց միջոցաւ կարելի է կատարելագործել կամ փոփոխութեան ենթարկել լուսանկարը:

Հայ լուսանկարիչը աշխարհի հարսանեկան լաւագոյն լուսանկարիչներու հնգեակին մէջ ներառուած է: Ան ծնած է Եթովպիա. կ՛ապրի եւ կ՛աշխատի Աւստրալիոյ մէջ. ան աշխարհի ամենալաւ վարձատրուող լուսանկարիչներէն մէկն է. ունի իր աշխարհահռչակ մակնիշը՝ «Yervant»: Կինը եւ զաւակները նոյնպէս ներգրաւուած են այս ասպարէզէն ներս:

Եթովպիոյ մէջ Երուանդ Զանազանեանի հայրը եղած է արքունական ոսկերիչ: Եթովպիահայ համայնքի մասին պատմելու ընթացքին, Զանազանեան կ՛ըսէ, որ հայերը եթովպիացիներու կողմէ սիրուած եւ յարգուած էին, նաեւ ընկերական-բարեկամական կապեր ունէին հեղինակաւոր ընտանիքներու հետ:

Երուանդ հարսանեկան լուսանկարչութիւնը միշտ հաճելի համարած է՝ «իւրաքանչիւր պահը որսալու կարեւորութեամբ»:

«Չես կրնար կրկնել, պիտի ամէն բան կատարեալ նկարես ճշգրիտ վայրկեանին», կ՛ըսէ ան: Իր հայեացքով, ամէն հարս գեղեցիկ է, եւ իր խնդիրն է այդ գեղեցկութիւնը ներկայացնել: Անոր ծառայութիւնները կ՛արժեն շուրջ 20-100 հազար տոլար:

comments

Advertisement