ՀՅԴ 125 ամեակի եւ ՀՅԴ Մելպուրնի կառոյցի 50 ամեակի նուիրուած երեկոյ

By armenia.com.au | Tuesday, 01 December 2015

Մելպուրն. Շաբաթ 28 Նոյեմբեր 2015ին կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Մելպուրնի շրջանի <<Ազատամարտ>> խումբին Մելպուրնի Հայ Կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ պարահանդէս մը նուիրուած ՀՅԴ 125 ամեակի եւ ՀՅԴ Մելպուրնի կառոյցի 50 ամեակին:

Պարահանդէսին ներկայ էին ՀՅԴ Աւստրալիոյ <<Դրօ>> Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկեր Հայկ Գայսէրեան, ԼՂՀ խորհրդարանի անդամ եւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկեր Դաւիթ Իշխանեան, Աւստրալիոյ մէջ ԼՂՀ մնայուն ներկայացուցիչ Պրն. Քայլար Միքայէլեան եւ աւելի քան 200 հայորդիներ:

Երեկոյի ընթացքին բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՅԴ Մելպուրնի շրջանի <<Ազատամարտ>> խումբի ատենապետ ընկեր Փայլակ Ադամեան ուր ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ ամփոփ ձեւով ներկայացուց Մելպուրնի մէջ ՀՅԴ տարած աշխատանքները:

ԼՂՀ նորանշանակ մնայուն ներկայացուցիչ իր սրտի խօսքը փոխանցեց ներկաներուն շեշտ դնելով ԼՂՀ աջակցութեան անհրաժեշտութեան:

ՀՅԴ <<Դրօ>> Կոմիտէութեան խօսքը փոխանցեց Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկեր Հայկ Գայսէրեան ուր ան շնորհաւորեց Մելպուրնի շրջանի մէջ ՀՅԴ կառոյցի 50 ամեակը բարձր գնահատելով հիմնադիր փաղանքի տարած նուիրական աշխատանքը: Ընկեր Գայսէրեան ապա ներկաներուն փոխանցեց ՀՅԴ <<Դրօ>> Կոմիտէութեան տարած աշխատանքները այս յատկանշական տարուայ ընթացքին:

Օրուայ պատգամը փոխանցեց ԼՂՀ խորհրդարանի անդամ, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկեր Դաւիթ Իշխանեան: Ընկեր Իշխատնան իր կարգին շնորհաւորեց Մելպուրնի մէջ ՀՅԴ հիմնադրութեան 50 ամեակը ապա ան խօսեցաւ Արցախի ներկայ իրավիճակի եւ ԼՂՀ դիմագրաուած ռազմաքաղաքական մարտահրաւէրներուն մասին:

Իրենց ազգագրական, ժողովրդային, ազգային եւ յեղափոխական երգերով երեկոն խանդավառեցին Հայրենի արուեստագէտներ՝ Ռուբէն Սասունցի, Գոհար Յովհաննէսեան եւ Աղասի Իսպիրեան:





Դիտելու համար պարահանդէսի նկարները այցելեցէք հետեւեալ կայքէջը:

comments

Advertisement