ՀՅԴ 125 ամեակի նուիրուած Սիտնիի փառահեղ տօնակատարութիւն

By armenia.com.au | Tuesday, 01 December 2015



Սիտնի. Կիրակի 29 Նոյեմբեր 2015ին Չացուուտի Քոնքորս սրահէն ներս ներկայութեամբ աւելի քան 700 հայորդիներու տեղի ունեցաւ ՀՅԴ հիմնադրութեան 125 ամեակի առիթով Արցախի ազատագրական պայգարի նուիրուած փառահեղ հանդիսութիւն:

Հանդիսութեան ներկայ էին Թէմիս բարեխնամ առաջնորդ Գերշ. Տ. Հայկազուն Եպս. Նաճարեան, Աւստրալիոյ Նիու Սաութ Ուէլզ նահանգի գանձապահ հայազգի օրդ. Կլատիս Պէրէճիքլեան, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկեր Դաւիթ Իշխանեան, հոգեւոր հայրեր եւ գաղութիս մէջ գործող քաղաքական կուսակցութիւններու, մարզական, սկաուտական, բարեսիրական եւ մշակութային միութիւններու ներկայացուցիչներ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան անդամ ընկեր Մովսէս Ինճէճիկեան:

Գեղարուեստական ներկայացումներով հադէս եկան Համազգայինի «Սասուն» եւ «Նայիրի» պարախումբերը եւ Համազգայինի «Նուպար Խաչատուրեան» թատերախումբը եւ ՀՅԴ Աւսրտրալիոյ Երիտասարդական Միութիւնը:

ՀՅԴ «Դրօ» Կոմիտէուեան պագամը փոխանցեց Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկեր Հայկ Գայսէրեան ուր ան խօսեցաւ ՀՅԴ գաղափարաբանութեան կարեւորութեան եւ անոր այժմէականութեան Հայ ազգային եւ քաղաքական կեանքէն ներս:



Օրուայ պատգամը փոխանցեց ԼՂՀ խորհրդարանի անդամ, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկեր Դաւիթ Իշխանեան: Ընկեր Իշխանեան իր խօսքին մէջ բարձր գնահատեց ՀՅԴ «Դրօ» Կոմիտէութեան նախաձեռնութիւնը ուր այս տարուայ ՀՅԴ 125 ամեակի նուիրուած միջոցառումները նուիրուած էին Արցախի ազտագրական պայգարին: Ընկերը նաեւ ներկայացուց ԼՂՀ ներկայ քաղաքական իրավիճակը եւ բացատրեց Արցախի դիմագրաուած ռազմաքաղաքական դժուարութիւններուն մասին:

Գեղարուեստական յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Հայրենի արուեստագէտներ Ռուբէն Սասունցի, Գոհար Յհովհաննէսեան եւ Աղասի Իսպիրեան:

Հանդիսութեան իր պատգամը փոխանցեց նաեւ թէմիս բարխնամ առաջնորդ Գերշ. Տ Հայկազուն Եպս. Նաճարեանը:

Տօնակատարութեան ամբողջական թղթակցութիւնը շուտով կրնաք ընթերցել Արմենիա կայքէջէն:




Դիտելու համար հանդիսութեան նկարները այցելեցէք հետեւեալ կայքէջը:

comments

Advertisement