Աւստրալահայութիւնը բարձրացուց իր բողոքի ձայնը Ազրպէյճանի դեսպանատան դիմաց

By armenia.com.au | Saturday, 09 April 2016

Քանպէրա - Ուրբաթ 8 Ապրիլ 2016ին Աւստրալիոյ մայրաքաղաք Քանպէրայի մէջ աւելի քան 250 հայորդիներ հաւաքուած էին Ազրպէյճանի դեսպանատան դիմաց բարձրացնելու իրենց բողոքի ձայնը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ կատարուած անմարդկային արարքներուն դէմ:

Բողոքի ցոյցին դէմ հաւաքուած էին մօտաւորապէս 30 Թուրքեր եւ Ազերիներ որոնց նպատակն էր խանգարել բողոքի ցոյցը:

<<Ղարաբաղը մերն է>>, <<Ամօթ Ալիէվին>> եւ <<Պայքար մինչեւ վերջ>> կանչերով Հայերը բարձրացուցին իրենց բողոքի ձայնը: Ցոյցի մասնակիցները բարձրացուցած էին Հայաստանի եւ Արցախի դրօշակները, ինչպէս նաեւ պաստառներ որոնք պատրաստուած էին ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան կողմէ:

Հայ Առաքելակաեն եւ Կաթողիկէ եկեղեցիներու կղերականները տէրունական աղօթքով մեկնարկեցին ցոյցը: Ցոյցի ընթացքին ելոյթ ունեցան Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբէն Վաչէ Գահրամանեան, Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր գործավար Արին Մարգարեան, ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան <<Նիկոլ Դուման>> եւ <<Բեկոր>> մասնաճիւղերու ատենապետներ՝ Արամ Թիւֆէնքճեան եւ Մայքլ Քոլոքոսեան, եւ ՀԲԸՄ գործադիր տնօրէն Սարգիս Մանուկեան:

Իր ելոյթի ընթացքին Վաչէ Գահրամանեան ըսաւ՝ <<Արդեօ՞ք տակաւին Սթալինի գծած քարտէզի հիման վրայ պէտք է ապրինք: Արեօ՞ք Սթալինն է որ պիտի որոշէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախ ըլլալը, կամ Արցախի ժողովուրդը>>:

Գահրամանեան աւելցուց ըսելով՝ <<Եթէ Ազերին կը փափաքի հետեւիլ Տիգդադոր Սթալինի քարտէզներուն արեօ՞ք ան կ'ուզէ նաեւ իրականացնել Եւրոպայի սահմանները ընթլայնելու Տիգդադոր Հիթլէրի երազը:>>

<<Մենք կը զօրակցինք Ազատ Արցախի ժողուրդին հետ: Արցախի բնակչութեան 90%-էն աւելին դեր քուէարկեց անկախութեան հանրաքուէի ընթացքին: Ազրպէյճանի նման անոնք ունին ինքնաճանաչման իրաւունքը եթէ ոչ աւելին, նկատի ունենալով որ Սթալինէն առաջ Արցախը մաս կը կազմէր Հայաստանի>> աւելցուց Գահրամանեան:

ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութիւնը պատրաստած էր նամակ մը որ պիտի յանձնուէր Ազրպէյճանի դեսպանին, սակայն ան չ'ընդունեց:

Արամ Թիւֆէնքճեան ընթերցելով նամակը ըսաւ. <<Ձեր կառավարութեան կատարած ռազմական գործողութիւնները անմարդակային էին եւ ահ ու սարսափ պատճառեցին 25 տարիներէ ի վեր Ազատ Արցախի մէջ ապրող խաղաղ բնակչութեան>>:

Թիւֆէնքճեան աւելցուց. <<Ձեր ուղղաթիրներու, թանկերու եւ անօդաչու օդանաւներու արձակած ռումբերը կու գան փաստելու թէ ձեր նպատակն էր քանդել Հայ ժողովուրդի շինած տուները, դպրոցներն ու եկեղեցիները եւ անմիջական վնաս հասցնել խաղաղ բնակչութեան>>:

<<Ինչու՞  Մարտունի շրջանէն երիտասարդներ վիրաւորուեցան: Ինչու՞ 12 ամեայ Վաղինակ Գրիգորեանը իր դպրոցը ուղեւորութեան ժամանակ նահատկուեցաւ: Ինչու՞ Թալիշի մէջ ընտանիք մը վայրագօրէն սպաննուեցան:  Այս բոլորը եւ շատ մը ուրիշ օրինակներ կենդանի փաստերը չե՞ն ձեր կառավարութեան յառձակողապաշտ քաղաքականութեան: Մենք չենք կրնար ներել: >> ըսաւ Թիւֆէնքճեան:

Աւստրալիական ABC հեռատեսիլը, ինչպէս նաեւ ABC, 2UE եւ 2GB ռատիոկայանները հաղորդումներ ներկայացուցին ցոյցէն:

Հայցազրոյցի ընթացքին ՀՅԴ Աւստրալիոյ <<Դրօ>> Կոմիտէի ներկայացուցիչ Հայկ Գայսէրեան ըսաւ. <<Շատ կը զարմանամ երբ շատեր կը փորձեն խեղադիւրել պատմութիւնը: Եթէ մենք Աւստրալիան, որ 1788 թուականին ձեւաւորուեցաւ իր վարչակարգը, կը կոչենք երիտասարդ ազգ, ապա Ազրպէյճանը (1918) պէտք է նորածին ազգ մը համարուի:>>

Գայսէրեան աւելցուց՝ <<Հայաստանը աշխարհի հնագոյն ազգերէն է եւ Հայերը դարերէ ի վեր կ'ապրէին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: Առ այդ, Ազրպէյճանի <<պահանջքները>> կրնանք նմանցնել մանուկի մը որ կը պահանջէ իր հետ բացարձակապէս կապ չունեցող հարեւանին նախահայրերուն հողամասը:>>

<<Ինչու՞ կը կարծեն որ իրենք իրաւունքներ ունին: Պարզապես որովհետեւ պատմութեան սեւ էջերու համայնավար ղեկավար մը որոշած էր այդ հողը Ազերիներուն նուիրել երբ Խորհրդային Միութիւնե կը հիմնուէր: Աւստրալիան եւ արեւմտեան երկիրները ներկայիս պէտք է լաւ մտածեն: Արեօ՞ք կը փափաքին հետեւեիլ Սթալինի սահամաններուն: Եթէ ոչ, ապա պէտք է ճանչնան Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ժողովուրդի ինքնաճանաչման իրաւունքը>> ըսաւ Գայսէրեան:

Բողոքի ցոյցը կազմակերպուած էր Հայ Առաքելական, Կաթողիկէ եւ Ավետարանական եկեղեցիներու, Սոցիալ Դէմոկրատ Հնչակեան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւններու, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան, Հայ Օգնութեան Միութեան, Համազգայինի, ՀՄԸՄի, ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան, Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի, Թէքէյեան Մշակութային Միութեան, Տխրունի Երիտասարդական Միութեան եւ Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան ճիգերով:

Բողոքի ցոյցը յաջորդեց <<Զօրակցինք Արցախին>> տեղեկատուական երեկոյին (կարդացէք մանրամասնութիւններ հետեւելով http://www.armenia.com.au/news/Australia-News/Armenian/52003/):

Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը շաբթուայ սկիզբը ուղարկած էր նամակներ Աւստրալիոյ վարչապետին եւ արտաքին գործոց նախարարութեան որուն մէջ կը դատապարտեն Ազրպէյճանի կատարած անմարդկային յարձակումները: Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը նաեւ ձեռնարկած էր ստորագրահաւաք մը որուն մասնակցեցան աւելի քան 1,000 անձնաւորութիւններ:

Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի ջանքերով Պէնէլոնկ շրջանի խորհրդարանի անդամ հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ մը որուն մէջ խստօրէն դատապարտեց Ազրպէյճանի կատարած անմարդկային արարքները:

Հայ Դատի յանձնախումբը նաեւ Քանպէրայի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Ռուսիոյ դեսպանի եւ Աւստրալիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան նեկայացուցիչերու հետ:

Աւստրալիոյ մէջ ԼՂՀ մշտական ներկայացուցիչ Քայլար Միքայէլեան նաեւ հարցազրոյց ունեցաւ ABC եւ ԱլՄարսատ ռատիոկայաններէն, ուորնց ընթացքին Աւստրալիոյ հանրութեան յստակօրէն բացատրուեցաւ ԼՂՀ մէջ տիրող իրավիճակը: 

comments

Advertisement