Ծխատէր Հովիւներու - Կալուածոց Անդամներու Եւ Թեմական Պատգամաւորական Ժողովներ

By armenia.com.au | Sunday, 22 May 2016

ԾԽԱՏԷՐ ՀՈՎԻՒՆԵՐՈՒ ԺՈՂՈՎ – 13 Մայիս 2016

Ուրբաթ 13 Մայիսին Գերաշնորհ Տէր Հայկազուն Եպիսկոպոսի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ Թեմիս Ծխատէր Հովիւներու Ժողովը մասնակցութեամբ Հոգեշնորհ Տէր Ներսէս Աբեղայ Յարութիւնեանի՝ հոգեւոր հովիւ Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ, Ուէնթուըրթվիլ, Արժ. Տէր Աւետիս Քահանայ Համաբարձումեանի՝ հոգեւոր հովիւ Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ, Չացուուտ եւ Արժ. Տէր Խաչեր Քահանայ Յարութիւնեանի՝ հոգեւոր հովիւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ, Մելպուրն :

Որոշումներ.

  1. Ծիսական ներդաշնակութիւն գործող բոլոր եկեղեցիներուն մէջ:
  2. Ս. եւ Անմահ Պատարագի մատուցում Ապրիլ 24ի օրը:
  3. Ս. եւ Անմահ Պատարագի մատուցում Վարդանացի օրը հրաւիրելով շրջանի դպրոցական աշակերտները:
  4. Ս. եւ Անմահ Պատարագի մատուցում Համբարձման տօնին օրը, որմէ ետք

գործադրել Համբարձման աւանդութեան վերաբերեալ յայտագիր, ինչպէս Ճանկիւլիւմ Համբարձման երգեր, Վիճակ եւայլն:

  1. Ս. եւ Անմահ Պատարագի մատուցում Ս. Յակոբայ Տօնին մօտիկ Կիրակի օրը, թափօրին մասնակից դարձնել Արարատ լեռնէն բերուած Նոյեան Տապանի մասունքը եւ յաւարտ Ս. Պատարագին հանդիսութիւն կազմակերպել, որուն ընթացքին արտասանուին բանաստեղծութիւններ, կատարուին ընթերցումներ ձօնուած Արարատին, վեր հանելով Արարատի խորհուրդը հայոց կեանքին մէջ:
  2. Հոկտեմբերի երկրորդ Կիրակին նուիրել Թարգմանչաց յիշատակին եւ հրաւիրել Հայկական Վարժարաններու մէջ գործող բոլոր Հայ ուսուցիչները:
  3. Պահոց շրջանին առիթ ստեղծել թեմի եկեղեցականներուն առանձնացման, խոկումի, աղօթքի եւ զանազան կրօնական հարցեր քննարկելու, զորս կը յուզեն Հայութիւնը եւ մեր թեմը:

Ժողով ընթացքին քննարկուեցան Ս. Աստուածածնայ Տօնին՝ Խաղողօրհնէքի, Նոր Տարուան օրը՝ Նռօրհնէքի եւ Տեառնընդառաջին՝ Խարուկահանդէս կազմակերպելու  հարցերը:

Բ) ԿԱԼՈՒԱԾՈՑ ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒ ԺՈՂՈՎ – 14 Մայիս 2016

Շաբաթ 14 Մայիս 2016ի առաւօտեան ժամը 9.30 – 12.00, նախագահութեամբ Գերաշնորհ Տէր Հայկազուն Նաճարեանի, մասնակցութեամբ Հոգեշնորհ Տէր Ներսէս Աբեղայ Յարութիւնեանի, Արժանապատիւք ՏԷր Պարթեւ Քահանայ Գարագաշեանի, Տէր Աւետիս Քահանայ Համբարձումեանի, Տէր Խաչեր Քահանայ Յարութիւնեանի եւ 20 անդամներու, Ուէնթուըրթվիլի Սուրբ Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ Պաթմանեան Սրահին մէջ  տեղի ունեցաւ թեմիս Կալուածոց Անդամներու տարեկան ընդհանուր ժողովը: Ժողովը լսեց եւ վաւերացուց Կալուածոց Յանձնախումբի նիւթաբարոյական տեղեկագիրները:  Տեղի ունեցաւ նոր Յանձնախումբի ընտրութիւն: Նոր Կալուածոց Յանձնախումբը կը ներկայանայ հետեւեալ կազմով. Տիարք՝ Արմէն Պաղտասարեան, Զաւէն Յակոբեան, Սարգիս Մուրատեան, Ժագ Յօդագործեան, Կարապետ Ալաճաճեան, Սարգիս Տէր Պետրոսեան, Գէորգ Չափրազեան:

Գ) ԹԵՄԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ – 14 Մայիս 2016

Կէսօրէ ետք ժամը 1.00 - 5.30, Ուէնուըրթվիլի Սուրբ Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի Հայոց Թեմի Թեմական Պատգամաւորական Ժողովը նախագահութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝  Գերաշնորհ  Տէր Հայկազուն Եպիսկոպոս Նաճարեանի, մասնակցութեամբ Հոգեշնորհ Տէր Ներսէս Աբեղայ Յարութիւնեանի, Արժանապատիւք ՏԷր Պարթեւ Քահանայ Գարագաշեանի, Տէր Աւետիս Քահանայ Համբարձումեանի, Տէր Խաչեր Քահանայ Յարութիւնեանի եւ 33 լիազօր պատգամաւորներու  Սուրբ Յարութիւն, Սուրբ Երրորդութիւն եւ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցիներէն: Առաջին անգամ ըլլալով Նոր Զելանտայէն հրաւիրուած էր ժողովին մասնակցելու Նոր Զելանտայի Հայկական Միութեան Ատենապետ Պրն Նուպար Եաղուպեան: Պատգամաւորներու ընդհանուր թիւ՝  37:

Ժողովը ընտրեց իր դիւանը, Ատենապետ՝ Պրն Ժագ Յօդագործեան, Ատենադպիրներ՝ Հայերէն լեզուով Նշան Պասմաճեան եւ Անգլերէն Լեզուով՝ Կարօ Արապեան:

Ժողովը բացուեցաւ Սրբազան Հօր աղօթքով: Մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգուեցաւ յիշատակը Արցախեան վերջին պատերազմին զոհուած բանակայիններուն եւ անմեղ նահատակներուն: Ընթերցուեցաւ ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի Օրհնութեան գիրը:

Ժողովը զբաղեցաւ Նոր Առաջնորդարանի Կառուցման Ծրագրով, որով կը նախատեսուի նոր առաջնորդարանի կառուցման աւարտը՝ Հոկտեմբեր 2017ին: Ժողովը կարեւոր նկատեց  Ծուխերու յարաբերութեանց սերտացումը եւ կատարեց առաջարկներ առ ի գործադրութիւն: Ժողովը կարեւորութեամբ քննեց Երիտասարդութեան առնչուած հարցերը: Գործնական քայլեր առնելու համար քուէարկուեցաւ պիւտճէ: Սրբազան Հայրը ներկայացուց Առաջնորդի միամեայ գործունէութեան մանրամասն տեղեկագիրը: Յետ քննարկման, Ժողովը վաւերացուց Թեմական Խորհուրդի գործունէութեան նիւթական եւ բարոյական տեղեկագիրները, նախահաշիւը, ինչպէս նաեւ գնահատանք արձանագրեց կրօնական,  յարաբերական, բարեկեցութեան եւ ազգային բնագաւառներէ ներս տարուած աշխատանքին, կատարեց իր թելադրութիւնները եւ առաւ որոշումներ:

Ժողովը կատարեց մասնակի ընտրութիւն իրենց շրջանը աւարտող Թեմական Խորհուրդի երկու անդամներու յանձինս Տիարք Ժագ Յօդագործեանի եւ Յակոբ Փէլթէքեանի: Նորընտիր անդամներն են Տիարք Կարապետ Ալաճաճեան եւ Վարուժան Վարդան Պօղոսեան: Թեմական նոր կազմը կը բաղկանայ հետեւեալ ազգայիններէն.

Արժ. Տէր Աւետիս Քահանայ Համբարձումեան, Տիկին Լօրա Արթինեան, Տիարք՝ Սարգիս Տէր Պետրոսեան, Ստեփան Գրգեաշարեան, Գէորգ Չափրազեան, Կարապետ Ալաճաճեան, Վարուժան Վարդան Պօղոսեան

 

Ժողովականները առտուան նախաճաշով, կէսօրուան ճաշով եւ ընթրիքով հիւրասիրուեցան Սուրբ Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդին եւ Տիկնանց Յանձնախումբին կողմէ:

 

ՍՈՒՐԲ ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ – 15 Մայիս 2016

 

Կիրակի 15 Մայիսին Սուրբ Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հոգեգալստեան Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ, ի ներկայութեան ժողովի պատգամաւորներուն: Պատարագեց Մելպուրնի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տէր Խաչեր քահանայ Յարութիւնեան: Յաւուր պատշաճի քարոզեց Սրբազան Հայրը: Նորընտիր Թեմական եւ Ծխական Խորհուրդներու անդամները, Սրբազան Հօր ներկայութեան, նորոգեցին իրենց ծառայութեան ուխտը: Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի որոշումով օրուան դրամահաւաքէն գոյացած 3577 Աւ. Տոլար գումարը յատկացուեցաւ քաջարի Արցախին: Պատարագէն ետք ժողովականները հիւրասիրուեցան Տիկնանց Յանձնախումբին կողմէ Պաթմանեան Սրահին մէջ: Ճաշի ընթացքին խօսք առին Սրբազան հայրը, հոգեւոր հայրերը եւ թեմական ու ծխական մարմիններու ներկայացուցիչներ, որոնք իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին ժողովի արդիւնքներուն եւ յաջող երթ մաղթեցին Թեմական եւ Ծխական նոր կազմերուն:

 

Դիւան Առաջնորդարանի

15 Մայիս 2016


comments

Advertisement