Ուրբաթ 3 Յունիսին Յեղափոխական Երգերու Երեկոյ Նուիրուած Արցախի Անմահ Հեոսներուն

By armenia.com.au | Monday, 30 May 2016



Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան Ուրբաթ 3 Յունիս 2016ին Հայ Մշակութային Կեդրոնէն ներս տեղի պիտի ունենայ Յեղափոխական երեկոյ մը նուիրուած Արցախի անմահ հերոսներուն:

Երեկոն պիտի խնդավառէ յեղափոխական երգերու մեկնաբան, ազատամարտիկ ընկեր Մկրտիչ Մկրտիչեան (Մակիչ):

Յիշենք որ Շաբաթ 28 Մայիս 2016ին ընկեր Մկրտիչ Մկրտիչեան խանդավառեց Աւստրալահայ գաղութը իր ազգային եւ յեղափոխական երգերով Հայաստանի Առաջին Անկախութեան 98րդ ամեակի նուիրուած պարահանդէսի ընթացքին:

Տոմսերու համար դիմել թռուցիկի վրայ յիշուած թիւերուն:





comments

Advertisement