Միասնական ուժերով՝ կարելի է նոյնիսկ լեռը տեղէն շարժել

By Nora Sevagian - armenia.com.au | Wednesday, 22 June 2016


Նորա Սեւակեան

Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանի Շրջանաւարտից Միութիւն- Աւստրալիա

Վերջերս Աւստրալիոյ մէջ հիմքը դրուեցաւ Հալէպի Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանի Աւստրալիոյ շրջանի Շրջանաւարտից Միութեան: Միութեան հիմնադրութեան նպատակն է, ճեմարանականներն ու ճեմարանաւարտները տարեկան  քանի մը առիթներով միատեղ հաւաքել եւ ընկերային հաճելի մթնոլորտի մէջ նիւթական հասոյթ ապահովող ձեռնարկներ կազմակերպել ,  օգնութեան ձեռք երկարելու մեր բոլորին սրտին մօտիկ ու հարազատ Քարէն Եփփէ Ազգ.  ճեմարանին եւ անոր մեծ ընտանիքին:

Կիրակի 22 Մայիսին, տեղի ունեցաւ վերոյիշեալ ձեռնարկներու շարքին առաջինը՝ Դաշտապտոյտ Համազգայինի Գօլստըն ճեմարանի գեղադալար բնութեան գիրկը: Կապոյտ երկինքն ու ջերմ արեւը կարծես բնութեան կողմէ յղուած հրաւիրագրերն էին Սիտնիաբնակ հայութեան, որոնցմէ  աւելի քան 200 հոգիներ ընդառաջելով այդ հրաւէրին եկան եւ իրենց հարազատներով ու բարեկամներով վայելեցին ջերմօրէն իրենց հրամցուած զուարթ մթնոլորտն ու հայկական համեղ խորովածը:

Նշմարելի էր որ ամէնէն խանդավառ խաւը ներկաներուն մէջ, փոքրերն  էին, որոնց համար կազմակերպիչ յանձնախումբը դասաւորած էր զանազան տեսակի խաղեր եւ զբաղումներ: Իսկ երիտասարդներն ու չափահասերը իրար քով բոլորուած կը զրուցէին Ճեմարանի անցեալի օրերէն վերակենդանացնելով  անոնց ընկերացող անմոռանալի յիշատակները:

Համադամ խորովածն ու տիկիններու կողմէ բծախնդրօրէն պատրաստուած անուշեղէնները մեծ ախորժակով  սպառեցան ներկաներուն կողմէ, որոնց յաջորդեց վիճակահանութեան նուէրներու բաշխումը: Արժէքաւոր ու թանկագին նուէրները նուիրուած էին առատաձեռն հայրենակիցներու կողմէ, որոնք յաճախ թեւ ու թիկունք կը կանգնին նման աշխատանքներու: Բոլորին հազար շնորհակալութիւն:

Ընդհանուր առմամբ յաջող եւ յիշատակելի օր մըն էր այս, որ արձանագրուեցաւ Շրջանաւարտից Միութեան գործունէութեան մատեանին մէջ:  Անկասկած այդ յաջողութիւնը կարելի պիտի չըլլար իրականացնել առանց  կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներուն եւ  կամաւորներու ժրաջան աշխատանքին ու նուիրումին:  Յաջողութիւններ չեն կրնար իրագործուիլ առանց տքնաջան աշխատանքի, գրտնաթափութեան ու զոհողութեան: Մեծ ուրախութեամբ կը յայտարարենք  թէ համեստ ուժերով կազմակերպուած միութեանս սոյն անդրանիկ ծրագիրը բարոյական եւ նիւթական նշմարելի  յաջողութիւն արձանագրեց եւ միութիւնը քայլ մը առաջ առաջնորդեց իր ազգանպաստ ուղիին մէջ:

Այս առիթով ՔԵԱ Ճեմարանի Աւստրալիոյ Շրջանաւարտից Միութեան վարչութիւնը, կու գայ իր խորին շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը յայտնելու , նախ բոլոր անոնց որոնք իրենց ներկայութեամբ եկան եւ քաջալեր հանդիսացան կազմակերպուած ծրագրին, ապա  յանձնախումբի բոլոր անդամներուն, որոնք ոչինչ խնայեցին ձեռնարկը յաջողութեամբ պսակելու:  Շնորհակալութիւն միութեան բարերարներուն ինչպէս նաեւ անոնց, որոնք տարբեր ձեւերով նիւթապէս եւ բարոյապէս իրենց բաժինը բերին ձեռնարկի ընդհանուր յաջողութեան եւ իրագործաման աշխատանքին մէջ:

Կը հաւատանք, որ միասնակամ ուժերով  կարելի է նոյնիսկ լեռը  տեղէն շարժել: Այս հաւատքով ու համոզումով կը շարունակենք մեր աշխատանքը յանուն մեր սիրելի ճեմարանին բարօրութեան եւ բարգաւաճման:

Կեցցե՛ն Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանը եւ անոր յարկին տակ ազգային ու կրթական բարձր դաստիրակաութիւն ստացած, աշխարհով մէկ տարածուած  իրարայաջորդ սերունդները:

 


 

 


comments

Advertisement