Արմենիա Մետիա Ընկերակցութիւն. Կ'ուզուի Վարիչ Տնօրէն

By armenia.com.au | Wednesday, 22 June 2016

Արմենիա Մետիա Ընկերակցութիւն – Վարիչ Տնօրէնի պաշտօն

Աւելի քան 35 տարիներ է, որ Արմենիա Մետիա Ընկերակցութիւնը (նախկին Արմենիա շաբաթաթերթ եւ Սարդարապատ Ռատիո ժամ) Աւստրալահայ գաղութի առաջնորդող ու գլխաւոր մամլոյ օրկանը կը հանդիսանայ: ԱՄԸ-ը շնորհիւ իր օգտագործած տեղեկատուական արդի եւ ժամանակակից լրատուամիջոցներուն, կարողացած է  հասնիլ աւելի քան 50 հազար հայ անհատներու, հրամցնելով անոնց գաղութային եւ միջազգային անցուդարձերու, լուրերու եւ ժամանակակից պատահարներու ու դէպքերու մասին  հաղորդումներ եւ տեսանիւթեր:

2015 թուականին,  Նիու Սաութ Ուէյլզ-ի Բազմամշակութային եւ Տեղական Մամլոյ մրցանակաբաշխութեան ընթացքին, ԱՄԸ –ը արժանացաւ  « Լաւագոյն Առցանցային Լուրեր Հաղորդող Մամլոյ Լրատուամիջոցը» :

Վերջին քանի մը տարիներուն Արմենիա Մետիա Ընկերկացութեան  գործելադաշտի ընդարձակման ու ծաւալման որպէս արդիւնք, ներկայիս  կարիքը  կը զգացուի աշխուժ ու փորձառու վճարովի Վարիչ Տնօրէն-ի մը նշանակման:

Վարիչ Տնօրէնը համագործակցելով թերթի  գլխաւոր խմբագրին եւ թղթակիցներուն հետ, զեկուցելով Արմենիա Մետիա ընկերկացութեան խնամակալ կազմին, պատասխանտու պիտի ըլլայ՝

  • ստեղծելու եւ վարելու յատուկ ռազմավարական ծրագիր, զորս պիտի ընդգրկէ մամուլէն ներս ամսական յատուկ թեմաներու կիրարկում:
  • թերթի եւ այլ լրատուամիջոցներու բովանդակութեան բծախնդիր ծրագրում:
  • թղթակիցներու եւ այլ կամաւորներու աշխատանքներուն հսկողութիւն եւ ընդհանուր դասաւորում:
  • նոր երաշխաւորներու եւ ծանուցումներու ներբերում:
  • նոր բաժանորդագրութիւններ հաւաքելու եւ նիւթական հասոյթ ապահովող աղբիւրներ գոյացնելու աշխատանքներու  հետապնդում եւ իրագործում:

Վարիչ Տնօրէնի պաշտօնին համար դիմող թեկնածուն պէտք է ունենայ՝

  • Հայերէն լեզուի մէջ հմուտ կարողութիւն:
  • Մամուլի մարզէն ներս որոշ փորձառութիւն:
  • Ծանուցումներ վաճարելու եւ հաշուապահական տնօրինութեան մէջ որոշ փորձառութիւն:

Աշխատավայրը պիտի ըլլայ Ուիլուպիի մէջ , շաբաթական 3 օր:

Բոլոր անոնք որոնք հետաքրքրուած են սոյն պաշտօնով բարեհաճին իրենց դիմումնագրերը անմիջապէս  յղել Արմենիա Մետիա Ընկերկացութեան խնամակալութեան  ատենապետ՝ Շանթ Սողոմոնեանին,  դիմելով իր ե նամակի հասցէին chair@armenia.com.au .


comments

Advertisement