Աւստրալահայ երիտասարդուհի Անի Սմսարեան Հայաստանը պիտի ներկայացնէ համաշխարհային մակարդակով կազմակերպուած ներկայացման մը ընթացքին

By armenia.com.au | Monday, 27 June 2016

Աւստրալիայ ծնած եւ հասակ առած 20 ամեայ երիտասարդուի Անի Սմսարեան, Յուլիսի 8-ին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ համաշխարհային մակարդակով կազմակերպուած յատուկ ներկայացումի /հադիսութեան մը, ուր պիտի ներկայանան տարբեր երկիրներէ եւ ազգութիւններէ երիտասարդուհիներ, ցուցադրելով  իրենց ազգային տոհմիկ տարազները: Այս ներկայացումը որ կը կոչուի Pageant of the World տարբեր երկիրներու մէջ արդէն իսկ անցեալին իրագործուած է, այս տարի առաջին անգամ ըլլալով նաեւ տեղի պիտի ունենայ Աւստրալիոյ  մէջ, Sydney Town Hall –ի շքեղ սրահէն ներս:

Սոյն ներկայացումը արտաքին ֆիզիքական գեղեցկութեան մրցոյթ չէ, այլ մասնակցողները իրենց ժողովուրդն ու ազգութիւնը  կը փորձեն ծանօթացնել մասնակից միւս երկիրներուն, ներկայանով իրենց ազգային տարազներով:

1990-ին Հայաստանէն Աւստրալիայ գաղթած են Անիին ծնողքը: Քանի մը տարիներ ետք կը ծնի Անին: Ան հասակ կ'առնէ հայկական կենցաղով ու աւանդոյթներով: Հայոց պատմութիւնն ու մշակոյթը մեծ ազդեցութիւն կունենան իր մտային ու ընկերային կազմուածքին վրայ: Աւելի քան 6 անգամներ Անին իր ընտանիքին հետ եղած է մայր հայրենիք եւ վայելած է անոր տեսարժան վայրերն ու պատմական հնութիւնները: Ներկայիս ան համալսարանէն ներս կը հետեւի փաստաբանական ճիւղին այդ լուրջ նապատակով, որ օր մը սոյն ասպարէզի ճամբով ան կարենայ իր բաժինը բերել արդարութիւն սերմանելու հուն ուր որ հարկ է , տեղական եւ միջազգային մակարդակներու վրայ:

 

Անին միշտ հպարտ զգացած է ինքզինք, նման հարուստ պատմութիւն եւ մշակոյթ ունեցող ազգի մը պատկանելուն համար: Ան կը հաւատայ որ թէեւ Հայաստան աշխարհագրական սահմաններով հսկայ երկիր մը չէ, սակայն ան միշտ արձագանգած է աշխարհի ժողովուրդներուն մէջ իր  հանճարներով ու  արուեստագէտներով: Pageant of the World ին իր մասնակցութիւնը բերելով Անին համոզուած է, որ ան պիտի կարենայ իր փոքրիկ ազգը լուսարձակի տակ դնել աշխարհի այլ երկիրներուն մէջ ու մանաւանդ անոր արդար դատին ու իրաւունքներուն իրազեկ դարձնէ օտար ու տեղական շրջանակները:

 

Բոլոր անոնք, որոնք հետաքրքրուած են ներկայ գտնուելու եւ զօրակցելու աւստրալահայ երիտսարդուհի Անի Սմսարեանին տարած գնահատելի աշխատանքին, բարեհաճին իրենց տոմսերը անմիջապէս ապահովել կցուած յայտարարութեան մանրամասնութիւններուն հետեւելով: Լիայոյս ենք, որ մեծ թիւով հայորդիներ ներկայ կը գտնուին սոյն նախաձեռնութեան եւ իրենց անաչար զօրակցութիւնն ու քաջալերանքը կը ցուցաբերեն հանդէպ այս ազգանպաստ աշխատանքին:

 

Ամենայն յաջողութիւն եւ յարատեւ վերելք կը մաղթենք Անի Սմսարեանին իր ներկայ ու ապագայ բոլոր ծրագիրներուն մէջ:


comments

Advertisement