Աւստրալահայ Գաղութը Հանգանակեց 112,175 Տոլար Արցախի Զօրակցութեան Թելեթոնի Ընթացքին

By armenia.com.au | Tuesday, 19 July 2016

Երկուշաբթի, 18 Յուլիս, 2016-ին, Աւստրալիոյ մէջ տեղի ունեցաւ Արցախի Զօրակցութեան նուիրուած թելեթոն մը որուն ընթացքին հանգանակուեցաւ 112,175 Աւստրալիական տոլար որ ամբողջութեամբ պիտի տրամադրուի <<ԼՂՀ անկախութեան, անվտանգութեան եւ խաղաղութեան>> ֆոնտին:

Աւստրալահայ գաղութէն ներս տեղի ունեցած այն աննախընթաց միջոցառումը հեռարձակուեցաւ Արմենիա Մետիա ընկերակցութեան Ֆէյսպուքի էջի վրայով ինչպէս նաեւ Արմենիա Ռատիօժամի միջոցաւ: Միջոցառումը կը հովանաւորէր Աւստրալիոյ մէջ ԼՂՀ մշտական ներկայացուցչութեան գրասենեակը եւ կազմակերպուած էր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ <<Դրօ>> Կոմիտէութեան եւ անոր ուղեկից միութիւններուն՝ Հայ Օգնութեան Միութեան, Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան, Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեանն, ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան, Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբի եւ Արմենիա Մետիա Մամլոյ եւ Տեղեկատուական ընկերակցութեան կողմէ:

Թելեթոնին աշխուժօրէն իրենց մասնակցութիւնը բերին մեծ թիւով երիտասարդներ որոնք միջոցառման ամբողջ տեւողութեան ընթացքին Սիտնիի Հայ Մշակութային Կեդրոնէն եւ Մելպուրնի Հայ Կեդրոնէն ներս կը պատասխանէին հեռաձայններուն եւ պարբերաբար կը պատրաստէին նուիրատուներու ցանկերը: Թելեթոնի յայտագրի ընթացքին Արմենիա հեռատեսիլի եւ Արմենիա ռատիօժամի միջոցաւ Աւստրալահայ գաղութի մէջ գործող եւ թելեթոնին մասնակից կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ տեղի ունեցան հարցազրոյցներ:

Արմենիա հեռատեսիլի միջոցաւ թելեթոնի յայտագիրը վարեց Նորա Սեւակեան իսկ Ազնիւ Ինկիլիզեան, Յովսէփ Գոփուշեան եւ Նշան Պասմաճեան վարեցին Արմենիա ռատիօժամի յայտագիրը:

 

Աւստրալիոյ մէջ ԼՂՀ մշտական ներկայացուցիչ պրն. Քայլար Միքայէլեան ԼՂՀ կառավարութեան երախտագիտութեան խօսքերը փոխանցեց Աւստրալահայ գաղութի կատարած ջանքերուն համար: Իր հետ կատարուած հարցազրոյցի ընթացքին ան ըսաւ.- <<Աւստրալահայ գաղութի կատարած նիւթական օժանդակութիւնը պիտի ծառայէ ապահովելու յարձակողապաշտ Ազրպէյճանի սպառնալիքին տակ ապրող Արցախի մեր ժողովուրդի անվտանգութիւնն ու ապահովութիւնը>>:

<<Շնորհակալ ենք ձեր կատարած նուիրատուութիւններուն համար եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը երախտապարտ է Աւստրալահայ գաղութի կատարած թէ' բարոյական եւ թէ' նիւթական աջակցութեան>> աւելցուց պրն. Միքայէլեան:

Թելեթոնը սկիզբ առաւ Երկուշաբթի, 18 Յուլիս, 2016-ին երեկոյեան ժամը 7:00-ին: Թելեթոնի ընթացքին աւելի քան 340 նուիրատուներու կատարած նուիրատուութիւններու արդիւնքը՝ 110,625 Աւստրալիական տոլար յայտարարուեցաւ ժամը 11:00ին: Վերոյիշեալ գումարը յաջորդող ժամերուն տեղի ունեցած յաւելեալ նուիրատուութիւններու արդիւնքով հասաւ 112,175 Աւստրալիական տոլարի:

Թելեթոնի աւարտին ՀՅԴ Աւստրալիոյ <<Դրօ>> Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկեր Հայկ Գայսէրեան շնորհաւորեց Աւստրալահայ գաղութը այս աննախընթաց միջոցառումին համար: Ան ըսաւ.- <<Մեր կատարած նուիրատուութիւններով մենք մեր զօրակցութեան ձայնը հասցուցինք մեզմէ 14,000 քիլոմեթր հեռու գնուող արեան գնով ազատագրուած Արցախի մէջ ապրող մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն ինչպէս նաեւ խիզախօրէն մեր սահմանները պաշտպանող զինուորներուն: Մենք պիտի շարունակենք մեր զօրակցութիւնը որպէսզի Արցախը ապահովէ իր անկախութիւնը, ապահովութիւնն ու խաղաղութիւնը>>:

Ընկեր Գայսէրեան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով.- <<Շնորհակալ ենք բոլոր անոնց որոնք կամաւորապէս ներկայ գտնուեցան այսօր եւ օժանդակեցին որ այսօրուայ մեր կատարած թելեթոնը յաջողութեամբ պսակուի, նաեւ շնորհակալ ենք Աւստրալահայ գաղութի զաւակներուն որոնք ընդառաջելով մեր կոչին այսօր նուիրեցին $10-էն մինչեւ $10,000, յանուն մեր Արցախի անվտանգութեան եւ բարօրութեան: Կեցցէ' Աւստրալահայ Գաղութը: Կեցցէ' Ազատ Արցախը>>:

Կ'ուզենք յիշել որ անոնք որոնք կը փափաքին իրենց նուիրատուութիւնները կատարել <<ԼՂՀ անկախութեան, անվտանգութեան եւ խաղաղութեան>> ֆոնտին կրնան իրենց նիւթական փոխանցումները կատարեալ ելեկտրոնային միջոցաւ հետեւեալ դրամանտանային յատուկ հաշուեհամարին.

ARS Artsakh Fund
Commonwealth Bank of Australia
BSB: 062-295
Account Number: 10430743


Դիտելու համար թելեթոնի համար պատրաստուած յատուկ տեսանիւթը այցելեցէք:


Դիտելու համար թելեթոնի տեսաերիզները Արմենիա Մետիայի Ֆէյսպուքի էջէն այցելեցէք:

Դիտելու համար թելեթոնի նկարները այցելեցէք:

 


comments

Advertisement