Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Շաբթուայ ընթացքին հանգանակուեցաւ 47000 Տոլար

By armenia.com.au | Sunday, 25 September 2016



19-էն 23 Սեպտեմբերի շաբաթը Աւստրալիոյ գաղութին մէջ յայտարարուած էր ՍուրիահայութեանՕժանդակութեան Շաբաթ որու ընթացքին Սուրիահայութեան օժանդակութեան աշխատանքներուն համար հանգանակուեցաւ աւելի քան $47,000 տոլար որ յայտարարուեցաւ Ուրբաթ 23 Սեպտեմբերին տեղի ունեցած խրախճանքի ընթացքին: 

Ընդառաջելով Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Շաբթուայ կազմակերպիչ մարմիններու՝ ՀայՅեղափոխական ԴաշնակցութեանՀայ Օգնութեան ՄիութեանՀայ Մարմնակրթական ԸնդհանուրՄիութեանՀամազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային ՄիութեանՀՅԴ ԱւստրալիոյԵրիտասարդական ՄիութեանԱւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբին եւ Արմենիա Մետիա Մամլոյ եւՏեղեկատուական Ընկերակցութեան կոչին Աւստրալահայ գաղութը իր աշխոյժ մասնակցութիւնը բերաւզօրակցութեան շաբթուայ ընթացքին:

Սուրիոյ պատերազմը թեւակոխեց իր հինգերորդ տարին որուն ընթացքին Սուրիոյ բոլոր շրջաններըանոնց մէջ ըլլալով հայահոծ Հալէպ քաղաքը ենթարկուեցաւ եւ մինչեւ օրս կը շարունակէ ենթարկուիլահաբեկչական կազմակերպութիւններու հրթիռներուն որոնց պատճառով բազմաթիւ հայորդիներնահատակուեցան եւ վիրաւորուեցան իսկ ազգային հաստատութիւններն ու ժողովուրդիբնակարանները քար ու քանդ եղան:

Օժանդակութեան շաբթուայ նպատակն էր հարկ եղած նիւթական օժանդակութիւնը տրամադրելՍուրիահայ մեր ազգակիցներուն ապահովելու համար անոնց առօրեայ պէտքերը ինչպէս ջուր,ելեկտրականութիւն, սնունդ եւ դեղորայք:




Ուրբաթ 23 Սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ խրախճանք մը որուն ներկայ էին աւելի քան 200 հայորդիներ:Խրախճանքի ընթացքին կամաւորաբար իրենց մասնակցութիւնը բերին գաղութիս սիրուած երգիչներն ու երաժիշտները: Խրախճանքը կը կազմակերպէր ՀՅԴ Դրօ Կոմիտէի եւ անոր ուղեկից միութիւններուջանքերով կազմուած Միջին Արեւելքէն Ներգաղթողներու Օժանդակութեան Յանձնախումբը: Բացմանխօսքի ընթացքին յանձնախումբի ատենապետ Պօղոս Պալիօզեան ըսաւ <<Երախտապարտ ենք ՀՅԴԴրօ Կոմիտէին եւ անոր ուղեկից միութիւններուն որոնց ջանքերով երկրորդ անգամ ըլլալով կըկազմակերպուի Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Շաբաթը Աւստրալիոյ մէջ որուն միջոցաւԱւստրալհայութիւնը առիթը կ'ունենայ օժանդակելու Սուրիոյ մէջ ծայր առած դժնդակ պատերազմիպայմաններուն մէջ գոյատեւող իրենց ազգակիցներուն: Կ'ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել նաեւԱւստրալահայ գաղութին եւ բարձր գնահատել անոնց աշխոյժ մասնակցութիւնը սոյննախաձեռնութեան>>:





ՀՅԴ Աւստրալիոյ Դրօ Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկեր Հայկ Գայսէրեան իր խօսքը փոխանցեցներկաներուն ըսելով <<Սուրիոյ մէջ մեր գաղութը եղած է հայակերտման հիմնական կեդրոններէն մէկըորուն պտուղներէն օգտուած է ամբողջ սփիւռքի գաղութները անոնց մէջ ըլլալով նաեւ մեր գաղութը>>:

<<Մեր ազգակիցները Սուրիոյ մէջ պատրաստ են պայքարելու եւ վերակառուցելու իրենց գաղութը իսկմեր պարտականութիւնն է մեր կարելիէն աւելին ընել վառ պահելու համար մարդակերտման եւհայակերտման այս օճախը: Հպարտ եմ որ Աւստրալահայ գաղութը ընդառաջեց մեր կոչին եւմասնակցեցաւ օժանդակութեան շաբթուայ աշխատանքներուն: Բարձր կը գնահատեմ ուղեկիցմիութիւններու աշխատանքը եւ յատկապէս Միջին Արեւելքէն Ներգաղթողներու ՕժանդակութեանՅանձնախումբի աշխատանքը>> աւելցուց Գայսէրեան:




Խրախճանքի ընթացքին ՀՅԴ Սուրիոյ շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկեր ԿարօԵուզպաշեան Skype-ի միջոցաւ իր խօսքը փոխանցեց ներկաներուն ըսելով <<Հինգ տարիներ է,Սուրիահայութիւնը մեծ տագնապ մըն է որ կը դիմագրաւէ իսկ դժբախտաբար Հալէպահայութեանվիճակուած է ծանրագոյնը։ Այսուհանդերձ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը իր բոլոր կառոյցներով՝ Երիտասարդական, Պատանեկան և Ուղեկից Միութիւններով կը շարունակէկազմակերպուածօրէն գործել՝ հոսանքն ի վէր դիավարելով։ Բերիոյ թեմը իր Ազգային Վարչութեամբ,խորհուրդներով եւ սրբազան հօր գլխաւորութեամբ վառ կը պահեն ազգային կեանքը։ Կը գործէ նաևմեր Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանը, նախակրթարանը, մանկապարտէզը և շուրջ 800 աշակերտներանվճար կը յաճախեն վարժարան շարունակելով իրենց կրթական կեանքը։ Պատնէշի վրայ են օրական24 ժամ տեւողութեամբ մօտաւորապէս 300 նուիրեալներ, մեծամասնութեամբ ընկերներ,հերթականութեամբ կը տանին իրենց նուիրական սուրբ գործը։ Անոնք կեանքի գնով, ճիգ չեն խնայերերաշխաւորելու հայկական թաղամասերու մեր ժողովուրդի ֆիզիքական գոյութիւնը և ազգայինկուսակցական կալուածներու ապահովումը։ Սուրիահայ գաղութը ի գին ամէն դժուարութեանց որոշածէ գոյատեւել աննկուն կամքով, յույսով և լաւատեսութեամբ։>>




<< Շնորհակալութիւն Աւստրալահայ գաղութին, կազմակերպիչ կոմիտէութեան և բոլորյանձնախումբերուն, այս ձեռնառկի յաջողութեան, բայց յատկապէս ձեզի, որ ձեր ներկայութեամբ եւմասնակցութեամբ կանքնած էք մեր կողքին, թեթեւցնելով մեր տագնապը։ Վարձքերնիդ կատար։ Մենքհպարտ ենք ձեզմով>> աւելցուց ան:





comments

Advertisement