Հայաստանի եւ Արցախի Անկախութեան 25 Ամեակի Տօնակատարութիւն

By armenia.com.au | Wednesday, 28 September 2016

Հովանաւորութեամբ Գերաշնորհ Տէր Հայկազուն Եպիսկոպոս Նաճարեանի, Առաջնորդ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի Հայոց Թեմին, Կիրակի 18 Սեպտեմբեր 2016ի երեկոյեան ժամը 6ին, Րայտի Սիվիք Սէնթըրի հանդիսասրահին մէջ տօնուեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի անկախութեանց 25 ամեակը, ներկայութեամբ աւելի քան 600 մասնակիցներու:

Ձեռնարկը կազմակերպուած էր յատուկ յանձնախումբի մը կողմէ որ կեանքի կոչուած էր 1 Օգոստոսին եւ որ կը բաղկանար Հայաստանեայց Առաքելական, Հայ Կաթողիկէ եւ Աւետարանական եկեղեցիներու, ՍԴՀԿ, ՀՅԴ, ՌԱԿ կուսակցութիւններու, ՀԲԸՄի եւ Համազգայինի ներկայացուցիչներէն: Հանդիսութեան ներկայ էին երեք յարանուանութեանց  հոգեւոր հայրերը, Հոգշ. Հայր Վահան Ծ.Վ Օհանեան, Վանահայր Մխիթարեան Միաբանութեան Ս. Ղազար Մայրավանքին, Նախարարուհի Օրդ. Գլատիս Պէրէճիքլեան, Րայտ քաղաքապետութեան հայազգի ներկայացուցիչները, հայկական հոգեւոր, քաղաքական, մշակութային, բարեսիրական, լրատուական, կրթական, ընկերային կազմակերպութիւնները, ինչպէս նաեւ ԼՂՀեան Աւստրալիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Պրն Քայլար Միքայէլեանը::

ՀՄԸՄի սկաուտական կազմը, Աւստրալիոյ, Հայաստանի, Արցախի դրօշներու եւ թմբուկներու առաջնորդութեամբ, յաղթական մուտք գործեցին սրահ, որպէս խորհրդանիշ Հայկական յաղթական բանակներուն, ապա Սրբազան Հօր ներկայացուցիչ Հոգեշնորհ Տէր Ներսէս Աբեղայ Յարութիւնեան կատարեց բացման աղօթքը: Գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը գործի դրուած էր, որուն մասնակցեցան Սիտնիի չորս պարախումբերը՝ Նոր Սերունդ (Սասնայ Պար), Թամզարա (Սասնայ Սարով), Համազգային Նայիրի (Շարան) եւ Սիտնի Պարի Անսամբլ (Տօնական Հայաստան): Լիլա Թարաքճեան, Թամար Աղաճանեան եւ Ռուբէն Մինասեան յաջորդաբար երգեցին Աւստրալիոյ, Հայաստանի եւ ԼՂի Հանրապետութեանց քայլերգները: Մօսիկ Ինճէճիքեան կատարեց բացման խօսքը, որուն աւարտին ան ըսաւ թէ պիտի չազդուինք Հայաստանի ապագային մասին յոռետես կեցուածք ունեցողներէն այլ պիտի աշխատինք յօգուտ անոր բարգաւաճման մինչեւ << Հայոց երեք հսկաները՝ Նեմրութը, Մասիսն ու Սիփանը իրարու ձայն տան ու ողջունեն Ազատ, Անկախ ու Միացեալ Հայաստանը>> : Քանոնի վրայ Տիկին Լուսիկ Թովմասեան նուագեց Խաչատուր Աւետիսեանի << Երգ Առանց Խօսքի>> ն: Ներկայացուեցաւ տեսաերիզ մը <<Ուժի իրաւունքը>> խորագրով: Ասմունքի վարպետ Մանուկ Կոտոյեան լաւագոյնս մեկնաբանեց Սիլվա Կապուտիկեանի <<Հաւատում եմ քեզ Հայ ժողովուրդ>>ը: <<Ախպերս ու ես>>ը իրենց առինքնող ձայնով զուգերգեցին Մարիա Ղարամանեան եւ Ռիթա Էմիրխանեան, կիթարի ընկերակցութեամբ Վահիկ Մաթէոսեանի եւ թաւ ջութակի՝ Շահան Սողոմոնեանի: Պաստառասփռուեցաւ Սփիւռքի նախարարուհի Հրանուշ Յակոբեանի յատուկ շնորհաւորական պատգամը, որ  յաւելեալ հայրենանասիրութիւն ջրդեղեց ներկաներուն: Օրուան բանախօս Քայլար Միքայէլեան փոխանցեց իր սրտի խօսքը Հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով: Ան անդրադարձաւ անկախութեանց պատմութեան եւ հրամայական նկատեց սփիւռքեան միասնական զօրակցութիւնը մեր երկու հանրապետութիւններուն: Նշան Պասմաճեան կարդաց յանձնախումբի կողմէ շնորհակալական խօսք ուղղուած տօնակատարութեան յաջողութեան համար աշխատած անձանց:

Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ Հայեր Միացէք երգով, որուն յոտնկայս մասնակցեցան բեմի վրայ՝ յայտագրին մասնակիցներն ու սկաուտական կազմի անդամները իսկ սրահին մէջ՝ 600 հանդիսականները:

Ազգային միասնականութիւնը յաղթանակեց 25ամեակի այս տօնակատարութեամբ: Թող այս ջերմութեամբ վարակուինք բոլորս ի փառս մեր զոյգ հանրապետութեանց:


comments

Advertisement