Հայ Ուսուցիչի Տօնի Նշում Սիտնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Մէջ

By armenia.com.au | Tuesday, 11 October 2016



Թարգմանչաց Տօնին առթիւ աւանդութիւն դարձած է Ուսուցիչներու Օրը տօնակատարել Սիտնիի Սուրբ Յարութիւն Եկեղեցւոյ մէջ:

9 Հոկտեմբերի առաւօտեան, Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ Գերաշնորհ Տէր Հայկազուն Եպիսկոպոս Նաճարեանի հրաւէրով, աւելի քան 70 Հայ ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ ներկայ գտնուեցան Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, զոր մատուցեց Սրբազան Հայրը: Ուսուցիչները հաղորդուեցան, օրհնութիւնը ստացան Սրբազան Հօր եւ լսեցին անոր ազգաշունչ պատգամը:

Յաւարտ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, ուսուցիչները հրաւիրուեցան Էտկարեան Սրահ եւ համադամ ճաշերով հիւրասիրուեցան Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Տիկնանց Յանձնախումբին կողմէ: Սրբազան Հօր կողքին հանդիսութեան ներկայ էին Արժանապատիւք Տէր Նորայր Աւագ Քահանայ Բաթանեանը, Տէր Պարթեւ Քահանայ Գարագաշեանը, Տէր Աւետիս Քահանայ Համբարձումեանը, Թեմական Խորհուրդի ատենապետ Պրն Սարգիս Տէր Պետրոսեանը, Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի Ատենապետ Պրն Պետրոս Զօրլուն եւ Ծխականի անդամներ՝ Տիարք Արա Գօփուշեանն ու Անդրանիկ Կիւլիւմեանը:


Արժ Տէր Աւետիս Քահանայ Համբարձումեանի հանդիսավարութեամբ ի գործ դրուեցաւ յայտագիր մը, որու ընթացքին կարդացուեցաւ Սփիւռքի Նախարարուհի Տիկին Հրանոյշ Յակոբեանի պատգամը ուղղուած Հայ ուսուցչին: Խօսք առաւ Համազգային Գօլստըն Ճեմարանի մանկավարժուհի եւ բարձրագոյն կարգերու Հայերէն լեզուի ուսուցչուհի Տիկին Արփի Դաւիթեան, որ ներկայացուց <<Հայ Մանկավարժութիւնը 19րդ Դարէն մինչեւ Մեծ Եղեռն>> նիւթը: Տիկին Դաւիթեան ծանրացաւ Արեւմտահայ հատուածին վրայ, մանրամասնօրէն վերլուծեց Զարթօնքի, Իրապաշտ եւ Գեղապաշտ շրջաններուն Հայ գրականութեան, լեզուի եւ կրթական համակարգի հոլովոյթը, տուաւ ամբողջական պատկերը քաղաքական եւ ընկերային իրավիճակներուն եւ անոնց ազդեցութիւնը Հայ մշակոյթի զարգացման վրայ: Ներկանյ ուսուցիչները՝  Համազգային Գօլստըն Ճեմարանէն, ՀԲԸՄ Ալեքսանտր Վարժարանէն, Համազգային Թումանեան, Թարգմանչաց , Փափազեան, ՀԲԸՄ Ալեք Մանուկեան եւ Հայ Կաթողիկէ <<Լոյս>> շաբաթօրեայ վարժարաններէն, ինչպէս նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Վարժարանէն ու ՀՕՄի <<Ուրախ Մանուկներ>> Մանկապարտէզէն, մեծ գնահատանքով արտայայտուեցան Տիկին Դաւիթեանի ներկայացուցած զեկոյցին մասին: Սրտի խօսք արտասանեցին Ալեքսանտր Վարժարանի Տնօրէն Պրն Մանուկ Տէմիրճեան եւ Թումանեան Վարժարանի ուսուցչուհի՝ Տիկ Զարինէ Խորէնեան:

Նախ քան փակման աղօթքը Սրբազան Հայրը դրուատանքով արտայայտուեցաւ Սիտնիի Հայ ուսուցիչներուն տարած կարեւոր աշխատանքին, շնորհաւորեց Տիկին Դաւիթեանը իր շահեկան դասախօսութեան համար եւ յաջողութիւն մաղթեց բոլորին, ի տեսութիւն 2017ի Հոկտեմբերին :


Դիւան Առաջնորդարանի

Սիտնի, 9 Հոկտեմբեր 2016

comments

Advertisement