Շնորհահանդէս Սասուն Գրիգորեանի Smart Nation A Blueprint for Modern Armenia գիրքին

By armenia.com.au | Sunday, 16 October 2016


Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Գերաշնորհ Տէր Հայկազուն Եպս Նաճարեանի, բարեջան Առաջնորդ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի Հայոց թեմին, կազմակերպութեամբ Աւստրալիոյ Համազգայինի Գրական-Գեղարուեստական Յանձնախումբին եւ ներկայութեամբ հարիւրեակ մը Հայ եւ ոչ Հայ հանդիսականներու, 27 Սեպտեմբեր 2016ի երեկոյեան  Ուիլուպիի Հայ Մշակութային Կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ շնորհահանդէսը Սասուն Գրիգորեանի Smart Nation A Blueprint for Modern Armenia, տպագրուած Լոնտոն Կոմիտաս Ինսթիթութի կողմէ: Փորձառու հանդիսավար Տիկին Նորա Պաստաճեան, կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով  անգլերէնով եւ հայերէնով ողջունեց  ներկաները եւ նախ քան  Դոկտ. Ստեփան Գրգեաշարեանը բեմ հրաւիրելը հակիրճ բառերով բացատրեց թէ ինչքան անհրաժեշտ է մեր Հայրենիքին համար Սասուն Գրիգորեանի կատարած այս ուսումնասիրութիւնը:

Գիրքը ներկայացուց Դոկտ. Ստեփան Գրգեաշարեան: Հայ ազգի ուշիմութեան առնչութեամբ իր նախաբանին մէջ Գրգեաշարեան մէջբերեց վկայութիւններ Հեռոդոտոսէն , Չարլս Կուտրիչէն : Ան տուաւ փաստացի օրինակներ Հայ գիտնականներու կարեւոր գիւտերուն մասին, որոնք ի սպաս դրուած են մարդկութեան:  17րդ դարու Շահ Աբբասի հարիւր հազարաւոր Հայերու մասսայական տեղահանումը եւ վերաբնակեցումը Պարսկաստան այլ փաստ էր Հայ ազգի ուշիմութեան եւ աշխատասիրութեան:

<< Հայ ծագում ունեցող միջին անհատը չէ միայն որ ուշիմ է այլ  հաւաքական ուշիմութիւնը առկայ է այս ազգին մէջ: Հակառակ այն իրողութեան որ Աւստրալիան ամենէն հեռաւոր երկիրն է Հայաստանէն սակայն Աւստրալահայ երիտասարդ մը, հզօր տեսլականով,  այդ ուշիմ ազգէն՝ ուշիմ ազգին կը ներկայացնէ խաժատիպ մը (blueprint) բարգաւաճելու համար արդի աշխարհին մէջ>> ըսաւ Դոկտ. Գրգեաշարեան: Իր խօսքը շարունակելով՝ <<Մարդկութեան բարելաւման ի նպաստ խորունկ հասկացողութիւն եւ յանձնառութիւն ունի Սասուն Գրիգորեան: Ան լաւ կը ճանչնայ Հայաստանը, անոր պատմութիւնն ու մշակոյթը ինչպէս նաեւ անոր բարգաւաճելու կարողականութիւնը:Սասուն քաջ գիտէ Հայու առաջնորդողի յատկութիւնները: Հայը պիտի շարունակէ  իր մասնակցութիւնը բերել մարդկութիւնը յուզող հարցերու լուծման ի նպաստ , բան մը, որ  Հայաստանն ու Հայը կատարած են հազարամեակներ շարունակ:  Այս գիրքին մէջ կայ   մտքերու յստակութիւն, համակարգուած մօտեցում ստանձնելի պատասխանատուութիւններու, նաեւ համակարգուած մօտեցում  աշխատակցութեան՝ Հայրենի կառավարութեան եւ Հայրենիք ու Սփիւռք ապրող ու գործող հայութեան քաղաքական ու ընկերային կազմակերպութեանց միջեւ: Ոչ մէկ բառ յում պէտս գործածուած է այս գիրքին մէջ>> :

Ապա Դոկտ Գրգեաշարեան մէկ առ մէկ ներկայացուց միտք բանին գիրքին իւրաքանչիւր գլուխին:

Այս 140 էջնոց գիրքը կ'ուսումնասիրէ Հայաստանի այժմու դիմագրաւած մարտահրաւէները թէքնոլոճիի, արտաքին քաղաքականութեան,մշակոյթի, կառավարման, փտածութեան (քորուփցիա), շրջանային զարգացման, Սփիւռքի եւ լեռնային Ղարաբաղի մարզերէն ներս եւ կը թելադրէ գործնական լուծումներ, զորս պէտք է նկատի առնուին Հայաստանի եւ Արցախի պետութեանց եւ Սփիւռքեան կազմակերպութիւններուն կողմէ:

Իր խօսքի աւարտին Դոկտ. Գրգեաշարեան եզրակացուց << Սասուն Գրիգորեան մեծ ծառայութիւն կատարած է Հայաստանի, Հայ ժողովուրդին բայց յատկապէս անոնց, որոնք յանձնառութիւն առած են զարգացնելու խաղաղ եւ յառաջադէմ աշխարհ մը: Այս գիրքը խաժատիպ մըն է ոչ միայն Հայ ղեկավարութեան այլ նաեւ ոչ Հայ գործարարներու եւ քաղաքական ղեկավարներու>>:

Խօսք առնելով, գիրքին հեղինակը յայտնեց թէ իր մօտեցումը Հայաստանի վերաբերող հարցերուն եղած է գիտական, գործնական եւ փրոֆէսիոնալ: Յայտնենք որ Սասուն Գրիգորեան աշխատած է որպէս խորհրդատու Նիւ Սաութ Ուէյլսի նահանգի նահանգապետի մը, եւ բազում միջազգային ընկերութիւններու: <<Եթէ ուրիշին կրնայի իմ խորհուրդներս տալ ինչո՞ւ պիտի չկարենայի զանոնք յատկացնել Հայրենիքիս>> : Խօսելով իր սերունդին ունեցած պատասխանատուութեանց մասին Սասուն Գրիգորեան ըսաւ . << Իմ ակնոցով, իմ սերունդս Հայրենիքի մէջ թէ Սփիւռքի պէտք է զօրաւոր տնտեսութիւն մը ժառանգ թողու Հայրենիք ապրող յաջորդ սերունդին: Վերջերս ԱՄՆի փոխ նախագահ Ճօ Պայտըն Աւստրալիոյ մէջ իր ելոյթներէն մէկուն ընթացքին յայտարարեց թէ յաջողութեան հասնելու համար հրամայական է ունենալ բարձր որակի, յաջողակ աշխատուժ: Հայաստանը ունի այդ: Ուշիմ ազգ է – Smart Nation, որովհետեւ աշխարհի բարձրագոյն գրագիտութիւն ունեցող երկիրներէն մին է Հայաստանը, ճատրակի մէջ աշխարհի ամենէն որակեալ  երկիրներէն մին է. բազմաթիւ գիւտեր ինչպէս ՄԻԿ կռիւի օդանաւերը, CT Scannerը, ATMը կապուած են Հայ գիտնականներու անուններուն: Խօսելով Իսրայէլի եւ Էսթոնիոյ նման երկիրներու կատարած հսկայ յառաջընթացին, յատկապէս թէքնոլոճիի աշխարհին մէջ, Սասուն Գրիգորեան ըսաւ << Այս փոքր երկիրները, նման Հայաստանի, բնական հարստութիւններէ զուրկ երկիրներ են, անոնք կը յենին իրենց ամենէն կարեւոր ունեցուածքին վրայ, որն է իրենց մարդուժը: Իմ գիրքս յանձնարարութիւններ կը կատարէ զանազան բնագաւառներու մէջ յատկապէս թէքնոլոճիի, արտաքին քաղաքականութեան(բանակցութիւն, լծակներ, նուազ կախեալ ըլլալ Ռուսաստանէն եւլն), մշակոյթ, յատկապէս իգական սեռի իրաւունքներ, ինչպէ՞ս դէմ դնել փտածութեան եւ ինչպէ՞ս կառավարել, տնտեսական բարգաւաճում Հայաստանի շրջաններու եւ մարզերու մէջ, Սփիւռք, Ղարաբաղ եւայլն:

Ապա Սասուն Գրիգորեան խօսեցաւ կարգ մը հիմնական հարցերու մասին որոնցմէ կը յիշենք

Ա) Հայաստանի թէքնոլոճին, որ աճած է 25 առ հարիւր համեմատութեամբ 2014 էն օրս, եկամուտ կ'ապահովէ 475 միլիոն ամ Տոլար: Սասուն կը թելադրէ հետեւիլ Սինկափուրի օրինակին, Վարչապետի նախագահութեան ներքեւ կազմել հետազօտութեան կեդրոն, որուն մէջ պէտք է ներառել միջազգային ճանաչում վայելող  թէքնոլոճիի մարզին մէջ յաջողած Հայ եւ ոչ Հայ գործարար անձեր:

Բ) Soft Power (ՍՓ):

ՍՓ կը նշանակէ կարողութիւն ձեւաւորելու դիմացինին առաջնահերթութիւնները զայն տպաւորելով եւ անոր վրայ ազտեցութիւն ունենալով: Ասոնց գործօն ազդակներն են մշակոյթը, քաղաքական արժէքները, արտաքին քաղաքականութիւնը եւ վստահութիւն շահիլը: Հայաստանը ունի  Սփիւռք եւ գիտուն ու գիտակից երիտասարդութիւն: Ասոնք կարեւոր ազդակներ են ՍՓի բնագաւառին մէջ: Պէտք է կարենալ օգտագործել Ընկերային մետիան (Դիմատետր եւայլն), որ կ'արտօնէ քիչ ժամանակի մէջ միջազգային կապերու հաստատումը: Բնական է որ նախ քան համացանցի ստեղծումը կարելի չէր այսպիսի կարելիութեանց մասին մտածել իսկ: ՍՓը այսօրուան նոր ուժն է, զոր Հայաստանի արտգործ նախարարութիւնը պէտք է կարենայ լաւագոյնս օգտագործել:

Սասուն եզրափակեց ըսելով. << Հայաստանի ժողովրդավարութիւնը նոր է իսկ իր ժառանգութիւնը՝ հին: Հայաստան միշտ կարողացած է գոյատեւել, այժմ ժամանակն է բարգաւաճելու>>:

Բազմաթիւ հարցումներ հարցուեցան , որոնց գոհացուցիչ պատասխաններ տուաւ  գիրքին հեղինակը:

Գնահատելի նախաձեռնութիւն մըն էր Համազգայինի Գրական Գեղարուեստական Յանձնախումբին կողմէ:


<<Համազգային>>ը իր առաքելութեան մէջ:

Նշան Պասմաճեան



comments

Advertisement