ՀՅԴ Աւստրալիոյ 44րդ Ներկայացուցչական Ժողովը Կ՛ընտրէ Կեդրոնական Կոմիտէի Նոր Կազմ

By armenia.com.au | Monday, 05 December 2016


Սիտնի -
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ շրջանի 44րդ ներկայացուցչական ժողովը տեղի ունեցաւ 1էն 4 Դեկտեմբեր 2016-ին,մասնակցութեամբ 40 ներկայացուցիչներու եւ հիւրերու։

Ժողովին ներկայ էր նաեւ Հ.Յ.Դ Բիւրոյէն, Ընկեր Արմէն Ռուստամեանը:

Ժողովը հանգամանօրէն քննելէ ետք 2015 - 2016 երկամեակին տարուած աշխատանքները, մշակեց կազմակերպութեան 2017 - 2018 երկամեակի ծրագիրը։

Ժողովի աւարտին ընտրուեցաւ 7 հոգինոց կեդրոնական կոմիտէ բաղկացած հետեւեալ անդամներէն՝

Հայկ Գայսէրեան (Ներկայացուցիչ)
Գէորգ Վարդանեան (Քարտուղար)
Կարպիս Սարեան (Գանձապահ)
Արա Մկրտիչեան
Կարօ Քէշիշեան
Ալին Պալիօզեան - Համամճեան
Գէորգ Գաճաքաճեան

- ՀՅԴ Աւստրալիոյ Շրջանի 44րդ Ներկայացուցչական Ժողով

comments

Advertisement