Գերաշնորհ Տէր Հայկազուն Եպս Նաճարեանի Ս. Ծննդեան Պատգամը

By armenia.com.au | Thursday, 05 January 2017

Ստորեւ կը ներկայացնենք Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ Գերաշնորհ Տէր Հայկազուն Եպս Նաճարեանի Ս. Ծննդեան Պատգամը

<<Խաղաղութիւն զիմ տամ ձեզ, ոչ որպէս աշխարհս   տայ՝ տամ ես ձեզ>> (Յովհ. 14:27):

Յիսուս, Խաղաղութեան Իշխանը իր ծնունդով, սիրոյ եւ եղբայրութեան պատգամը բերաւ աշխարհին:

 

Արարատէն ծագող ծիածանը կ՛ազդարարէր մարդկային այս սերունդին նոր կեանք, նոր սկիզբ: Աստուած մարդուն, Նոյի հաւատքին եւ հաւատարմութեան պատճառաւ,  առիթ մը եւս կու տար մարդկութեան:

 

Մարդը բազմիցս իր ազատ կամքով գայթակղեցաւ եւ ինկաւ չարի որոգայթին մէջ, սակայն Աստուած որպէս բարեգութ Հայր ներեց անոր եւ Քրիստոսով փրկութեան եւ դարձի վերջին հնարաւորութիւնը տուաւ անոր: Այսօր սակայն աշխարհը թաւագլոր կ'երթայ դէպի անդունդ:

 

Մենք, որպէս Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ զաւակներ, ոչ միայն պէտք է հպարտանանք  Թադէոս եւ Բարոթողիմէոս մեր առաջին Առաքեալներով, կամ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչով որպէս Առաջին Քրիստոնեայ երկիր, այլ այդ հաւատքին արժանի կեանք եւ աշխատանք ցոյց պէտք է տանք. որպէս ճշմարիտ հետեւորդները  մեր նախնեաց՝ աղը դառնանք այս անհամացող մարդկութեան. որպէս այսօրուա՛ն առաքեալներ եւ լոյսի զաւակներ, փրկութեան յոյսով տոգորենք մեր ժողովուրդը եւ համայն մարդկութիւնը:

 

Այսօր եւս Բեթղեհեմէն ծագող խաղաղութեան եւ սիրոյ լոյսը թող տարածուի աշխարհի մէջ  եւ ճառագայթէ եղբայրութեան եւ համերաշխութեան գաղափարները ողջ մարդկութեան հոգիներէն ներս:

 

Խաղաղութիւն Մեր համայնքի բոլոր ընտանիքներուն եւ անհատներուն,

Խաղաղութիւն Միջին Արեւելքին,

Խաղաղութիւն մեր Հայրենիքին՝ մեր գոյութեան, տեսիլքներուն միակ կռուանին,

Խաղաղութիւն ողջ Աշխարհին:

 

<<Մեծ ուրախութեան աւետիսը մը կուտամ ձեզի, որովհետեւ այսօր, Դաւթի քաղաքին մէջ, Փրկիչ մը ծնաւ ձեզի, որ Օծեալ Տէրն է>> (Ղուկ: 2:10-11)

 

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ,  ՁԵԶԻ ՄԵԶԻ ՄԵԾ ԱՒԵՏԻՍ

Օրհնութեամբ՝

Հայկազուն Եպիսկոպոս Նաճարեան

 


comments

Advertisement