Լռելեայն Ցոյց Աւստրալիոյ Մէջ Պիելոռուսիոյ Դեսպանատան Դիմաց

By armenia.com.au | Friday, 27 January 2017



Քանպէրա.- Կ
ազմակերպութեամբ ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան, Ուրբաթ 27 Յունուար, 2017-ին, Աւստրալիոյ մայրաքաղաք Քանպէրայի մէջ Պիելառուսիոյ դեսպանատան դիմաց աւելի քան 20 երիտասարդներ լռելեայն ցոյց մը կազմակերպեցին զօրակցութիւն յայտնելու Պիելոռուսիոյ մէջ անարդարօրէն ձերբակալուած Ռուսիոյ եւ Իսրայէլի քաղաքացի, պլոկըր Ալեքսանտր Լափշինի։


15 Դեկտեմբեր, 2016-ին, Պիելառուսիոյ մայրաքաղաք Մինսկի ոստիկանութիւնը, Ազրպէյճանի կառավարութեան պահանջքին հիման վրայ,  ձերբակալած էր Լափշինը:

Լափշին 2011-ի Ապրիլին այցելած էր Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն, որմէ ետք յայտնուած է Ազրպէյճանի <<սեւ ցուցակին>> մէջ: Ան Լեռնային Ղարաբաղ այցելած է նաեւ 2012-ի Հոկտեմբերին ու 2016-ի Յունիսին: Ան նաեւ այցելած է Պաքու ուքրականակն անցագրով: Լափշինը իր պլոկին մէջ հրապարակումներ կատարած է Ազրպէյճանի մասին՝ ներկայացնելով այն խնդիրները որոնց ինք հանդիպած էր այցելութեան ժամանակ եւ քննադատած այդ քաղաքականութիւնը:

Ազրպէյճանի դատախազութիւնը զինք մեղադրած է Լեռնային Ղարաբաղ այցելելու, ինչպէս նաեւ իր պլոկին մէջ Ազրպէյճանի քաղաքականութիւնը քննադատելու յանցանքով:

20 Յունուար, 2017-ին, Պիելոռուսիոյ գլխաւոր դատախազի տեղակալը որոշում կայացուցած է բաւարարելու Ազրպէյճանի գլխաւոր դատախազութեան դիմումը՝ Ալեքսանտր Լափշինը Ազրպէյճանին արտայանձնելու վերաբերեալ:

ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան անդամները, ընկերակցութեամբ Աւստրալահայ Ուսանողական Միութեան եւ Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամներուն, բարձրացուցած էին Պիելառուսիոյ կառավարութեան որոշումը դատապարտող պաստառներ, ինչպէս՝ <<Վերջ Տուէք Բռնատիրութեան>>, <<Յարգենք Ազատ Խօսքի Իրաւունքը>> եւ <<Ազատութիւն Լափշինին>>։

ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան <<Նիկոլ Դուման>> մասնաճիւղի ատենապետ Մեղեդի Զէյդունեան անդրադառնալով լռելեայն ցոյցին ըսաւ - <<Այսօր հաւաքուած ենք այստեղ բարձրացնելու մեր ձայնը ընդդէմ Պիելառուսիոյ կառավարութեան կատարած անարդար քայլին։ Մենք կ’ապրինք 21-րդ դարուն մէջ եւ նման արարքներ անընդունելի են։>>

<<Ազրպէյճանի կառավարութեան պահանջքը պարզապէս դրսեւորումն է Ազրպէյճանի նախագահ Ալիեւի բռնատիրական եւ ազատ խօսքի իրաւունքը ոտնակոխելու քաղաքականութեան>> աւելցուց Զէյդունեան։

ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութենէն Արամ Թիւֆէնքճեան եւ Աւստրալիոյ մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ներկայացուցչութեան գրասենեակէն Ալեքս Կալիցքի ունեցան ելոյթներ որոնց մէջ դատապարտեցին Պիելառուսիոյ կառավարութեան առած քայլերը:



Լափշին, որ  ձերբակալուած է Պիելառուսիոյ մէջ, ազատ արձակման դիմում ներկայացուցած է սակայն հաւանական է որ դիմումը մերժուի ։ Ազրպէճյանի կառավարութիւնը պահանջած է Պիելառուսիոյ կառավարութենէն որ Լափշինը յանձնեն Ազրպէյճանի կառավարութեան եւ այս մէկը ընդունուած է Պիելառուսիոյ կողմէ։

Յիշենք նաեւ որ Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը, ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութիւնն ու Աւստրալահայ Ուսանողական Միութիւնը հանդէս եկան յայտարարութեամբ մը դատապարտելով Պիելառուսիոյ եւ Ազրպէյճանի կառավարութիւններու կատարած անընդունելի արարքները (հետեւէցէք [click here] հոս յայտարարութեան համար

comments

Advertisement