Ոչ Եւս է Վրէժ Մկրտիչեան

By armenia.com.au | Thursday, 23 February 2017


Չորեքշաբթի 22 Փետրուար 2017ին երեկոյեան Աւստրալիոյ մէջ յետ երկարատեւ հիւանդութենէն իր մահկանացուն կնքեց Աւստրալահայ գաղութի հաւատարիմ զաւակներէն ընկեր Վրէժ Մկրտիչեանը:

Արմենիա Մետիա մամլոյ եւ տեղեկատուական ընկերակցութեան խնամակալ կազմն ու խմբագրական անձնակազմը իր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալին հարազատներուն եւ Աւստրալահայ գաղութին:

Հանգուցեալին թաղման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ 24 Փետրուար 2017ին կէսօրէ ետք ժամը 2:00ին Հայ Առաքելական Սուրբ Յարութիւն եկեղեցիէն ներս (10 Macquarie St Chatswood): Թաղման արարողութենէն ետք հոգեսուրճ պիտի մատուցուի Հայ Մշակութային Կեդրոնէն ներս (259 Penshurst St Willoughby):

Այս տխուր առիթով ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէն հրապարակեց հետեւեալ յայտարարութիւնը՝

ԳՈՅԺ



Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէն սրտի խոր կսկիծով կը գուժէ ընկերական կազմի հաւատաւոր ընկերներէն ընկեր Վրէժ Մկրտիչեանի մահը:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ մեծ ընտանիքի անունով կու գանք մեր խորին վշտակցութիւնը յայտնելու ընկեր Վրէժ Մկրտիչեանի ընտանիքին, հարազատներուն, Աւստրալահայ գաղութին եւ բոլոր ընկերներուն:

ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէ
Սիտնի - Աւստրալիա



comments

Advertisement