Հարցազրոյց Վերապատուելի Գրիգոր Եոմուշաքեանի եւ Արման Նարնլիի հետ

By armenia.com.au | Thursday, 09 March 2017


Արմենիա հեռատեսիլը կը ներկայացնէ հարցազրոյց Աւստրալիոյ Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան նախագահ Վերապատուելի Գրիգոր Եոմուշաքեանի եւ Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբի խորհրդատու մարմնի անդամ Արման Նարնլիի հետ:

Հարցազրոյցի ընթացքին Նորա Սեւակեան հիւրերուն հետ կը զրուցէ Հրանդ Տինքի սպանութեան 10րդ տարելիցին նուիրուած միջոցառման մասին որ տեղի պիտի ունենայ Կիրակի 19 Մարտ 2017ին Chatswoodի Concourse սրահէն ներս: Ձեռնարկի հիւր բանախօսն է Հրանդ Տինքի այրի տիկինը Ռաքէլ Տինք:

Յիշենք որ ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ կազմակերպութեամբ Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբին եւ Աւստրալիոյ Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան:





comments

Advertisement