By armenia.com.au | Tuesday, 11 April 2017
Հայոց Ցեղասպանութեան 102րդ տարելիցի ոգեկոչման Աւստրալիոյ կեդրոնական յանձնախումբը յայտարարեց թէ Ցեղասպանութեան 102րդ տարելիցի միջոցառումներու գլխաւոր բանախօսն է իրաւաբան Գէյթ Նահապետեան:
Նահապետեան Գործադիր Տնօրէնն է Արդարութեան եւ Մարդկային Իրաւանց Հայկական Իրաւական Կեդրոնին, որուն նպատակն է իրաւական գետնի վրայ ճիգ չխնայել որ արդար հատուցում տրուի Հայոց Ցեղասպանութեան, իսկ ինքնորոշման իրաւունք՝ Արցախի Հանրապետութեան հայութեան:
Գործով իարաւաբան, Նահապետեան աշխատած է ԱՄՆի Արդարադատութեան Բաժանմունքին մէջ, ապա Ծերակուտական (աւելի ուշ Փոխ Նախագահ) Ճօզէֆ Պայտընի համար, the Carnegie Endowment for International and Mental Disability Rights Internationalի, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի հայ Դատի յանձնախումբին մէջ:
<< Ցեղասպանութեան կապակցութեամբ ,աշխարհաբնակ Հայութեան կիզակէտը փոխուած է ճանաչումէն՝ հատուցում>> յայտարարեց Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Յանձնախումբի անդամ Հրաչ Լուսիկեան: << Օրիորդ Նահապետեան արդարութեան համար պայքարի այս նոր ճակատին առաջին գիծի վրայ մարտնչող անձ մըն է, հետեւաբար յարմար նկատեցինք որ ան իր գաղափարները բաժնէ մեր գաղութի անդամներուն եւ մեր հւրերուն հետ>>:
Այս ուղղութեամբ Նահապետեան պիտի ներկայացնէ իր յատուկ տեսութիւնը Ցեղասպանութեան Ազգային Ոգեկոչման Հանդիսութեան 24 Ապրիլի երեկոյեան Սիտնիի մէջ եւ 23 Ապրիլի երեկոյեան՝ Մելպուրնի մէջ:
Ստորեւ կը ներկայացնենք միջոցառումներու ժամանակացոյցը՝
Կիրակի 23 Ապրիլ 2017
1- Արդարութեան Տողանցք - #MARCHFORJUSTICE
Կէսօրէ ետք ժամը 2:00էն սկսեալ - Hyde Park
2- Ցեղասպանութեան 102 տարելիցի ոգեկոչման երեկոյ - Մելպուրն
Օրուայ բանախօս Գէյթ Նահապէտեան
Երկուշաբթի 24 Ապրիլ 2017
1- Ցեղասպանութեան 102 Ամեակի կեդրոնական ոգեկոչման երեկոյ - Սիտնի
The Concourse սրահէն ներս - Chatswood
CLICK HERE FOR FLYER OR SCROLL ABOVE
Շաբափ 29 Ապրիլ 2017
Ryde-ի մէջ Ցեղասպանութեան 102 ամեակի ոգեկոչման միջոցառում
Meadowbank Memorial, Bank Street, Meadowbank
CLICK HERE FOR INFORMATION
comments
Ոչ եւս է Ընկեր Այւազ Գրիգորեանը
Աւստրալիա Լայվ. Սուրիոյ Հայ Աւետարանական համայնքի համայնքապետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութ Սէլիմեան
Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ 50-րդ Շրջանային Ժողով
Զօրակցութեան յայտարարութիւն Ազատ Արցախի Հանրապետութեան
Շնորհաւոր 132րդ ամեակդ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն
Հայահոծ Րայտ Շրջանի Քաղաքապետարանը 10,000 տոլար կը նուիրէ #TogetherWithSyria հանգանակութեան