Քուէարկենք Հայաստանին

By armenia.com.au | Friday, 12 May 2017



Կիրակի 14 Մայիս 2017-ին վաղ առաւօտեան տեղի պիտի ունենայ Եւրատեսիլի երգի մրցումին եզրափակիչ հանդիսութիւնը: Աւելի քան երկու տասնեակ երկիրներ կը մրցին տիրանալու Եւրատեսիլի տիտղոսին:

Մրցող երկիներուն կողքին են Հայաստանն ու Աւստրալիան:

Եւրատեսիլի մրցումը պիտի ցուցադրուի առաւօտեան ժամը 5:00ին SBS պատկերակայանի միջոցաւ

Տրուած ըլլալով որ Աւստրալիան եւս առիթը ունի քուէարկելու կոչ կ'ուղենք բոլոր հայրենակիցներուն քուէարկել Հայաստանը ներկայացնող Արծուիկին - Fly with me (թիւ 5):



Քուէարկել կրնաք հեռաձայնի եւ նամակի միջոցաւ: Նաեւ կրնաք քուէարկել Եւրատեսիլի յատուկ ծրագրի (App) միջոցաւ:

Յիշեցնենք որ քուէարկելու առիթը պիտի ունենաք վերջին երգը աւարտելէն ետք: Բոլոր երկիրները քուէարկելու համար ունին 15 վայրկեան:

Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար այցելեցէք Եւրաեսիլի քուէարկելու պաշտօնական կայքէջը:

Ներբերլու համար Եւրատեսիլի ծրագիրը IOS տեսակի գործիքներուն համար այցելեցէք հետեւեալ կայքէջը:

Ներբերլու համար Եւրատեսիլի ծրագիրը Android տեսակի գործիքներուն համար այցելեցէք հետեւեալ կայքէջը:

Կ'արժէ յիշել թէ Կիպրոսը ներկայացնող երգիչը Հայ է՝ Յովիկ:

comments

Advertisement