Աստուածաշունչի Առաջին Հայերէն Տպագրութեան 350ամեակի Տօնակատարութիւն Սիտնիի Մէջ

By armenia.com.au | Thursday, 18 May 2017

Համագործակցութեամբ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի Հայոց Թեմի Առաջնորդարանին եւ Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան եւ անոր Գրական Գեղարուեստական Յանձնախումբին, Սիտնիի մէջ, Ապրիլ-Մայիս ամիսներուն նշուեցաւ Աստուածաշունչի առաջին Հայերէն տպագրութեան 350ամեակը: Այս յատուկ առիթով որպէս գլխաւոր բանախօս հրաւիրուած էր Հայաստանի Ազգային Գրադարանի Տնօրէն Դոկտ. Տիգրան Զարգարեանը:

28 Ապրիլին, հովանաւորութեամբ Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Հայկազուն Եպս Նաճարեանի եւ ի ներկայութեան Ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներու եւ հարիւրէ աւելի հայորդուոց, տեղի ունեցաւ առաջին ձեռնարկը Րայտ արուարձանի Արուեստի Վարժարանի սրահին մէջ, հանդիսավարութեամբ Տիկին Լիլիք Կոտոյեանի: Բացման եւ բարի գալուստի խօսք արտասանեց Համազգայինի Շրջանային վարչութեան Ատենապետ Պրն Վիգէն Գալլօղլեան: ՀՀ Սփիւռքի նախարաի խորհրդատու Տիկին Հանրիէթ Անդրիասեան կարդաց նախարարուհի Տիկին Հրանուշ Յակոբեանի շնորհաւորանքի խօսքը: Ի գործ դրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, ասմունք՝ Գօլստըն Ճեմարանի ուսանող Ճորճ Շիշոյեանի կողմէ, շարականներու երգեցողութիւն Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Քառասուն մանկանց Երգչախումբի անդամներու կողմէ (Լիլիթ Մինասեան, Գայանէ, Արգինա եւ Նանոր Մուրատեաններ, Մարինէ եւ Ասպետ Անուշեան, Պօղոս Քէլէշեան) ,ղեկավարութեամբ Վարդան Սրկ. Էլմասեանի: Ալէքս Սահակեանի դասաւորումով նուագուեցան Կոմիտասի ստեղծագործութիւններէն, Քանոն՝ Լուսիկ Թովմասեան,  Թաւ Ջութակ՝ Նաթալի Մինասեան եւ Դաշնամուր՝ Ալէքս Սահակեան:

Իր բանախօսութեան մէջ Դոկտ. Զարգարեան տուաւ ընդհանուր ծանօթութիւն Հայ տպագրութեան մասին եւ մասնաւորեց Աստուածաշունչի տպագրութիւնը որպէս կարեւոր ազգային եւ միջազգային իրադարձութիւն: Ուղղուած բազմաթիւ հարցումներուն դասախօսը տուաւ սպառիչ պատասխաններ եւ բաւարարեց ներկաները:

Փակման Խօսք եւ Աղօթքը կատարեց Գերաշնորհ Սրբազան Հայրը:

Կազմակերպիչներու կողմէ պատրաստուած էր հնատիպ գիրքերու ցուցահանդէս, որը մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեց ներկաներուն մօտ:

Մայիս 3ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ երկրորդ ձեռնարկը Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգի խորհրդարանի սրահներէն մէկուն մէջ հիւրընկալութեամբ նահանգապետուհի Գլատիս Պէրէճիքլեանի: Ներկայ էին Հոլանտայի եւ Ֆրանսայի հիւպատոսները, Հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները եւ աւելի քան վաթսուն ոչ Հայ հիւրեր ՝ բարձրաստիճան կղերականներ, քաղաքական անձեր, իրաւաբաններ եւ Հայ ու Աւստրալական մամուլի պատասխանատուներ: Հանդիսավարն էր Պարոն Վիգէն Գալլօղլեան, որ իր բացման խօսքին մէջ   տուաւ հակիրճ տեղեկութիւն Հայկական տպագրական մշակոյթին մասին: Նահանգապետուհի Գլատիս Պէրէճիքլեան ողջունելէ ետք ներկաները հպարտանքով անդրադարձաւ 350ամեայ Հայ առաջին Աստուածաշունչին կարեւորութեան ապա ներկայացուց  բանախօս Դոկտ Զարգարեանը: Դոկտ Զարգարեան անգլերէն լեզուով իր բանախօսութեան ընթացքին շեշտը դրաւ 5000 օրինակով Ոսկան Երեւանցիի Ամսթերտամի մէջ տպած առաջին Հայերէն Աստուածաշունչի կարեւորութեան վրայ, վեր առաւ րեւանցիի զոհողութիւնը եւ Ամսթերտամի խաղացած կարեւոր դերը  անոր յաջողութեան մէջ:

Եզրափակիչ խօսքերուն մէջ Սրբազան հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց Նահանգապետուհիին եւ ներկաներուն, անոնց տուած կարեւորութեան այս պատմական իրադարձութեան:

Հանդիսութեան աւարտին Սրբազան Հայրն ու Դոկտ. Զարգարեան պատուեցին Նահանգապետուհի Պէրէճիքլեանը <<Յակոբ Մեղապարտ>> շքանշանով եւ Խորհրդարանի գրադարանին նուիրեցին Հրայր Բազէի Խաչքար պատկերազարդ ծաւալուն գիրքը: Կողքի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ցուցահանդէս հնատիպ գիրքերուն եւ հիւրասիրութիւն, որուն ընթացքին ներկաները մօտէն ծանօթացան Ազգային Գրադարանի գործունէութեան ինչպէս նաեւ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ եւ Համազգայինի առաքելութեանց:

Այս առիթով հրատարակուեցաւ գրքոյկ մը Հայերէնով եւ Անգլերէնով, նուիրուած Հայ տպագրութեան ընդհանրապէս եւ Աստուածաշունչի տպագրութեան մասնաւորապէս որ ցրուուեցաւ երկու ձեռնարկներու մասնակից բոլոր ներկաներուն:

Մայիսի 7ին, կազմակերպութեամբ Հայ համալսարանականներու Միութեան տեղի ունեցաւ <<Երիտասարդութիւնը կը հանդիպի Դոկտ Տիգրան Զարգարեանի Հետ>> ձեռնարկը Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ Էտկարեան սրահին մէջ մասնակցութեամբ հայկական երիտասարդական չորս կազմակերպութիւններէ մօտ քառասուն անդամներու, հանդիսավարութեամբ Օրիորդ Թամարա Կոտոյեանի : Դոկտ Զարգարեան անգլերէն լեզուով ներկայացուց իր նիւթը, որուն մասին եղան բազմաթիւ հարցումներ: Քաջալերելի երեւոյթ էր Հայ ուսանող երիտասարդութեան ցուցաբերած հետաքրքրութիւնը Հայկական տպագրութեան արուեստին եւ պատմութեան: Սրբազան հայրը իր գոհունակութիւնը յայտնեց երիտասարդական այս համախմբման համար եւ դրուատեց ներկաներու մասնակցութիւնը այս կարեւոր ձեռնարկին:

Դոկտ. Զարգարեան իր Սիտնի կեցութեան ընթացքին այցելեց Աւստրալիոյ Ազգային Գրադարան, Քանպերա, ինչպէս նաեւ Նիւ Սաութ Ուէյլզի Գրադարան, ուր ծանօթացաւ այնտեղ պահուած հայերէն թէ օտար լեզուներով հրատարակութեանց եւ հրապարակուած թերթերուն: Դոկտ Զարգարեան զոյգ գրադարաններուն մէջ ծանօթացաւ հնատիպ որոշ գիրքերու, որոնց օրինակները  Հայաստանի Ազգային Գրադարանին մէջ չկան: Երեք գրադարանապետները որոշեցին համագործակցիլ եւ զարգացնել գրադարաններու փոխ յարաբերութիւնը:

Դոկտ Զարգարեան նաեւ կարողացաւ Սիտնիի Հայ համայնքի անդամներէն Ազգային Գրադարանին համար ապահովել Աւստրալիա թէ այլուր հրատարակուած գիրքեր ու հրապարակուած մամուլ:  Ան նաեւ այցելեց Հայկական ամէնօրեայ ՀԲԸՄ Ալեքսանտր Վարժարան եւ Համազգային Գօլստըն Ճեմարան ինչպէս նաեւ Թումանեան եւ Ալեք Մանուկեան Շաբաթօրեայ վարժարաններ, ուր տեղի ունեցան հանդիպումներ Տնօրէններուն, ուսուցչական կազմերուն եւ աշակերտութեան հետ: Հիւր բանախօսը մանրամասն բացատրութիւն տուաւ Ազգային Գրադարանի ծաւալած գործունէութեան մասին, ստեղծելով մեծ հետաքրքրութիւն:

Դոկտ Զարգարեան հարցազրոյցներով ելոյթ ունեցաւ Հայ Եկեղեցւոյ Ձայն եւ Արմէնիա Ռատիօկայաններէն:

350ամեակի նուիրուած բոլոր ձեռնարկները յաջողութեամբ պսակուեցան շնորհիւ տիրող համագործակցութեան ոգիին եւ ճշգրիտ կազմակերպութեան:







comments

Advertisement