Աւստրալահայ Ղեկավարութեան կոչը քաջալերելու համար The Promise ֆիլմը

By armenia.com.au | Monday, 05 June 2017

Աւստրալահայ ղեկավարներու յայատարարութիւններով պատրաստուած է տեսաերիզ մը, ուր կոչ կ'ուղղուի բոլորին անխտիր քաջալերելու ներկայ ըլլալ Հայկական Ցեղասպանութեան վիպերգութիւն՝ Խոստումը ֆիլմին, որ շարժապատկերի ասրահներուն մէջ պիտի ցուցադրուի Հինգշաբթի 15 Յունիս 2017էն սկսեալ:



Գաղութիս հոգեւոր, քաղաքական, մշակութային, կրթական, բարեսիրական, մարզական եւ երիտասարդական կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ միացեալ կոչ կ'ուղղեն գաղութի զաւակներուն եւ կ'ընդգծեն կարեւորութիւնը զանգուածային ներկայութեան այս ֆիլմի ցուցադրութեան յատկապէս առաջին շաբաթավերջին ապահովելու համար Խոստումի յաջողութիւնը: Ղեկավարները շեշտը կը դնեն այն իրականութեան վրայ, թէ որքան որ ոչ-Հայեր ներկայ ըլլան այնքան յաջողութիւն գտած կ'ըլլայ ֆիլմը, հետեւաբար աւելի երկար կը ցուցադրուի աւստրալական շարժապատկերներու պաստառներուն վրայ:

 

Խոստումի յանձնախումբը կազմուած էր ամիս մը առաջ (տես այստեղ) Աւստրալահայ կազմակերպութիւններու միացեալ մասնակցութեամբ օժանդակելու համար ֆիլմի ցրուումին եւ մարքէթինկի աշխատանքին:

Հետեւաբար, 40է աւելի շարժապատկերի սրահներ պիտի ցուցադրեն ֆիլմը 15 Յունիսէն սկսեալ (Տես այստեղ), տեղեկացանք որ Սիտնիի մէջ տեղի պիտի ունենայ Կարմիր Գորգի Փրըմիէր, որուն ներկայ պիտի ըլլան քաղաքական եւ այլ  բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ (տես այստեղ) Խոստումի գովազդները կը պատկերասփռուին Աւստրալական կարեւոր հեռատեսիլի կայաններէն:


Մելպուրնի Հայ գաղութը կազմակերպած է երկու ներկայացումներ բացման օրը (տես այստեղ):

 

Տեսէք այստեղ վիտէօ կոչը Աւստրալահայ ղեկավարութեան կատարած Ոււխտին Պահելու Խոստումը:


comments

Advertisement