The Promise ֆիլմի Աւստրալական Կարմիր Գորգ-ի Առաջին Ցուցադրութեան առիթով հիւրերը կոչ կ'ուղղեն տեսնելու զայն 15 Յունիսէն սկսեալ

By armenia.com.au | Wednesday, 14 June 2017

Սիտնի – The Promise ֆիլմին առաջին ցուցադրութիւնը տեղի ունեցաւ Հայտըն Օրֆէումի մէջ 6 Յունիսի երեկոյեան ներկայութեամբ աւելի քան 250 քաղաքական անձնաւորութեանց, լրատուական ընկերութեանց պատասխանատուներու եւ հանդիսատեսներու, որոնք հրաւիրուած էին ներկայ ըլլալու ֆիլմին եւ որ պիտի սկսի ցուցադրուիլ 15 Յունիսէն սկսեալ սինեմաներու սրահներուն մէջ:

Ֆիլմին Աւստրալիոյ ցրուիչ eOne ընկերութեան եւ The Promise Australia Committee (Հայ դատի յանձնախումբ/ Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն/ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւն)ի կողմէ կազմակերպուած Փրըմիէրը ին ներկայ էին Նիւ Սաութ Ուէյլզի(ՆՍՈւ) Նահանգապետուհի Գլատիս Պէրէճիքլեան, ինչպէս նաեւ ՆՍՈւի խորհրդարանի անդամներ Ճոնաթան Օտէյ, Ուօլթ Սէքորտ, Վիքթոր Տոմինէլլօ, Տէյվիտ Քլարք, Հայ եկեղեցւոյ հոգեւոր հայրեր, ռատիոյի եւ հեռատեսիլի յայտնի հաղորդավարներ, որոնց կարգին հանրածանօթ Ճոն Մանկոս եւ Ճորճ Տօնիկեան, որ հանդիսավարն էր եւ յատուկ այս առիթով Մելպուրնէն հրաւիրուած էր Սիտնի: Ներկայ էին նաեւ սինեմաներու տէրեր, Հայ, Յոյն եւ Ասորի համայնքային ղեկավարներ:

Ֆիլմի ցուցադրութենէն առաջ խօսք առին Նահանգապետուհի Պէրէճիքլեան եւ կազմակերպիչ յանձնախումբի ներկայացուցիչը:

Յետ ֆիլմի ցուցադրման Արմէնիա Հեռատեսիլը հարցազրոյց ունեցաւ բաւական մեծ թիւով հանդիսատեսներու հետ, որոնք գովեստով արտայայտուեցան ֆիլմին մասին եւ քաջալերեցին Հայ եւ Աւստրալական համայնքը անպայման տեսնելու ֆիլմը (Տես այստեղ)

The Promise ֆիլմը ժառանգն է մեծ մարդասէր Քըրք Քըրքորեանի: 2016 թուականին պատրաստուած պատմական ժապաւէն մըն է բեմադրութեամբ Թէրրի Ճորճի, խաղարկութեամբ Օսքար Իզաաքի, Շարլօթ Լը Պոնի եւ Քրիսթիան Պէյլի: Սիրոյ զարգացող պատմութիւն մը հայազգի բժշկութիւն ուսանող Միքայէլի( Իզաաք), Փարիզ հաստատուած Ամերիկացի Քրիս անունով լրագրողի մը(Պէյլ) եւ ծագումով Հայ եւ Փարիզ մեծցած Անայի (Լը Պոն) մէջ, այն շրջանին երբ տեղի կ'ունենար Հայկական Ցեղասպանութիւնը Օսմանեան Կայսրութեան վերջին տարիներուն:

Կազմակերպիչները կը քաջալերեն Աւտրալացիները  մասնակցելու #OPERATIONOPENINGWEEKENDին խնդրելով բոլորէն տեսնել ֆիլմը եւ հրաւիրել ուրիշներ  զայն տեսնելու բացման թուականի շաբաթավերջին՝ 15 Յունիսէն անմիջապէս ետք:


<<Բացման շաբաթավերջը բանալին է. կը քաջալերենք բոլոր անոնք որոնք կը փափաքին տեսնել  Խոստումը՝  ներկայ ըլլալ 15 Յունիսի ամենէն մօտիկ թուականին>> ըսաւ յանձնախումբի անդամ Փանոս Պորղոնզեան: <<Հրաւիրեցէք ձեր ընկերները, դրացիները, պաշտօնեաներն ու պաշտօնակիցները եւ դիտեցէք զայն, ուր Հայկական Ցեղասպանութեան պատմութիւնը հետաքրքրական վիպերգութեամբ ներկայացուած է>>:

Խոստումը ֆիլմը պիտի ցուցադրուի 40 սինեմաներու մէջ (Ցանկը՝ Այստեղ)

The Promise Ֆիլմի Աւստրալական Կարմիր Գորգի Փրըմիէրի նկարները տեսնել այստեղ:

Շաբաթ 10 Յունիսին Աւստրալական երկու օրաթերթեր, որոնք կը պատկանին Նիւզ Լիմիթըտ եւ Ֆէրֆաքս ընկերութեանց հրապարակեցին հետեւեալ երկու յօդուածները.


Այստեղ Click here to see News.com.au review.

Այստեղ Click here to see the four-page spread that appeared in The Sydney Morning Herald and The Age newspapers.

 

comments

Advertisement