By armenia.com.au | Wednesday, 05 July 2017
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Աւստրալիոյ ԿԿոմիտէի Մայիս ամսուան աւարտին եւ Յունիս ամսուան առաջին շաբթուայ ընթացքին Աւստրալիոյ Սիտնի եւ Մելպուրն քաղաքներուն մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Առաջին անկախութեան 99-րդ տարեդարձին նուիրուած շարք մը միջոցառումներ:
Շաբաթ, 27 Մայիս, 2017-ին Սիտնիի մէջ տեղի ունեցաւ պարահանդէս, որուն ներկայ էին մօտաւորապէս 400 հայորդիներ: Պարահանդէսը ժողովրդական, ազգային եւ յեղափոխական երգերով խանդավառեց Գանատահայ երգիչ Էլի Պէրպէրեան: Քաջալերելի էր տեսնել մեծ թիւով երիտասարդութեան ներկայութիւնը վերոյիշեալ ձեռնարկին:
Ուրբաթ, 2 Յունիս, 2017-ին Սիտնիի մէջ տեղի ունեցաւ երգահանդէս մը, որուն ներկայ էին մօտաւորապէս 300 հայորդիներ: Երգահանդէսի ընթացքին ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան <<Գալէ>> պատանեկան մասնաճիւղի պատանիներն ու պարմանուհիները ներկայացուցին գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր մը: Ընկերներ Աբիկ Պետրոսեան, Յակոբ Լեւոնեան, Գալէ Մանճիկեան, Սերլի Պուճէքեան, Վարդի Համամճեան եւ Վանի Համամճեան արտասանեցին Գէորգ Էմինի <<Սասունցիների Պարը>>: Եարխուշտայով վերջ գտած այս ներկայացումը արժանացաւ ներկաներուն բուռն ծափահարութեան: Ապա <<Գալէ>> մասնաճիւղի պատանիներն ու պարմանուհիները ներկայացուցին <<Աղբերս ու ես>> եւ <<Հայեր Միացէք>> երգերը:
ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան խօսքը փոխանցեց Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան <<Բեկոր>> մասնաճիւղի վարչութեան անդամ ընկեր Մայքլ Քոլոքոսեան: Ան իր խօսքին մէջ հաստատեց որ երիտասարդութիւնը հաւատարիմ պիտի մնայ անկախութեան սերունդի կողմէ փոխանցուած պատգամին եւ պիտի շարունակէ իր պայքարը հասնելու Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի նպատակին:
Խումբ մը պատանիներ ամբողջացնելով իրենց կանոնագրային տարիքն ու դաստիարակչական դասընթացքը կատարեցին իրենց խոստումը եւ փոխանցուեցան Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան շարքերը կնքահայր ունենալով ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ ընկեր Արա Մկրտիչեանը: Ընկեր Մկրտիչեան յորդորեց ընկերներուն առանց տատամսելու շարունակել Հայ ժողովուրդին եւ Հայ ազգին ծառայելու իրենց բռնած ուղին:
ԿԿոմիտէի պատգամը փոխանցեց Արմենիա Մետիա մամլոյ եւ տեղեկատուական ընկերակցութեան վարիչ խմբագիր Ներսէս Պալիօզեան (խօսքը ամբողջութեամբ տեսնել խմբագրական բաժնին մէջ):
Երգահանդէսը ազգային, ժողովրդական եւ յեղափոխական երգերով խանդավառեց Գանատահայ երգիչ Էլի Պէրպէրեան:
Մելպուրնի մէջ եւս տեղի ունեցաւ պարահանդէս մը Շաբաթ 3 Յունիս 2017-ին, որուն ներկայ էին մօտաւորապէս 300 հայորդիներ: Պարահանդէսը խանդավառեց Գանատահայ երգիչ Էլի Պէրպէրեան:
Յաջողութեամբ պսակուած վերոյիշեալ միջոցառումները յոյս կը ներշնչեն գաղութի զաւակներուն 2018 թուականին բարձր մակարդակով ոգեկոչելու Հայաստնի Անկախութեան 100 ամեակը:
comments
Աւստրալիա Լայվ. Սուրիոյ Հայ Աւետարանական համայնքի համայնքապետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութ Սէլիմեան
Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ 50-րդ Շրջանային Ժողով
Զօրակցութեան յայտարարութիւն Ազատ Արցախի Հանրապետութեան
Շնորհաւոր 132րդ ամեակդ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն
Հայահոծ Րայտ Շրջանի Քաղաքապետարանը 10,000 տոլար կը նուիրէ #TogetherWithSyria հանգանակութեան