Փրոֆ. Թէրիօ նշանակուեցաւ Ցեղասպանագէտներու Միջազգային Ընկերակցութեան նախագահ. Ան Սիտնիի հանրութեան պիտի ներկայանայ Ուրբաթ գիշեր

By armenia.com.au | Wednesday, 12 July 2017

 

Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբը շնորհաւորեց Ցեղասպանագէտներու Միջազգային Ընկերակցութեան նորընտիր նախագահ Հէնրի Թէրիօն որ առաջին Հայ բարձրաստիճան պաշտօնատարն է ակադեմականներու այս իւրայատուկ խմբակցութեան:

Թէրիոյի նոր պաշտօնը հաստատուեցաւ այժմ Պրիսպընի (Քուինզլանտ Աւստրալիա) մէջ գումարուող International Association of Genocide Scholarsի համագումարի ընթացքին:

Հայ Դատի Յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Վաչէ Գահրամանեան շնորհաւորեց Փրոֆէսօր Թէրիօն եւ ըսաւ թէ Թէրիօ կը նկատուի ռահվիրայ մը Հայկական Ցեղասպանութեան նոր տեսանկիւններու որոնման մարզին մէջ:

Ուրբաթ, 14 Յուլիսի երեկոյեան ժամը 7ին Թէրիօ մաս պիտի կազմէ հանրային կլոր սեղանի մը, որուն պիտի մասնակցին Փուլիցըր Մրցանակին արժանացած բանաստեղծ եւ հեղինակ Փրոֆ. Փիթըր Պալաքեան, Դոկտ. Արմէն Մարսուպեան, Դոկտ. Արտա Մելքոնեան եւ Դոկտ. Տորիս Մելքոնեան:

Ասուլիսի Նիւթն է <<Ուսումնասիրութիւններ Հայկական Ցեղասպանութեան Մասին թիւ 2 – Հայկական Ցեղասպանութեան Ուսումնասիրութեան Հոլովոյթը>>: 

Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ  St Leonards ի Urban Hotelին մէջ:

Հրաւիրուած է Հայ Համայնքը

comments

Advertisement