Լուրեր Առաջնորդարանէն

By armenia.com.au | Monday, 17 July 2017

Քրիստոնէական Զօրակցութիւն Աւստրալիոյ եւ ՆԶի Արեւելեան Եկեղեցիներու կողմէ Եգիպտոսի Քրիստոնեայ եւ Իսլամ Ժողովուրդին

31 Մայիսէն-4 Յունիս 2017 Աւստրալիոյ եւ ՆԶի Արեւլեան եկեղեցիներու Առաջնորդ Հայրերէն պատուիրակութիւն մը այցելեց Եգիպտոս: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Գերշ Տէր Հայկազուն Եպս. Նաճարեան Առաջնորդ Աւստրալիոյ եւ ՆԶի թեմին, Մելքայթ Եկեղեցւոյ Առաջնորդ Րոպէր Արք. Րապպաթ, Մարոնի Առաջնորդ Անթուան Շարպէլ Եպս Թարապայ, Սիտնիի Ղպտի Ուղղափառ Առաջնորդ Տանիէլ Եպիսկոպոս, Գերյարգելի Հայր Բարսեղ Ծ.Վ. Սուսանեան՝ Պատրիարքական Փոխանորդ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ, Ճուլիըն Արք. Փորթէուս՝  Հոպարթի(Թազմանիա) Կաթոլիկ Առաջնորդ: Եգիպտոսի մէջ պատուիրակութեան միացան նաեւ Ղպտի Ուղղափառ Արքեպիսկոպոսներ՝ Սուրիէլ (Առաջնորդ Մելպուրնի) , Անպա Տանիէլ(Աւստրալիոյ Շնուտա Վանքի վանահայր) եւ Հայր Եուհաննա:

Նպատակ

Այցելութեան նպատակն էր զօրակցութիւն յայտնել Եգիպտացի ժողովուրդին, Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցւոյ պետ՝ Թաուատրոս Բ. Պապին, հոգեւորական դասին, ղպտի հաւատացեալ ժողովուրդին, Կաթողիկէ եւ Ուղղափառ եկեղեցապետներ    միասնաբար աղօթք բարձրացնելու Եգիպտոսի եւ Մերձաւոր Արեւելքի խաղաղութեան ի նպաստ, ամրապնդել համագոյութիւնը քրիստոնեաներու եւ իսլամներու, կոչ ուղղելու զօրացնել հաւատքը  Աստուծոյ, որ մէկ է եւ միեւնոյնը բոլորիս համար, նիւթական օժանդակութիւն յատկացնել եւ այցելել վերջին խափանարարական գործողութիւններէն տուժուած ընտանիքներուն եւ վիրաւորներուն, ինչպէս նաեւ տարածել գործակցութեան, իրերհանդուրժողութեան եւ ներողամտութեան գաղափարը ընդդէմ ատելութեան եւ թշնամութեան:

Պատուիրակութիւնը այցելութիւններ տուաւ հետեւեալ բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն եւ հաստատութիւններուն.

Ա) Լիբանանեան Դեսպանատուն, ուր ընդունուեցաւ Դեսպանին եւ Արաբական Լիկայի մօտ մշտական ներկայացուցիչ Պրն Անթուան Ազզամի կողմէ: Դեսպանը բացատրեց թէ Լիբանանի մէջ Սուրիացիներու թիւը մօտաւորապէս կէսն է Լիբանանցի հպատակներուն: Ան խնդրեց բարեխօսել որ Աւստրալիան աւելի թոյլատու ըլլայ նոր գաղթողներ ընդունելու:

Բ) Աշխարհի ամենէն հեղինակաւոր Իսլամական Ալ Ազհար համալսարան, ուր ընդունուեցաւ համալսարանի Մեծ Իմամ Դոկտ. Ահմէտ Թայէպի եւ բարձրաստիճան կրօնաւոր մտաւորականներու կողմէ: Կողմերը իրենց համաձայնութիւնը յայտնեցին պայքարելու կրօնական ծայրայեղ մտայնութեան դէմ, կրթական ծրագիրներու արդիականացում, ուր ուսուցուին կրօններու փոխ հանդուրժողութիւն, համացանցի միջոցաւ դէմ դնել ծայրայեղական գաղափարներու տարածման եւ զգուշացնելու մանաւանդ երիտասարդութիւնը ծայրայեղական սայթաքումէ, այդ նպատակով Ալ Ազհար իր էլէքտրոնային կայքէջը արդէն իսկ հաստատած է: Գործնական աշխատանքի լծել Ալ Ազհարի կողմէ հիմնուած << Եգիպտական Ընտանիքի Տուն>> հաստատութիւնը, որուն մաս կը կազմեն Եգիպտոսի բոլոր եկեղեցիները, եւ որոնց համանախագահներն են Ալ Ազհարի Շէյխն ու Ղպտի Պապը, որոնք Ճիգ ի գործ կը դնեն զայն վերածելու <<Համաշխարհային Ընտանիքի Տուն>> ի: Եզրակացուեցաւ որ Իսլամ կրօնքը չէ որ կը քաջալերէ ահաբեկչութիւնը այլ զայն կ'օգտագործեն Իսլամի եւ այլ կրօններու մէջ որոմ ցանող կազմակերպութիւնները:

Գ) Աւստրալական  Դեսպանատուն, ուր ընդունուեցան Դեսպան Նիլ Հօքինզի կողմէ եւ եղան անոր ճաշի հիւրերը: Դեսպանին հետ արծարծուեցան Աւստրալիոյ Եգիպտոսի նեցուկ կանգնելու եւ միջազգային ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու հարցերը:

Դ) Եգիպտոսի Եկեղեցիներու Կեդրոն, ուր տեղի ունեցաւ Միացեալ Աղօթք:

Ե)  Կաթողիկէ Ղպտիներու Պատրիարքարան, ուր ընդունուեցան Իսահակ Իպրահիմ Պատրիարքին կողմէ: Յանուն պատուիրակութեան Փորթէուս Արքեպիսկոպոս  Աւստրալիոյ եկեղեցիներուն զօրակցութիւնը յայտնեց քրիստոնեայ մեծ ժառանգ ունեցող Եգիպտոսի քրիստոնեայ համայնքին ինչպէս նաեւ Եգիպտոսի՝ահաբեկչութեան դէմ անոր տարած պայքարին համար:

Զ) Հանրապետութեան Նախագահ Ապտէլ Ֆաթթահ Սիսիի, որուն ցաւակցութիւն յայտնեց ահաբեկչական արարքներուն զոհերուն եւ շնորհակալութիւն՝ վնասուած եկեղեցիներու ամբողջական նորոգութեան պետութեան որոշումին համար: Նախագահ Սիսի վստահեցուց պատուիրակութեան թէ խափանարարական արարքները քրիստոնեաներուն դէմ չէին այլ կրօնքը կ'օգտագործուէր եգիպտացի ժողովուրդին մէջ պառակտում յառաջացնելու համար: Նախագահը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Թաուատրոս Բ. Պապին իր ցուցաբերած խոհեմութեան եւ իմաստուն կեցուածքին համար: Հանդիպման աւարտին նախագահը երեք անգամ կրկնեց ըսելով << մենք ձեզ բնաւ պիտի չլքենք>>:

Է) Թաուատրոս Բ Պապին, որ մեծապէս գնահատեց պատուիրակութեան նախաձեռնութիւնը եւ ըսաւ թէ աւելի լաւ ապագայ կը սպասուի եգիպտացի երիտասարդութեան համար: Ան յորդորեց տնտեսական ծրագիրներու աշխուժացում որպէսզի երիտասարդութեան համար աւելի լայն ասպարէզ բացուի երկիր մնալու եւ զայն զարգացնելու: Հուսկ ապա պատուիրակութիւնը այցելեց եկեղեցին, ուր տեղի ունեցած էր խափանարարութիւնը եւ ականատես եղաւ պայթիւնին պատճառած նիւթական վնասներուն: Ներկայ հաւատացեալներէն մին բացականչեց ըսելով. << Մենք հպարտ ենք մեր նահատակներով, ինչ որ տանք մեր Տիրոջ՝ քիչ է բաղդատած այն զոհողութեան որ Յիսուս կատարեց մեր փրկութեան համար>>:

Ը) Պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ Գաղթի նախարարուհի Տիկին Նապիլա Մաքրամ Ապտէլ Շահիտի եւ յայտնեց իր շնորհակալութիւնը այս հանդիպումներու կարգադրութեանց համար: Այցելութիւն տրուեցաւ Զբօսաշրջիկութեան նախարար Եահեա Րաշէտի եւ ծանօթացաւ եգիպտոսի զբօսաշրջիկութեան այսօրուան կացութեան մասին: Պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ Հռոմի Պապական Պատուիրակ Պրունօ  Մասուրօ Եպիսկոպոսին եւ եղաւ անոր ընթրիքի հիւրը: Պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ հիւանդանոց մը, ուր կը բուժուէին վիրաւորներ եւ աղօթք բարձրացուց անոնց արագ ապաքինման համար: Սրբազան Հայրը հայկական փոքր խաչեր նուիրեց վիրաւորներուն:

Այս պատմական այցը արձագանգ գտաւ Եգիպտական մամուլին մէջ:

 

Եկեղեցական Ներկայացուցչական Ժողովին

Թեմիս Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Հայկազուն Եպս Նաճարեան, ընկերակցութեամբ Թեմական Խորհուրդի (ԹԽ) ատենապետ Պրն Սարգիս Տէր Պետրոսեանի, 24-30 Մայիս այցելեց Եգիպտոս եւ հիւրը եղաւ Եգիպտոսի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Աշոտ Եպիսկոպոս Մնացականեանի: Սրբազան Հայրը Գահիրէի եւ Աղեքսանդրիոյ մէջ մասնակցեցաւ Սուրբ եւ անմահ Պատարագներու եւ միջոցառումներու ընթացքին տուաւ իր հայրական պատգամը եգիպտահայ հաւատացեալներուն: Սրբազան հայրն ու Պրն Ատենապետը ընդունուեցան Հայաստանի Դեսպան Պրն Արմէն Մելքոնեանի կողմէ ինչպէս նաեւ հիւրը եղան Աղեքսանդրիոյ Յառաջդիմասէր Մշակութային Ակումբի եւ ՀՄԸՄ Կամքի վարչութիւններուն: 31 Մայիսին Սրբազան հայրը միացաւ Արեւելեան եկեղեցիներու պատուիրակութեան: Այդ մասին տեսնել յատուկ հաղորդագրութիւնը:

5-13 Յունիս 2017 Սրբազան Հայրը այցելեց Հայաստան ուր 6-9 Յունիսին ԹԽի ատենապետ եւ փոխ ատենապետ ՊՊ Սարգիս Տէր Պետրոսեանի եւ Ստեփան Գրգեաշարեանի հետ միասնաբար Սուրբ Էջմիածնի մէջ մասնակցեցաւ Եկեղեցական Ներկայացուցչական Ժողովին (ԵՆԺ)նախագահութեամբ ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի: Ժողովին մասնակցեցան մօտ 135 հոգեւորականներ  եւ աշխարհականներ Հայաստանեան եւ Սփիւռքեան թեմերէն: Ժողովը լայնօրէն անդրադարձաւ ԵՆԺի կանոնագրութեան ինչպէս նաեւ Ազգային եկեղեցական ժողովի բարեփոխեալ կանոնագրութեան նախագիծին, Մայր Աթոռի կողմէն իրականացուող կրթական եւ հասարակական տարբեր ծրագիրներուն, Հայ եկեղեցւոյ Համաշխարհային երիտասադաց միաւորման, Սարդարապատի հերոսամարտին եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ստեղծման 100րդ տարեդարձին առիթով եկեղեցւոյ միջոցառումներուն, Հայաստանի մէջ ծնելիութեան անկումին եւ պատճառներուն եւ եկեղեցւոյ կարեւոր դերին : Ընտրուեցան Գերագոյն Խորհուրդի նոր անդամները: Ժողովին նիստերէն մէկուն մասնակցեցաւ Նախագահ Սերժ Սարգիսեան եւ փոխանցեց տեղեկութիւններ ու պատասխանեց ժողովականներու հարցումներուն:  Յաւելեալ մանրամասնութեանց մասին այցելել www.armenianchurch.org կայքէջը:

Սրբազան Հօր եւ պատուիրակութեան Երեւան գտնուած միջոցին Ուիլուպիի քաղաքապետուհի Կէյլ Կայլզ Կիտնի 8-10 Յունիսին այցելեց Երեւան: Քաղաքապետուհին ընկերակցութեամբ Սրբազան Հօր եւ Տիարք Սարգիս Տէր Պետրոսեանի եւ Ստեփան Գրգեաշարեանի  հանդիպում ունեցաւ Նախարարուհի Հրանուշ Յակոբեանի եւ Նոր Նորքի քաղաքապետ Արմէն Ուլուխանեանի հետ: Քաղաքապետուհին եւ Պրն Ուլուխանեան ստորագրեցին Ուիլուպի-Նոր Նորք Բարեկամ Քաղաքներու Յարաբերութեանց համաձայնագիր: Այցելութիւն տրուեցաւ  Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի, Ծիծեռնակաբերդի մէջ՝ Եղեռնի Յուշարձան եւ Ցեղասպանութեան Թանգարան: Սուրբ Էջմիածինի մէջ Քաղաքապետուհին հանդիպեցաւ Վեհափառ Հօր: Սրբազան Հայրը ներկայացուց հիւրը Վեհափառ Հօր, վեր առաւ անոր հայանպաստ կեցուածքը եւ ունեցած սիրալիր յարաբերութիւնը Հայ համայնքին եւ Հայ եկեղեցւոյ հետ, որուն ամենէն ցայտուն օրինակն է Ուիլուպիի մէջ Ցեղասպանութեան Խաչքարի զետեղումը: Վեհափառ Հայրապետը ակնարկելով իր անցեալի Սիտնի այցելութեանց բարձր գնահատեց նախորդ քաղաքապետին Վեհին տուած ընդունելութիւնը եւ իր շնորհակալութիւնն ու օրհնութիւնը փոխանցեց Տիկին քաղաքապետուհիին Հայութեան եւ Հայ եկեղեցւոյ ի նպաստ իր կատարած աշխատանքին եւ ջերմ յարաբերութեանց համար: Տիկին Կիտնի այցելեց նաեւ Պատմութեան Թանգարան եւ Մատենադարան, ուր հիացմունքով ականատես եղաւ հայկական մշակութային արժէքներուն:

 

 






comments

Advertisement