By armenia.com.au | Tuesday, 18 July 2017
Աւստրալիոյ Հայ Օգնութեան Միութիւնը իր 36-րդ պատգամաւորական ժողովի աշխատանքները յաջողութեամբ իրագործեց Շաբաթ 24 Յունիս 2017-ին: Ժողովը բարձր գնահատեց Շրջանաւարտ վարչութեան գործունէութիւնը: Ժողովը իր օրակարգերու լրումին ընտրեց յառաջիկայ տարեշրջանին համար իր նոր Շրջանային վարչութիւնը: Նորընտիր վարչութիւնը իր դիւանը ընտրեց Երկուշաբթի 3 Յուլիսին հետեւեալ կարգով՝
Նորա Սեւակեան Ատենապետ
Գարլա Գըւըրեան Փոխ ատենապետ
Ատէլ Գրաճեան Ատենադպիր
Մարի Սարգիսեան Փոխ ատենադպիր
Ալին Աֆֆարեան Հաշուապահ
Սիւզի Սիմոնեան Գանձապահ
Կարինէ Առաքել Խորհրդական
Նորընտիր Շրջանային վարչութիւնը գաղութի հոգեւոր, ազգային, միութենական եւ կրթական բոլոր կառոյցներուն հետ համագործակցելու եւ անոնց աշխատանքներուն զօրակցելու, ինչպէս նաեւ իր ժողովուրդի զաւակներուն զանազան կարիքներուն հասնելու հեռանկարով կը սկսի իր գործունէութիւնը ջանալով պարկեշտ ու հաւատարիմ մնալ ՀՕՄի առաքելութեան ու տեսլականին:
Աւստրալիոյ ՀՕՄի Շրջանային վարչութիւն
comments
Ոչ եւս է Ընկեր Այւազ Գրիգորեանը
Աւստրալիա Լայվ. Սուրիոյ Հայ Աւետարանական համայնքի համայնքապետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութ Սէլիմեան
Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ 50-րդ Շրջանային Ժողով
Զօրակցութեան յայտարարութիւն Ազատ Արցախի Հանրապետութեան
Շնորհաւոր 132րդ ամեակդ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն
Հայահոծ Րայտ Շրջանի Քաղաքապետարանը 10,000 տոլար կը նուիրէ #TogetherWithSyria հանգանակութեան