Լիզպոնի Գործունէութեան 34 ամեակը Աւստրալիոյ մէջ

By armenia.com.au | Wednesday, 02 August 2017


Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Արեւմտեան Սիտնիի <<Քեռի>> խումբին Կիրակի 30 Յուլիս 2017ին յաւարտ Սուրբ եւ անմահ պատարագինն տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն նուիրուած Լիզպոնի հինգ նահատակներուն Սիտնիի Հայ Առաքելական Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցիէն ներս:




Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք ներկաները ծաղկեպսակ զետեղեցին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ զետեղուած խաչքարին մօտ:



Ապա, Սմիթֆիլտի սկաուտական սրահէն ներս գեղարուեստական յայտագրով մը արժանավայել կերպով նշուեցաւ Լիզպոնի գործունէութեան 34 ամեակը:
Օրուայ բեմավար ընկերուհի Մարալ Պարսումեան յաջորդաբար բեմ հրաւիրեց ընկեր Կիկօ Կիրակոսեան փոխանցելու բացման խօսքը եւ ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան <<Բեկոր>> մասնաճիւղէն խումբ մը ընկերներ ներկայացնելու համար Լիզպոնի հինգ անմահ հերոսներու կենսագրականները: Ներկաներուն հետ միասնաբար ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան «Բեկոր» մասնաճիւղի ընկերներն ու ընկերուհիները երգեցին Լիզպոնի տղոց նուիրուած երգը:






Օրուայ խորհուրդն ու ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէի խօսքը փոխանցեց ընկեր Մոսիկ Ինճէճիկեան:

Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ <<Լիզպոնի հնգեակը ընկերվար ու ժողովրդավար Հայաստան մը երազելով զոհաբերեց իր սրտերը: Հայ ազգին գոյատեւումը պայմանաւորելով ազատ ու անկախ հայրենիք մը ունենալուն հետ, անոնք չխնայեցին ոչ մի ճիք պահանջելու համար հայութեան այդ արդար իրաւունքը թշնամիէն: Սեդրակը, Արան, Սարգիսը, Սիմոնն ու Վաչէն Դաշնակցութեան մէջ ուժ տեսնելով, միաւորուեցան ու միասնաբար թնդացուցին այս խենթ աշխատանքը:

Ինչպէս Լիզպոնի տղոց երգին բառերը կ'ըսէ <<Դէմքերը ձեր կ'ազնուանան, կը տանչեն սրտեր անպայման>>:Ամէն անգամ որ Լիզպոնի տղոց նիւթը ըլլայ, կը քարանանք ու մեր սրտերը կը տանչուին իրենց կորուստով: Եկեք այսօր յիշենք Վաչէ Տաղլեանի խօսքը՝ <<Մենք հինգ հոգի կէտ մը չենք մէկ ու կէս միլիոն հայ նահատակներուն քով>>: Այս տրամաբանութեամբ Լիզպոնի հինգը մարտիրոսացաւ ''Անհատ եւ հաւաքականութիւն'' գաղափարին իմաստը սորվեցնելով մեզի: Անոնք ազգասպանութիւնը կանխելու համար, դիմեցին ինքնասպանութեան, եւ ճիշտ այս կէտին մէջ է որ իրենք կը տարբերուին սովորական անձնասպաններէն: Անձնական կեանքը, վայելքը իրենց համար հաճոյք մը չէին կրնար պատճառել որովհետեւ ազգային պատկանելութեան զգացումը իրենց համար առաջնահերթ էր:>>

Անդրադառնալով Լիզպոնի գործունէութեան եւ այլ ահաբեկչական գործունէութիւններու տարբերութեան Ինճէճիկեան ըսաւ <<Պէտք չէ դիտել Լիզպոնի արարքը ներկայ քաղաքական անցուդարձութիւններուն ընդմիջէն, ուր ահաբեկիչներուն ետին չկայ իրատես գաղափար կամ ճշմարիտ իրականութիւն: 1983-ին, ոչ Հայաստանը անկախ էր ոչ ալ միջազգային հանրութիւնը հետաքրքրուած մեր դատով: Աւելին, թուրքը ամէնայն անկրթութեամբ կը շարունակէր իր ուրացման քաղաքականութիւնը, հայ ազգին պահանջատիրական ոգին ոչնչացնելու նպատակով: Հետեւաբար, քաղաքական դաշտին մէջ հայուն ձայնը լսցնելու համար պէտք էր դիմել Զինեալ Պայքարի: Պայքար մը որ ետին ունէր արդար իրաւունք ու շրջահայեաց նպատակներ: Սիրելիներ, Հայ ժողովուրդը անմիջապէս չդիմեց զինեալ պայքարի, այլ միայն երբ որ իր կազմակերպած ցոյցերը ու թերթերու մէջ գրած յօդուածները տեսաւ որ պարզապէս թուղթէ շերեփ դարձած էին, վեր առաւ երկաթէ շերեփը: Հերատես այս քայլը կարելի է հասկնալ Սարգիս Աբրահամեանի բառերով որ կ'ըսէ «Շատ լաւ գիտենք, որ երբ մեր վրայ ճնշում բանեցնէ թուրքը, մենք աւելի պիտի պայթինք եւ ատոր համար ինքը նոյնիսկ կրնայ «տիալոկ»ի (այսինքն երկխօսութեան) նստիլ։ Այս բնական է։ Այս ըսել է, թէ ուժերը հաւասարած են, եւ անկախութեան հոտերը կան։ Եթէ յեղափոխութիւնը յաջողի, մենք անշուշտ պիտի տեսնենք մեր հայրենիքը։ Եթէ ես չտեսնեմ, իմ ընկերներս կը տեսնեն, ապագայ սերունդը կը տեսնէ>>:

Ինճէճիկեան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով <<Եթէ 1983-ի գործունէութիւնը պատահած ըլլար 1915-ին, չեմ կարծեր որ հայ մը այս գործունէութիւնը ահաբեկչութիւն սեպեր: Բայց սիրելիներ, ի՞նչ էր կամ է փոխուածը: Միայն դերակատարները: Թուրք ժողովուրդը իր երկրի կառավարութեան վարած քաղաքականութեանը պատճառաւ տակաւին բռնագրաւած է մեր իրաւունքները, իսկ մենք՝ հայ ժողովուրդը մեր հողերէն զրկուած ըլլալուն համար կը դիմագրաւենք ազգային ինքնութեան հարց օտար ափերուն մէջ:

Ներկայիս զինեալ պայքարը ի զօրու է միայն հայրենիքի սահմաններուն վրայ եւ դադրած վիճակի մէջ է այդ հողերէն դուրս: Արդի քաղաքական զարգացումները մեզի կը պարտադրէ միայն քաղաքական ուղին բռնելով պահանջել մեր ազգին իրաւունքները: Հետեւաբար, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան առաջնահերթութիւններէն մէկն է քաղաքականացած հայ սերունդ պատրաստել շարունակելու համար մեր պայքարը: ՀՅԴ «Դրօ» Կեդրոնական Կոմիտէն իր ուժերը կը կեդրոնացնէ Աւստրալիոյ մէջ ապրող Հայ երիտասարդութեան վրայ, որպէսզի հայուն պահանջատիրական ոգին միշտ վառ մնայ ու գործի լծուի այս երկրին պայմաններուն համապատասխան:

Վերջաւորութեան, հիմք ունենալով Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան զինանշանը երբէք ընդունելի չէ Լիզպոնի գործունէութիւնը ու մեր հինգ ընկերները մոռացութեան ենթարկել, որովհետեւ անոնք դառցան մեր եղբայրները, հայրերը ու զաւակները, դարձան մեր ազգային ինքնութեան անքակտելի մէկ բաժինը: Ուստի ինքնավստահութեամբ իրենց նայինք ու ըսենք՝

<<Կ'ուխտենք անբիծ պատիւովը ձեր, ընդարձակել պայքարը մեր>>

 




Գեղարուեստական յայտագիրը վերջ գտաւ Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հոգեշնորհ Տէր Ներսէս Աբեղայ Յարութիւնեանի խրախուսիչ պատգամով եւ պահպանիչով:
Գեղարուեստական յայտագրէն ետք մատուցուեցաւ հոգեճաշ:

comments

Advertisement