Սիտնի- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 121-րդ տարեդարձին նուիրուած տօնակատարութիւնը, Սիտնի եւ Մելպուրն, ժողովրդային հոծ մասնակցութեամբ, տարբեր ձեռնարկներով գտաւ մեծ յաջողութիւն եւ ստեղծեց ազգային խանդավառութիւն։

Հայ Դատի Յանձնախումբի կազմակերպած «Պահանջատիրութեան Շաբթուան» առիթով հրաւիրուած՝ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ ընկ. Յակոբ Տէր Խաչատուրեան հիւրն էր նաեւ Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ մեծ ընտանիքին, մասնակցելու Դաշնակցութեան Օրուան առիթով կազմակերպուած բոլոր ձեռնարկներուն, Սիտնի եւ Մելպուրն։
Չորեքշաբթի 30 Նոյեմբեր 2011-ին տեղի ունեցաւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան շարքերու մուտքի երդման արարողութիւն, որուն ճամբով 11 նորագիրներ, որոնց մեծամասնութիւնը երիտասարդ, միացան Հ.Յ.Դ.-ի շարքերը։ Օրուան կնքահայրն էր Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ ընկ. Յակոբ Տէր Խաչատուրեան։ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան շարքերուն միացան նաեւ 5 երիտասարդներ։
Այս բոլորը արդիւնքն են Հ.Յ.Դ. Դրօ Առանձնակի Կոմիտէի «Երիտասարդականացման Շրջան»-ի ծրագրին եւ այդ գծով տարուած աշխատանքներուն։
Հ.Յ.Դ. հիմնադրութեան 121-րդ տարեդարձին առիթով կազմակերպուած շքեղ պարահանդէս-խրախճանքը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ 2 Դեկտեմբեր 2011-ին մասնակցութեամբ աւելի քան 800 հայրենակիցներու։

Պարահանդէսը ճոխացնելու համար Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն յատկապէս հրաւիրուած էր հանրածանօթ եւ մեծապէս սիրուած երգիչ Յարութ Փամպուքճեան որ իր նուագախումբին ընկերակցութեամբ ուրախ պահեց բոլորը մինչեւ առաւօտեան կանուխ ժամերը եւ հանդիսութիւնը եզրափակեց ազգային ու յեղափոխական երգերով մեծապէս խանդավառելով ներկաները։
Բացման խօսքը արտասանեց ընկհի. Նինա Գաբրիէլեան իսկ Հ.Յ.Դ. Դրօ Առանձնակի Կոմիտէի խօսքը փոխանցեց ընկ. Գէորգ Վարդանեան։ Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ ընկ. Յակոբ Տէր Խաչատուրեան։ Հ.Յ.Դ. հիմնադրութեան 121-րդ տարեդարձի տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի 4 Դեկտեմբեր 2011-ին, Հայ Մշակութային Կեդրոնի սրահէն ներս մասնակցութեամբ աւելի քան 500 հայորդիներու։
Բացման խօսքը արտասանեց Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան անդամ ընկհի. Կարինէ Գաբրիէլեան։ Տեղի ունեցաւ գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր։ Հ.Յ.Դ. հիմնադրութեան 121-րդ տարեդարձին առիթով Հ.Յ.Դ. Դրօ Առանձնակի Կոմիտէի պատգամը փոխանցեց ընկ. Հայկ Գայսէրեան։
Օրուան գլխաւոր պատգամը փոխանցեց Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ ընկ. Յակոբ Տէր Խաչատուրեան որ ներկայացուց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան յաջորդ քառամեակի ծրագիրը ի մասնաւորի՝ Հայաստանի, Արցախի եւ Ջավախքի նկատմամբ։ Ան բարձր գնահատեց Աւստրալիոյ մէջ տարուած աշխատանքը եւ կոչ ուղղեց ժողովուրդին նեցուկ կանգնելու եւ մասնակից դառնալու բոլոր աշխատանքներուն։
Փակման խօսքով ու «Պահպանիչ»-ով հանդէս եկաւ թեմիս բարեխնամ առաջնորդ Աղան Արք. Պալէօզեան։
Պաշտօնական յայտագրի աւարտէն ետք, ներկաներուն մեծ անակնկալ էր կրկին բեմին վրայ տեսնել Յարութ Փամպուքճեանը որ մէկ ժամ տեւողութեամբ, իր կիթառին ընկերակցութեամբ, ազգային եւ հայրենասիրական երգերով խադավառեց բոլորը։ Յեղափոխական երգերով ելոյթ ունեցան նաեւ գաղութիս երգիչներ Սեւակ Վարժապետեան եւ Օհաննէս Օհաննէսեան ընկերակցութեամբ Թոնի Աքիլեանի։