Թարգմանչաց եւ Հայ Ուսուցիչի Տօներու Նշում Սիտնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Մէջ

By armenia.com.au | Tuesday, 17 October 2017

15 Հոկտեմբեր 2017ին Գերաշնորհ Տէր Հայկազուն Եպիսկոպոս Նաճարեան, բարեխնամ Առաջնորդ թեմիս, Թարգմանչաց Տօնին առթիւ մատուցեց Եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Պատարագ Սուրբ Յարութիւն Եկեղեցւոյ մէջ: Այս առիթով Առաջնորդարանի կազմակերպութեամբ նշուեցաւ  Ուսուցիչներու Օրը, մասնակցութեամբ հայկական ամէնօրեայ եւ միօրեայ վարժարաններու մէջ պաշտօնավարող 54 ուսուցիչ-ուսուցչուհիներու:

Յընթացս Սուրբ Պատարագին ուսուցիչները ստացան հաղորդութիւն: Տեղի ունեցաւ Ուսուցիչներու օրհնութիւն: Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ յիշեց Թարգմանչաց սերունդը, ծանրացաւ Հայ գիրերու գիւտին անկիւնադարձային կարեւորութեան վրայ, <<Աստուածաշունչի հայերէն թարգմանութեամբ Աստուած հայերէն սկսաւ խօսիլ Հայուն հետ>> ըսաւ Սրբազան Հայրը: <<Թարգմանչաց փաղանգը լուսաւորեց Հայ միտքը, Հայ ճգնաւորը հայերէնի վերածեց Քրիստոնեայ գրականութիւնը եւ զայն մատչելի դարձուց Հայ զարգացած սերունդներուն: Այսօրուան Թարգմանիչները դուք էք սիրելի ուսուցիչներ, դուք էք պայքարողները հայութիւն սերմանելու մեր մեծցող սերունդներուն մէջ>> եզրափակեց Սրբազան Հայրը: Ճաշու գիրքը կարդացին ամէնօրեայ վարժարաններու երկու տնօրէնները՝ Պարոն Մանուկ Տէմիրճեան՝ Հայերէն եւ Պարոն Էտի Տէմիրճեան՝ Անգլերէն լեզուներով:

Յաւարտ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, ուսուցիչները հրաւիրուեցան Էտկարեան Սրահ եւ ճաշի հիւրերը եղան Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Տիկնանց Յանձնախումբին: Սրբազան Հօր կողքին հանդիսութեան ներկայ էին Տէր Նորայր Աւագ Քահանայ Բաթանեանը, Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի Ատենապետ Պրն Պետրոս Զօրլուն եւ Դիւանապետ Նշան Պասմաճեան:

Հանդիսավար Նշան Պասմաճեան ներկայցուց օրուան բանախօս Տիկին Իրինա Ղուկասեանը որ Հայ Կաթողիկէ Լոյս շաբաթօրեայ եւ Համազգային Գօլստըն Ճեմարանի Հայերէն լեզուի ուսուցչուհի է: Տիկին Ղուկասեան ներկայացուց հայերէնի ուսուցման դժուարութիւնները Աւստրալիոյ մէջ եւ իր պատրաստած մեթոտները, որոնք Գօլստըն Ճեմարան  որդեգրած է, որովհետեւ դասական հայերէն ուսուցման մեթոտները ժամանակավրէպ են: Տիկին Ղուկասեան բացատրեց թէ իր եւ զինք նախորդող սերունդները չունէին այն դժուարութիւնները զորս կը դիմագրաւէ այսօրուան ուսուցիչը: Ան խօսեցաւ ծնողներու խաղալիք դերին մասին եւ իր ընդհանուր գործադրուող ծրագիրը ներկայացուց գործնական, մտածուած օրինակներով: Ուսուցիչները՝  Գօլստըն Ճեմարանէն, ՀԲԸՄ Ալեքսանտր Վարժարանէն, Համազգային Թումանեան, Թարգմանչաց , ՀԲԸՄ Ալեք Մանուկեան եւ Հայ Կաթողիկէ <<Լոյս>> շաբաթօրեայ վարժարաններէն, ինչպէս նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Վարժարանէն հետաքրքրութեամբ հետեւեցան ներկայացուած գիտելիքներուն: Իրենց սրտի խօսքերը արտասանեցին Թարգմանչաց վարժարանի տնօրէնուհի Տիկին Զարուհի Մանուկեան, Գօլստըն Ճեմարանի եւ Ալեքսանդր վարժարանի Տնօրէններ  ՊՊ Էտի Տէմիրճեան եւ Մանուկ Տէմիրճեան ինչպէս նաեւ Կրօն դասաւանդող ուսուցչուհի՝ Տիկին Շաքէ Վարդանեան:

Իր եզրափակիչ խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը իր գոհունակութիւնը յայտնեց Տիկին Ղուկասեանի կատարած ախտաճանաչման եւ գործնական առաջարկներուն համար եւ քաջալերեց այսօրինակ արհեստավարժութեամբ տանիլ մեր աշխատանքը: Ան բարձր գնահատեց մեր ուսուցիչներուն տարած անզուգական աշխատանքը ի նպաստ հայակերտման աշխատանքին: Երկու ժամ տեւողութեամբ հաւաքը փակուեցաւ Սրբազան Հօր <<Պահպանիչ>>ով:



comments

Advertisement