Աւստրալիոյ Հայ Դատի Աննախընթաց Պահանջատիրական Շաբթուայ ընթացքին Ատրպէյճանին Կոչ Ուղղուած է Դաշնակցային Խորհրդարանի Երկու Անդամներու Կողմէ

By ANC Australia | Sunday, 22 October 2017

Քանպէրա – 19 Հոկտեմբեր 2017 – Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբի Պահանջատիրութեան Շաբաթի ծիրէն ներս Դաշնակցային Խորհրդարանի երկու անդամներ դատապարտեցին Ատրպէյճանը Արցախի մէջ խաղաղութիւն չկարենալ հաստատելուն համար:

Ընդդիմութեան խորհրդարանի անդամ Տէյվիտ Ֆինի (Աշխատաւորական կուսակցութիւն) բարձրաղաղակ մեղադրեց Ծերակուտական Քոնսէթթա Ֆիէրրավանթի Ուէլսը, որ իր վերջին Ատրպէյճան այցելութեան ընթացքին ի նպաստ արտայայտուած էր նաւթային բռնատիրութեան բռնած դիրքին Արցախի << հողային ամբողջականութեան>> վերաբերեալ: Ան իր խօսքին մէջ այպանեց Աիեւն ու իր վարչաձեւը Արեւմուտքի մէջ Ատրպէյճանի դրամի լուացման յանցագործութեան համար:

Խորհրդարանի անդամ Ճոն Ալեքսանտր հետեւեցաւ Ֆինիի յայտնելով որ Արցախի Հանրապետութիւնը պատրաստ է ընդունելու յաւելեալ դիտորդներ յօգուտ տարածաշրջանի խաղաղութեան, սակայն Ատրպէյճան պատրաստ չէ ատոր:

Վիքթորիա նահանգի ներկայացուցիչ Ֆինի ըսաւ . << Վերջին շաբաթներուն տեղեկութեանց հիման վրայ Ատրպէյճանի իշխող ընտրանին ի գործ դրաւ 2.9 միլիար Տոլարի լուացման նախագիծ մը վճարելումներ կատարելով Եւրոպացի երեւելի անձնաւորութեանց ինչպէս լրագրողներու եւ քաղաքագէտներու: Այս գայթակղութիւնը ցոյց կու տայ որ Ազերի ղեկավարութիւնը, որ արդէն մեղադրուած է Ամնիսթի Ինթըրնաշընըլի եւ այլ Ոչ Կառավարական Կազմակերպութիւններու կողմէ մարդկային իրաւանց լուրջ խախտումներ կատարած է եւ կը մեղադրուի ընտրութիւններու զեղծարարութեան յանցանքով: Ան կատարած է 16000 չբացայայտուած եւ կասկածելի վճարումներ 2012էն 2014ի միջեւ Բրիտանական ոչ թափանցիկ ընկերութիւններու ցանցերու միջոցաւ: Հետազօտութիւններ կատարուած է Կազմակերպուած Ոճիրներու եւ Փտածութեան Ծրագիրներու Հաղորդում կազմակերպութեան կողմէ եւ ի յայտ եկած որ այս անյայտ վճարումները կատարուած անուանի դրամատուներու եւ գաղտնի ընկերութիւններու միջոցաւ կը միտէին գնելու քաղաքական ազդեցութիւն: Այս շաբաթ Աւստրալական Ապահովական Սպասարկութիւնը իր տեղեկագրին մէջ կը զգուշացնէ թէ օտար պետութիւններ ծածուկ միջոցներով ջանացած են ազդեցութիւն բանեցնել հանրային կարծիքին վրայ >>:

Ֆէրրավիանթի Ուէլսի յայտարարութեան գծով Ֆինի ըսաւ << Այս յանդուգն յայտարարութիւնը կը բացայայտէ Աւստրալիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը եւ կ'անտեսէ երկարամեայ զօրակցութիւնը որ Աւստրալիան ցուցաբերած է Մինսքի Խմբակին տարած ԼՂՀ խաղաղութեան աշխատանքին եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման: Կը թելադրեմ որ ծերակուտական Ուէլս չտարուի Խաւիարի Դիւանագիտութեամբ>>:

Պէնէլոնկի ներկայացուցիչ խորհրդարանական Տէյվիտ Ալեքսանտր հետեւեալը յայտարարեց Խորհրդարանին.<< 17 Հոկտեմբերին ԵԱՀԿ ժողովի հրաւիրեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները քննելու համար Արցախի եւ Ատրպէյճանի սահմանին վրայ  ձգտուածութեան մեղմացման գործընթացը: Երեք առաջնահերթութիւններ առաջարկուեցան ա) Արձակազէններու վերացումը սահմանային գօտիէն, բ) դիտորդներու թիւի յաւելում, գ) զետեղում կազմածներու որոնք կը յայտնեն  զինադադարը խախտող կողմը: Հայաստանը պատրաստ է ընդունելու երեք առաջարկներն ալ, Ատրպէյճանը՝ ոչ: Որպէս Մինսքի Խմբակին եւ ԵԱՀԿի գործընկեր՝ Աւստրալիան իր դերը ունի խաղալիք>> եզրափակեց Ալեքսանտր:

Երկու արտասանուած ճառերը եզրափակեցին Հայ Դատի Յանձնախումբին Պահանջատիրութեան Շաբաթը: Այս իմաստով երկու օրուան ընթացքին մօտ 30 խորհրադարանականներու հետ քննարկուեցան Արցախի, Ցեղասպանութեան, ներգաղթողներու ինչպէս նաեւ տեղական բնոյթ ներկայացնող հարցեր:

Հայ Դատի Յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Վաչէ Գահրամանեան իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Երեսփոխաններ Ֆինիի եւ Ալեքսանտրի: << Կարեւոր օր մըն էր Աւստրալիոյ մէջ Արցախի պահանջատիրութեան ի նպաստ: Ամենակարեւոր կուսակցութիւններու  երկու ներկայացուցիչներ դատապարտեցին Ազերի յարձակողապաշտ եւ փտած վարչաձեւը եւ ջատագով հանդիսացան Արցախի խաղաղութեան եւ անոր ժողովուրդին ինքնորոշման>> ըսաւ Գահրամանեան:

17 Հոկտեմբերի երեկոյեան Խորհրդարանի սրահին մէջ ցուցադրուեցաւ <<Խոստումը>> ժապաւէնը ի ներկայութեան բազմաթիւ խորհրդարանականներու, դիւանագէտներու եւ Քանպէրայի Հայ համայնքի անդամներու:(click here to read report).

11 հոգինոց պատուիրակութեան մաս կը կազմէր Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Յարաբերութեանց Բաժնի պատասխանատու Եղիսաբէթ Չուլճեան, որ հիւր բանախօսն էր Ուրբաթ 20 Հոկտեմբերին Հայ Դատի Յանձնախումբին տարեկան Ճաշկերոյթին:




comments

Advertisement