107,200 Տոլար հանգանակուեցաւ Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբին Տարեկան Ճաշկերոյթին Ընթացքին

By armenia.com.au | Tuesday, 24 October 2017

 

Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբին Պահանջատիրական Շաբաթը աւարտեցաւ Տարեկան Ճաշկերոյթով, որուն ընթացքին հանգանակուեցաւ 107,200 Տոլար որ պիտի յատկացուի  Հայ Աւստրալական հանրային աշխատանքներուն:

Սոյն ճաշկերոյթին պատուուեցաւ Աւստրալահայ տաղանդաւոր լրագրող Ճորճ Տօնիկեան <<Հայ Դատի Յանձնախումբի Հայ եւ Աւստրալացի համայնքներու Տարուան Բարեկամ>> շքանշանով: Տօնիկեան, նախկին լուրերու հեռարձակող ԷՍՊԻԷՍ Հեռատեսիլի կայանէն, ի յայտ բերաւ եւ դատապարտեց սոյն կայանի անընդունելի մեղմ կեցուածքը  Հայոց Ցեղասպանութեան  նկատմամբ: Երբ Խոստումը ֆիլմին  ցուցադրութիւնը կ'ըլլար Աւստրալիոյ մէջ Տօնիկեան հրապարակաւ յայտարարեց թէ իր ընտանիքին պատմութիւնը առնչուած էր Ցեղասպանութենէն վերապրողներու հետ:

Տօնիկեան չկարողացաւ ներկայ ըլլալ ճաշկերոյթին Րատիոյի մէջ ստանձնած իր նոր պաշտօնին պատճառաւ: Ան ուղարկած էր վիտէօ-արձանագրութիւն պատգամ մը: Իր կողմէ Շքանշանը ստացաւ իր մօտիկ ընկեր, լուրերու անմրցելի հաղորդավար եւ այս գիշերուան հանդիսավար՝ Ճոն Մանկոսը:

Գլխաւոր բանախօսն էր Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Յարաբերութեանց Գրասենեակի Պատասխանատու Եղիսաբէթ Չուլճեան:
Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Ուաշինկթընի Հայ Դատի Յանձնախումբի տարած աշխատանքներուն ԱՄՆի 50 նահանգներու մէջ: Չուլճեան կոչ ուղղեց Աւստրալահայ համայնքին նեցուկ կանգնելու Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբին, որ աշխարհացրիւ  Հայ Դատի Յանձնախումբերուն  հետ համատեղ պայքար կը մղէ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքներուն եւ Ցեղասպանութեան ճանաչման ու արդարութեան ի նպաստ:

 

Ճաշկերոյթը կը զուգադիպէր Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգի ցեղասպանութեան ճանաչման 20րդ տարեդարձին (1997): Պաստառի վրայ սփռուեցան 1997ին Նահանգապետ Պոպ Քարի եւ Ընդդիմութեան ղեկավար Փիթըր Քոլինզի ճառերը ինչպէս նաեւ այժմու նահանգապետուհի Գլատիս Պէրէճիքլեանի վիտէօ պատկերասփռումը այս կարեւոր տարեդարձին առիթով:


Հայ Դատի Յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Վաչէ Գահրամանեան լուսարձակի տակ առաւ այն կարեւոր աշխատանքը որ կը վերաբերի Հայ Դատի աշխատանքները վստահելու նոր սերուդի ներկայացուցիչներու եւ անոնց գործակցութիւնը Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան հետ:

Գահրամանեան անդրադարձաւ Յանձնախումբին տարած 12 ամսուան աշխատանքներուն ներառեալ Խոստումը ֆիլմի առաջին պատկերասփռումը, Յանձնախումբին ներդրումը Արդարութեան եւ Մարդկային Իրաւանց Հայկական Իրաւական Կեդրոնին խնամակալ կազմին կազմութեան եւ մարդուժ տրամադրելու անոր, Ատրպէյճանի Քաւիարի Քաղաքականութիւնը Աւստրալական մետիային սեփականութիւնը դարձնելը եւայլն:

Պահանջատիրական Շաբաթուան ընթացքին Դաշնակցային Խորհրդարանի երկու անդամներ յանդուգն արտայայտութիւններով ելոյթ ունեցան եւ դատապարտեցին Ատրպէյճանի Արցախի մէջ խաղաղութեան հաստատման դէմ որդեգրած քաղաքականութիւնը եւ  այդ ուղղութեամբ առած գործնական քայլերը: եզրափակեց Գահրամանեան:

(click here to read more and see videos of speeches)

Հայ Դատի Յանձնախումբի խնամակալ մարմնի անդամուհի Թալին Շամլեան խօսեցաւ նորակազմ (2017 թիւին) <<Աւստրալիա-Հայաստան Միջ Խորհրդարանական Միութեան>>մասին: Պահանջատիրական շաբթուան ընթացքին այս խմբակցութիւնը կատարած էր պատմական պատկերասփռումը Խոստումը ֆիլմին Դաշնակցային Խորհրդարանի սրահին մէջ: (click here to read more on this).

Շամլեան բացատրեց նպատակը այս խումբին, որ կ'ընդգրկէ 50է աւելի երեսփոխաններ եւ Ծերակոյտի անդամներ, ապա ան հրաւիրեց Խմբակին աթոռակից ատենապետ Թրէնթ Զիմըրմանը տալու իր խօսքը:

Զիմըրմանի կ'ընկերանային իր պաշտօնակիցները՝ Ճուլիըն Լիսըր եւ Ճէյսըն Ֆալինսքի: Խորհրդարանի երեք անդամները իրենց սրտի խօսքը ուղղեցին ներկաներուն  զօրակցութիւն յայտնելով հայկական պահանջատիրութեան:

Նիւ Սաութ Ուէյլզի խորհրդարանը կը ներկայացնէին Ճոնաթան Օտէյ, Ուոլթ Սէքորտ, Ֆրէտ Նայլ, Տէյվիտ Քլարք եւ Ծերակոյտի նախկին անդամ Ամանտա Ֆազիօ:

Նահանգապետուհի Գլատիս Պէրէճիքլեան անձամբ չկարողացաւ ներկայ ըլլալ, զինք ներկայացուցին իր ծնողքը՝ Տէր եւ Տիկին Գրիգոր եւ Արշօ Պէրէճիքլեաններ,որոնց պատիւը տրուեցաւ իրենց դստեր ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան շքանշանը ստանալ  ձեռամբ նախարարութեան Աւստրալիոյ Խորհրդատու Տիկին Հանրիէթ Անդրիասեանի: Տիկին Անդրիասեան կարդաց նաեւ երկլեզու պատգամը ուղղուած նահանգապետուհիին Նախարար Հրանուշ Յակոբեանի կողմէ:

Արհեստավարժ հանդիսավար Ճոն Մանկոս լաւագոյնս ճոխացուց ձեռնարկը իր սրամիտ կատակներով եւ վարած աճուրդով, որուն մաս կը կազմէին Հէնրիկ Մխիթարեանի (Մանչէսթր Իւնայթտ) եւ Լիօնէլ Մէսիի կողմէ (Պարսելոնա) ստորագրուած շապիկներ: Համազգայինի Սիտնի Պարի Անսամպլի մենապարուհի Քոլէթ Մարտիրոսեան հանդէս եկաւ գեղեցիկ մենապարով:

Շատ երիտասարդ նոր դէմքեր տիրական ներկայութիւն էին ձեռնարկի ընթացքին, յանձինս Ասպետ Պօյմուշաքեանի (նորընտիր ատենապետ Մելպուրնի Հայ Դատի յանձնախումբին), Օլիվիա Տիլանչեանի եւ Մայքըլ Գոլոգոսեանի(վարչական փոխ պատասխանատուներ): Խնամակալութեան անդամ Կարինէ Թորոսեան այս վերջին եւկու երիտասարդներուն հետ կատարեց հարցազրոյց մը (տեսնել video-ն)



$107,200 հանգանակուած գումարին համար Վաչէ Գահրամանեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մասնակիցներուն եւ Հայ Դատի Յանձնախումբին նեցուկ հանդիսացողներուն եւ գործընկերներուն: << Ամէն տարի անոնք այստեղ գալով ապահովութիւնը կը ստանան որ արդարութիւնն ու իրականութիւնը յանուն Հայաստանի եւ Հայ Ժողովուրդին Աւստրալական Խորհրդարանին մէջ  սուրհանդակ մը ունին, եւ այդ սուրհանդակը, այդ զինուորը՝ Հայ Դատի Աւստրալիոյ Յանձնախումբն է>>:

 

Նկարներու համար տեսնել:

comments

Advertisement