Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարան 70 Ամեակի Յոբելենական Հանդիսութիւն

By armenia.com.au | Sunday, 29 October 2017

Լիւսի Գրճալեան

Բոլորիս համար աննախընթաց առիթ է տօնել Քարէն Եփփէ Ազգային ճեմարանի հիմնադրութեան 70 ամեակը. պարծանք է մեզի եւ պարտաւորութիւն կրթօճախի մը 70 տարիներու դաստիարակչական անխոնջ աշխատանքին յիշատակումը:

Աւստրալիոյ նորակազմ Քարէն Եփփէ Ազգային ճեմարանի շրջանաւարտից միութիւնը գեղեցիկ գաղափարը յղացաւ յիշատակելու սոյն տօնակատարութիւնը, որ տեղի  ունեցաւ Կիրակի 15 Հոկտեմբեր 2017 կ.ե. ժամը 5-ին  Համազգային Գօլստըն Ճեմարանի Նալպանտեան  սրահին մէջ, առ ի երախտագիտութիւն բոլոր անոնց, որոնք ծառայեցին տարիներ շարունակ սնուցանելու հայ պատանին և երիտասարդը հայեցի դաստիարակութեամբ եւ գիտելիքով:

Սիտնիի Ք.Ե.Ա.Ճ.շրջանաւարտից միութեան նպատակն է կազմակերպել ձեռնարկներ եւ հաւաքոյթներ, ծանօթացնելու նոր սերունդին մեր ազգային արժէքները, մանաւանդ օգտագործելու Մեսրոպատառ Հայ լեզուն, որ կը բնորոշէ մեր ազգային պատկանելիութիւնը, ինչպէս նաեւ նիւթապէս նեցուկ կանգնելու Հալէպի Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանին եւ Սիտնիի Համազգային Գօլստըն Ճեմարանին:

Հանդիսութիւնը սկսաւ Աւստրալիոյ եւ Հայաստանի հանրապետութեան  քայլերգներու  յոտնկայս  ունկնդրութեամբ , ապա հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով  բացման  խօսքը կատարեց Օրդ. Թիթառ  Ափրիկեան: Ան շեշտեց թէ միութեան մը յաջողութեան համար , կարեւոր է գործոն մասնակցութիւն, որպէսզի միասնաբար կարենանք աւելի երկար դիմագրաւել ազգային ձուլումի վտանգը, քաջալերելով մեր զաւակներուն հայերէն խօսիլ: Ան իր խօսքին աւարտին  բեմ հրաւիրեց Համազգայինի Շրջանային  Վարչութեան ատենապետ Պրն.Վիգէն  Գալլօղլեանը, որ ներկայացուց  անգլերէն լեզուով  «Քարէն Եփփէ եւ Ճեմարանը» նիւթը:Ան յայտնեց թէ ծնունդով  դանիացի  բողոքական այս օրիորդը իր կեանքին երկրորդ  կէսէն աւելին ապրեցաւ  ու  մեռաւ իբրեւ  հայ: Ծառայասէր Օրդ. Քարէնը  պաշտօնականացուց  Հալէպի հայ որբեւայրիներն ու որբերը խնամելու  գործը, իսկ տարիներ ետք՝26 Հոկտեմբեր   1947-ին կատարուեցաւ Ճեմարանի պաշտօնական  բացումը: Այսպէս Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանը հիմնուեցաւ  բաւական անձուկ  պայմաններու  մէջ , սակայն յաջորդող  տարիներուն  ընթացքին  յարաճուն զարգացաւ եւ դարձաւ սփիւռքի   լաւագոյն  ու  մեծագոյն  կրթական հաստատութիւններէն  եւ Սուրիոյ  տիպար  երկրորդական  վարժարաններէն մին :

Ապա ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը  անգլերէն լեզուով  <<Danish Mother of Armenians>> ,ուր 27  տարեկան Օրդ.  Քարէն Եփփէն  կը ստանձնէ 300  հայ որբերու  խնամքն ու դաստիարակութիւնը. ան շուտով  հայերէն կը սորվի եւ կ՛արժանանայ բոլորին սիրոյն  ու իր աշխատանքներուն  իբրեւ արդիւնք  ժողովուրդին  կողմէ  կը ճանչցուի  <<Միս Եփփէ Մայրիկ>> անունով:

Օրուան հանդիսավարը անմահ Կոմիտասի խօսքերէն  յիշեց թէ  <<Ժողովուրդը երգով կը կապուի իր արմատներուն հետ, իր պատմութեան հետ>> : Այնուհետեւ  դաշնամուրի ընկերակցութեամբ ելոյթ ունեցաւ Հրանդ Պէօճիկեան, իսկ մեներգով Յակոբ Լեւոնեան, որոնք  ներկայացուցին  «Ախբերս ու ես » երգը, որուն  յաջորդեց Խաչիկ  Դաշտենցի« Հայերէն»-ը, զոր ասմունքեց Օրդ. Լիւսի Գրճալեան:

Բեմ բարձրացաւ Տիկ. Սարինէ Պասմաճեան-Պարտիզպանեանը, որ հայերէն լեզուով եւ գեղեցիկ  բացատրութեամբ ներկայացուց <<Ճեմարանը  70 տարիներու  ընթացքին>> նիւթը: Ան մանրամասնութեամբ  ներկայացուց  Քարէն Եփփէի կենսագրութիւնը, յայտնելով թէ Օրդ. Քարէն Եփփէ ծնած է 1876-ին  Դանիոյ Լիւմպէրկ  քաղաքը. անոր  յարատեւ ծառայութիւնները  յաւերժացուց   Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանը, որ ոգի ներարկող, հաւատք  ջամբող, տեսիլք  փոխանցող  սրբազան  վայր մը  դարձաւ  գիտութիւն  բաշխող  հաստատութիւն մը  ըլլալէ առաջ ու վերջ: Արդ կարելի չէ հասկնալ  վերջին 70- տարուայ  պատմութիւնը  միջին արեւելքի հայութեան առանց Քարէն Եփփէ Ճեմարանին: Ան եզրակացուց  իր նիւթը, թէ  Սուրիական այս իրադարձութիւններուն  իբրեւ հետեւանք  հինգ  տարի  ընդհատումէ ետք  պատերազմի  մրրիկներուն  դէմ  կանգուն մնացած Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանը կրկին իր ջահը  բարձրացուց:

Օրդ. Դալար Խտրլարեան մեներգեց ՝ <<Song for Mama>>: Անոր յաջորդեց Ճեմարանը երէկ եւ այսօր տեսերիզի  ցուցադրութիւն, որ պատրաստուած էր Հալէպի Ազգ. Քարէն Եփփէ Շրջանաւարտից  Միութեան կողմէ, որպէս բարձր ու  գնահատելի աշխատանքի  արդիւնք :Տնօրէն Պրն. Յակոբ Քիլէճեան իր խօսքին մէջ նշեց ըսելով «Հակառակ ճգնաժամային այս օրերուն, ճեմարանը մնաց հաւատարիմ իր սկզբունքներուն ու առաքելութեանը եւ պատրաստեց ապագայի հայ երիտասարդը, դիմագրաւելու կեանքի դժուարութիւնները, կազմելու հայ ընտանիք, պահպանելու եւ զարգացնելու հայ մշակոյթը եւ հետապնդելու հայ դատը»:

Ապա ելոյթ ունեցաւ Ճորճ Շիշոյեան , որ ասմունքեց  Սիլվա Կապուտիկեանէն « Խօսք իմ Որդուն» ը:

Դժբախտաբար բանաւոր  պատճառներով Դանիոյ  Դեսպանի  տեղակալը, ինչպէս նաեւ  New South Wales նահանգապետուհի Օրդ. Գլատիս Պերէճիքլեանն ու Աւստրալիոյ  մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարի  Խորհրդական Տիկ. Հէնրիէթ  Անտրեասեանը չկարողացան մասնակցիլ, սակայն ուղարկեցին իրենց բարեմաղթութիւնները ու շնորհաւորագիր-նամակները:

Ձեռնարկի աւարտին օրուան հանդիսավարը բեմ հրաւիրեց Քարէն Եփփէ Ազգ Ճեմարանի Շրջանաւարտ եւ այժմ Շրջանաւարտից Միութեան Աւստրալիոյ մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ՝ Պրն Ասատուր Շուկայեանը փոխանցելու վարչութեան խօսքը: Ան Քարէն  Եփփէի պատկերով  քանդակուած յուշանուէրը փոխանցեց Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր  տնօրէն Պրն. Վաչէ Գահրամանեանին, որպէսզի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ փոխանցուի  Դանիոյ Դեսպանատան: Պրն. Շուկայեան յատուկ  գնահատանքի խօսքեր  ուղղեց  ներկայ միութիւններուն, ձեռնարկի  կազմակերպիչ  յանձնախումբին, յայտագրի մասնակիցներուն, որմէ ետք  յայտարարեց թէ  սփիւռքի  մէջ հայապահպանութեան  հաստաբուն  կաղնիներէն մէկը այսօր 70 տարեկան է: 70  -ամեայ կեանք մը բեղուն  ձեւով  բոլորած, կանգուն  է Քարէն Եփփէի, Զարեհ Սրբազանի (կաթողիկոս) , Հրաչ  Փափազեանի ու անոնց ընկերներուն  մտայղացման  արգասիքը  հանդիսացող  Հալէպի Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանը :

Ան յատկանշական  նմանութիւն կատարեց, Հալէպի Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանին եւ Սիտնիի Համազգային Գօլստըն Ճեմարանի միջեւ, յայտնելով թէ Ք.Ե.Ա.Ճ.-ը  1948-ին իր առաջին  տարեշրջանը  աւարտեց  23 աշակերտներով  ու 5 ուսուցիչներով, իսկ Սիտնիի Գօլստըն Ճեմարանը, իր առաջին  տարեշրջանը 1986 –ին ամբողջացուց   39 աշակերտներով  եւ 5  ուսուցիչներով:

Պրն. Շուկայեան այս յիշարժան  ձեռնարկին իբր վերջաբան եզրափակեց  իր խօսքը հետեւեալ ձեւով .-

Փառք ու պատիւ Քարէն Եփփէի յիշատակին:

Փառք ու պատիւ Ճեմարանի հիմնադիրներուն ,ճեմարանի խնամակալներուն , Ճեմարանի Տնօրէններուն , ուսուցիչներուն , ինչպէս նաեւ  շրջանաւարտ  եղող հայութեան  ու մարդկութեան  ծառայող  Ճեմարանական  հսկայ փաղանգին :

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ Սրբազան Հօր ներկայացուցիչ Արժ Տէր Նորայր Աւագ Քահանայ Բաթանեանի Պահպանիչով ,ապա Քարէն Եփփէ Ազգ Ճեմարանի քայլերգով, որուն հեղինակն է Ճեմարանի շրջանաւարտներէն  բանաստեղծ՝ Պրն. Սարգիս Կիրակոսեանը: Պրն. Կի­րա­կոս­եա­նը հան­գիստ կը նն­ջէ, այն­քան ատեն, որ հալէպաբ­նակ թէ աշ­խար­հաս­փիւռ Եփփէ­ա­կան Ճե­մա­րան­ցիք կը շա­րու­նա­կեն բարձ­րա­ձայն եր­գել -
Եւ խոր­հուր­դը մեր պատ­մու­թեան յաղ­թա­կան,
Դար­ձաւ տե­սիլք, երթ ու թռիչք Ճե­մա­րան:

Բարի երթ Ճեմարանին , 70  ամեայ տարեդարձդ  շնորհաւոր  ըլլայ Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարան եւ  նորանոր յաջողութիւններ Ք.Ե.Ա.Ճ.-ի  Աւստրալիոյ շրջանաւարտից  միութեան  ապագայ ծրագիրներուն:

 

Նկարները դիտել հետեւեալ կայքէջէն:

 

 



 

 

 

 


comments

Advertisement