Բագրատունի - Իւրաքանչիւր նախկին լիբանանահայ, ուր որ ալ կ'ապրի, անհրաժեշտ է որ արձանագրուի և մասնակցի քուէարկութեան

By armenia.com.au | Wednesday, 01 November 2017



ՍԻՏՆԻ.- Ստորեւ կը ներկայացնէնք Աւստրալիոյ SBS ռատիօժամի Հայկական բաժնի հարցազրոյցը ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոգի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի հետ:

Հարցազրոյցի գլխաւոր նիւթն էր Լիբանանեան ընտրական օրէնքի փոփոխութիւնները, արտասահմանի մէջ ապրող լիբանանցիներու հնարաւորութիւնը մասնակցելու ընտրութիւններուն իրենց բնակած երկիրներուն մէջ եւ ինչու՞ անհրաժեշտ է որ արտասահման ապրող լիբանանահայեր քուէարկութեան մասնակցին:

ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէն իր Ֆեյսբուքի էջին վրայ յայտարարեց.- «Գալիք օրերուն, ՀՅԴ Աւստրալիա պիտի յայտարարէ յաւելեալ տեղեկութիւններ, իր ստեղծած Աւստրալիոյ մէջ գրանցուելու դրութիւններուն մասին։»

Ոնկնդրելու համար հարցազրոյցը այցելեցէք հետեւեալ կայքէջը՝ http://www.sbs.com.au/yourlanguage/armenian/hy/audiotrack/every-lebanese-armenian-must-register-and-participate-elections?language=hy։


comments

Advertisement