Վանայ Ձայնի հարցազրոյցը Վաչէ Գահրամանեանի հետ

By armenia.com.au | Monday, 13 November 2017



Լիբանանի մէջ գործող <<Վանայ Ձայն>> ռատիոկայանը Երկուշաբթի 13 Նոյեմբեր 2017ին <<Հայկական Աշխարհի Լուրեր>> յայտագիրը հարցազրոյց մը կազմակերպած էր Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ տնօրէն Վաչէ Գահրամանեանի հետ:

Հարցազրոյցի ընթացքին Գահրամանեան խօսեցաւ Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի կատարած աշխատանքներուն մասին յատկապէս անդրադառնալով Հոկտեմբեր ամսուայ ընթացքին տեղի ունեցած Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի պահանջատիրական աշխատանքներուն:

Անդրադառնալով Աւստրալիոյ մէջ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կառավարութիւններու կողմէ տարուած քարոզչական աշխատանքներուն Գահրամանեան ըսաւ << Հակառակ զոյգ կառավարութիւններու կողմէ ծախսուած հսկայ գումարներուն, Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը իր համեստ սակայն արհեստավարժ կարողութիւններով կը կատարէ իր աշխատանքը որովհետեւ արդարութիւնը մեր կողքին է>>:

<<Ոչ՝ Թուրքիոյ եւ ոչ ալ՝ Ազրպէյճանի կառավարութիւններուն վառած քաղաքականութիւնը իր մեծ արձագանքը գտած է Աւստրալիոյ հեռաւոր ափերուն մէջ շնորհիւ մեր գրասենեակի եւ աշխատակազմի կողմէ կատարուած հսկայ եւ աննախընթաց քարոզչական աշխատանքներուն որուն արդիւնքով 2013 թուականին Աւստրալիոյ մեծագոյն նահանգը՝ Նիու Սաութ Ուէլզը ճանչցաւ Արցախի Հանրապետութիւնը>> աւելցուց Գահրամանեան:

Հարցազրոյցը ամբողջովին կրնաք ունկնդրել՝
https://soundcloud.com/user-662278087/lourer-10-30-am-mr-vache-karamanian-13-11-2017

comments

Advertisement