60 ամեակի եզրափակիչ Եպիսկոպոսական Պատարագ եւ Յուշաքարի Քօղազերծում ու Օրհնութիւն Ի յիշատակ Տէր Արամայիս Աւագ Քահանայ Միրզայեանի

By armenia.com.au | Wednesday, 22 November 2017

Կիրակի 12 Նոյեմբեր 2017ին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Աւստրալիա Հաստատման 60 ամեակի Եզրափակիչ Պատարագը տեղի ունեցաւ Սուրբ Յարութիւն Մայր եկեղեցւոյ մէջ: Պատարագեց եւ քարոզեց Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Տէր Հայկազուն Եպիսկոպոս Նաճարեան: Պատարագին մասնակցեցաւ Քահանայից դասը յանձինս Արժանապատիւ Տէր Նորայր Քահանայ Բաթանեանի, Տէր Պարթեւ Քահանայ Գարագաշեանի եւ Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Աւետիս Քահանայ Համբարձումեանի եւ սարկաւագաց ու դպրաց դասերուն: <<Լուսաւորիչ>>, <<Վարդանանց>> եւ <<Ս. Քառասուն Մանկանց>> երգչախումբերու դպիր-դպրուհիները կատարեցին երգեցողութիւնը ղեկավարութեամբ Վարդան սարկաւագ Էլմասեանի:

Յաւարտ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն  Թեմի առաջին հոգեւոր հովիւ Տէր Արամայիս Աւագ Քահանայ Միրզայեանի յիշատակին ի ներկայութեան հոգելոյս քահանայ հօր զաւակներուն եւ թոռներուն, Հայկական Կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներուն նաեւ 300է աւելի հաւատացեալներու:

Իր քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը բարձր գնահատեց 60 տարիներ առաջ եկեղեցւոյ հմնադիրներու տեսիլքն ու կատարած աշխատանքը, որոնց շնորհիւ է որ այսօր մենք ունինք Եկեղեցի հաստատութիւն Աւստրալիոյ մէջ: Անդրադառնալով Տէր Արամայիսի կեանքին եւ գործունէութեան, Սրբազան Հայրը վեր առաւ Տէր Հօր տարած աննախընթաց աշխատանքը, անոր նուիրումը իր ազգին, եւ եկեղեցւոյ ու Աւստրալահայ համայնքին ի նպաստ տարած գործունէութեան:

Հոգեհանգիստէն ետք թափօրը ուղղուեցաւ դէպի եկեղեցւոյ շրջափակ, ուր Եկեղեցւոյ հարաւային պատին վրայ զետեղուած էր Տէր Արամայիսի յիշատակին յուշաքարը: Նախ քան քօղազերծման արարողութիւն խօսք առաւ Թեմական Խորհուրդի փոխ ատենապետ եւ հոգելոյս Քահանայ Հօր գործակից Պրն Ստեփան Գրգեաշարեան, որ յուշերու պատառիկներ փոխանցեց ներկաներուն, որոնք կ'ապացուցէին Տէր Հօր անսակարկ նուիրումը իր հօտին: Ան մատնանշեց Տէր Հօր հրատարակած հինգ անգլիատառ գիրքերը, որոնք ցայսօր կը գործածուին որպէս Աւստրալահայ գաղութի ստեղծման եւ տարուած աշխատանքին վկաները: Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի փոխ ատենապետ Պրն Զաւէն Եաղլըճեան կարդաց նահանգապետուհի Գլատիս Պէրէճիքլեանի շնորհաւորագիրը:

Սրբազան Հօր, Թեմական Խորհուրդի ատենապետին եւ Տէր Արամայիս զաւակներուն կողմէ Յուշաքարին քօղազերծումը տեղի ունեցաւ, որմէ ետք՝ անոր օրհնութիւնը: Յուզուած էին բոլոր ներկաները, մանաւանդ Տէր Հայրը ճանչցողներն ու իր գործակիցները:

Իր եզրափակիչ խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը կրկին անդրադարձաւ վաստակաշատ եկեղեցականին նուիրական աշխատանքին շեշտելով թէ հիներէն շատեր վկայութիւններ ունին Տէր Արամայիսի կատարած աշխատանքին վերաբերեալ: Այս յուշաքարը փոքրիկ շնորհակալական արտայայտութիւն մըն է միայն անոր վառ յիշատակին. անոր գործը անմահ է իր գիրքերով բայց մանաւանդ այն բարի սերմերով որ ցանած է իր զաւակներուն, թոռներուն, հարազատներուն եւ համայնքի անդամներուն սրտերուն մէջ: Քաջ հովիւին յիշատակը օրհնութեամբ թող յիշուի:

Հանդիսութենէն ետք, Էտկարեան սրահին մէջ, հրաւիրեալները համադամ ուտելիքներով ու ըմպելիներով հիւրասիրուեցան Եկեղեցւոյ Տիկնանց Յանձնախումբին կողմէ:

Յուշաքարի զետեղումը եկաւ փաստելու, որ Տէր Արամայիսի յիշատակը անմոռ ու անմար է Աւստրալահայ  համայնքի սրտին մէջ:

Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ Սրբազան Հօր <<Պահպանիչ>>ով





comments

Advertisement