Արմենիա հեռատեսիլը կը ներկայացնէ հարցազրոյց Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ տնօրէն Վաչէ Գահրամանեանի հետ: Հարցազրոյցի ընթացքին Գահրամանեան կ'անդրադառնայ Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի պահանջատիրական շաբթուայ աշխատանքներուն ինչպէս նաեւ տարեկան ճաշկերոյթի եւ Հայ Դատի կողմէ տարուած զանազան աշխատանքներուն մասին:
Գահրամանեան նաեւ ամփոփ ձեւով կը ներկայացնէ յանձնախումբի 2018 թուականի նախատեսած ծրագիրները: