Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հիմնադրութեան 127-ամեակը Աւստրալիոյ մէջ

By armenia.com.au | Tuesday, 28 November 2017



Սիտնի և Մելպուրն.- Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Աւստրալահայ գաղութը մեծ շուքով պիտի նշէ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադրութեան տարեդարձը:

Այս տարուայ ՀՅԴ հիմնադրութեան 127-ամեակի տօնակատարութեան հանդիսութեան, ելեկտրոնային կապով օրուայ պատգամը պիտի փոխանցէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն ՀՅԴԲիւրոյի անդամ Ընկեր Դոկտ. Վիգէն Եագուպեան:

Ընկ. Դոկտ. Վիգէն Եագուպեան ծնած է Պէյրութ, Լիբանան։ Ծնողքին հետ, 12 տարեկանին կը հաստատուի ԱՄՆահանգներ։

Եու.Սի.Էլ.Էյ. (University of California Los Angeles) համալսարանէն կը ստանայ Պսակաւոր Արուեստից տիտղոսը քաղաքական գիտութեանց մէջ։ Մագիստրոսի տիտղոսը կը ստանայԼոյոլա Մերիմաունթ (Loyola Marymount University) համալսարանէն, Խորհրդատուական Հոգեբանութիւն ճիւղին մէջ։ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանէն (University of Southern California) կը վկայուի իբր Դոկտոր Խորհրդատուական Հոգեբանութեան: Ան հեղինակն է բազմաթիւ մասնագիտական յօդուածներու։

Ընկ. Դոկտ. Եագուպեանը եղած է գործօն անդամ ամերիկահայ համայնքէն ներս յատկապէս Հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ, ուր վարած է բազմաթիւ պաշտօններ համայնքայինզանազան կազմակերպութիւններէ ներս։ Ան տնօրէնն էր ազգային «Ռոզ եւ Ալեքս Փիլիպոս» վարժարանին 1993-2009 տարիներուն։

Կազմակերպական կեանքին միացած է Երիտասարդականի օրերէն։ Մէկէ աւելի անգամներ անդամ ընտրուած է ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէին։ Ներկայիս անդամէ ՀՅԴ Բիւրոյին, ինչպէս նաեւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան։

Հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 3 Դեկտեմբեր, 2017-ին, երեկոյեան ժամը 5:30-ին, Համազգայինի Գոլստըն Ճեմարանի Նալպանդեան սրահին մէջ:

Ձեռնարկին ելոյթ պիտի ունենայ նաեւ ազգային եւ յեղափոխական երգերու մեկնաբան՝ ընկեր Գառնիկ Սարգիսեանը։

ՀՅԴ 127-ամեակի միջոցառումներու ծիրէն ներս Մելպուրնի մէջ խրախճանք մը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 2 Դեկտեմբեր, 2017-ին, երեկոյեան ժամը 7Թ30-էն սկսեալ, Հայ Կեդրոնի սրահէն ներս:

<<Դաշնակցութեան օրը յատուկ օր մըն է մեր կազմակերպութեան աշխատանքներով խճողուած օրացոյցին մէջ: Այդ օրը մենք կը վերյիշենք մեր կուսակցութեան պատմութեանյատկանշական թուականները, կը փառաբանենք մեր հերոսներուն կատարած սխրագործութիւնները եւ կը վերանորոգենք պայքարը շարունակելու մեր ուխտը>> ըսաւ ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկեր Հայկ Գայսէրեան:

<<Դաշնակցութեան օրը նաեւ հաշուետուութեան օր է ուր մենք կու գանք եւ մեր կատարած աշխատանքները կը ներկայացնենք մեր գաղութին դիմաց եւ մեր գաղութին գիտակցութեանկը թողունք մեր գործունէութեան արժեւորումը կատարելու գործը>> աւելցուց Գայսէրեան:

comments

Advertisement