Աւստրալիոյ մէջ Արժանավայել Կերպով Նշուեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 127 ամեակը

By armenia.com.au | Monday, 11 December 2017

 

500է աւելի հայորդիք, հայկական հոգեւոր, քաղաքական, բարեսիրական, մշակութային, կրթական եւ մարզական կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ եւ կուսակցական թէ համակիր երիտասարդներ լեցուցած էր Գօլստըն Ճեմարանի Նալպանտեան սրահը: Ժողովուրդը եկած էր անգամ մը եւս իր յարգանքի տուրքը տալու 127ամեայ հարազատ իր կուսակցութեան՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան: Եկած էր լիցքաւորուելու եւ նոր աւիշ ստանալու: Վերջապէս եկած էր վայելելու եւ վկայելու Աւստրալիոյ երիտասարդացած ՀՅԴ շարքերուն վճռակամութիւնը եւ հաւատարմութիւնը իրենց ազգին, հայրենիքին ու արդար դատին:

Դրան մուտքին ժողովուրդին բաժնուեցան վզնոցներ ՀՅԴի նշանաբանով նուիրուած Ընկհ Ատէլ Գրաճեանի կողմէ:

Նախ քան Աւստրալիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներու կատարումը ՀՄԸՄի սկաուտները Աւստրալիոյ, Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՅԴի դրօշներով տպաւորիչ մուտք գործեցին սրահէն ներս: Քայլերգներէն ետք հանդիսավարուհի Ընկհ Ատէլ Գրաճեան հրաւիրեց յոտնկայս յարգելու յիշատակը հայ ազատագրական պայքարի ճանապարհին իրենց ազնուագոյնը նուիրաբերած նահատակներուն, անձնուիրութեամբ ծառայած եւ մեր կեանքէն առյաւէտ հեռացած Դաշնակցական նուիրեալներուն:

Բացման խօսքին մէջ ընկերուհին անդրադարձաւ այն միակ նպատակին, որուն համար ստեղծուեցաւ ՀՅԴն եւ որմէ ծնունդ առին միութիւններ կրթամշակութային, բարեսիրական թէ մարզական բնագաւառներու մէջ, բոլորն ալ կոչուած ծառայելու ազգին եւ հայրենիքին: Ան Սիմոն Վրացեանի հետեւեալ մտածումով աւարտեց իր խօսքը. << Ողջոյն եւ կամք ձեզի ընկերներ. Ուր էլ լինէք դուք ՝ կռուի դաշտին մէջ թէ շղթայակապ կալանաւոր, բահը ձեռքերնիդ, մշակ թէ թափառական առաքեալ, միշտ էլ ձեզ ներշնչողը թող լինի տառապողի ազատութեան վեհ գաղափարը, ձեր առաջնորդը՝ դիրքերուն վրայ մնալու պարտաճանաչութեան սուրբ սկզբունքը: Հոգ չէ թէ մի օր վահանով կը դառնաք, միւս օր՝ վահանի վրայ, արդիւնքը նոյննէ՝ ՅԱՂԹՈՒԹԻՒՆ :

Հայոց Մարտիկներ երգը իր կուռ ձայնով մեներգեց Ընկ Յովսէփ Էմիրզեան, որուն ասմունքով ընկերակցեցաւ տաղանդաւոր ասմունքող Ընկ Ֆրանսուա Փամպուքեան: Սերլի Ուշճեան՝ Քանոնով, Մեղրի Ուշճեան՝ Ջութակով եւ Մարք Անթոնիօ Պոնճա՝ դաշնամուրով ընկերակցեցան մեներգին ու ասմունքին:

Պատանեկան Միութեան անդամներ Ցոլեր Նազարեան եւ Ապէր Մաքսուտեան համարձակ արտայայտութեամբ ասմունքեցին <<Ձօն>>ը:

ՀՅԴ Երիտասարդական Միութեան խօսքը փոխանցեցին Ճորճ Շիշոյեան՝ Հայերէն լեզուվ եւ Վարդօ Զէյթունցեան՝ անգլերէնով:

Հեզաճկուն եւ փորձառու մենապարուհի Գօլէթ Մարտիրոսեան մենապարեց <<Ճերմակ Աղաւնի>> պարը:

60է աւելի ՀՅԴ Երիտասարդական եւ Պատանեկան միութեանց խառն երգչախումբը ներկայացուց <<Մեզ Միացնողը եւ Արժանի>> յեղափոխաշունչ խմբերգը ղեկավարութեամբ Տիկին Հայկուշ Զէյթունցեանի, իսկ Երիտասարդականի անդամներ Յակոբ Լեւոնեան եւ Յարութ Իսկէնեան երգեցին <<Արժանի>> երգը ընկերակցութեամբ ասմունքի, որ կատարեց Ժան Ժագ Գաճագաճեան: Կատարումները արժանացան բուռն ծափահարութեանց:

Օրուան անակնկալն էր Ազգային Յեղափոխական երգերու երկար տարիներու սիրուած երգիչ Ընկեր Գառնիկ Սարգիսեան, որ Ընկեր Շանթ Թաթոսեանի դաշնամուրի ընկերակցութեամբ կատարեց <<Սարգիս Կուկունեանի Յիշատակին>> եւ <<Մարտիկի Երգը>> երգերը:

ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Ընկեր Հայկ Գայսէրեան  փոխանցեց Կեդրոնական Կոմիտէի պատգամը: Իր խօսքը ուղղելով ներկաներուն ան դրուատանքով արտայայտուեցաւ անոնց ներկայութեան որ կը նշանակէր արժեւորել քաղաքական եւ մարտական Կառոյցը ՀՅԴին, Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւն կերտողներն ու քաղաքական գործիչները, Եղեռնի պատասխանատուներուն մահապատիժը գործադրողները, Արցախի ազատամարտիկները, Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ պատնէշի վրայ գտնուող հերոսները:

Անդրադառնալով ՀՅԴ շարքերու երիտասարդացման գործընթացին՝ Ընկեր Հայկ կատարեց մէջբերում Գարեգին Նժդեհի ուղեցոյց դարձած խօսքին << եթէ ուզում ես տեսնել, գուշակել ժողովուրդի մը ապագան, նայի՛ր նրա երիտասարդութեան>>: Հաշուետուութիւն կատարելու կարգով Ընկեր Հայկ, յենուելով տարիներ առաջ Աւստրալիոյ շարքերու երիտասարդացնելու որոշումին ներկայացուց Կեդրոնական Կոմիտէ-Երիտասարդականի Կեդրոնական Վարչութիւն -Պատանեկան Վարիչ Մարմին հետեւողական աշխատանքին արդիւնքները: Ան անհեթեթ նկատեց յոռետեսութիւնը հանդէպ մեր երիտասարդութեան,որ շաղախուած է մեր պատմութեամբ եւ պահանջատիրութեամբ, Միացեալ, Ազատ եւ Անկախ Հայաստանի գիտակից տեսլականով: Դաշնակցականութեամբ տոգորուած երիտասարդներ են մեր երիտասարդ եւ պատանի ընկեր-ընկերուհիները՝ մեր ապագան: Ընկեր Հայկ տուաւ օրինակներ երիտասարդութեան տարած աշխատանքներէն եւ ապագայ ծրագիրներէն, որոնք կ'ապացուցեն մեր լաւատեսութիւնն ու վստահութիւնը անոնց նկատմամբ:

Եզրափակեով, Ընկեր Հայկ կոչ ուղղեց մէկդի թողուլ դիւրին ճամբան եւ ընտրել պայքարի ճամբան, ընտրել մայրենին, ազգայինը, հայ դպրոցն ու ճեմարանը, ընտրել թէկուզ քիչ մը թանկ բայց ոչ աժան թրքական ապրանքը, Հայերէ՛ն խօսիլը, քաջալերել հայկական ձեռնարկները: Ընկեր Հայկ եզրափակեց իր խօսքը հետեւեալ բառերով.

<<Կեցցէ, Միացեալ եւ ամբողջական Հայաստանը ու այդ Հայաստանին հաւատացող, այդ Հայաստանին համար իր ամենէն փայլուն զաւակները նուիրած 127 տարեկան, ալեհեր բայց միշտ երիտասարդ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը>>:

Ընկեր Գայսերեանի պատգամը ամբողջապէս ընթերցելու համար:

127 ամեակի առիթով շրջանս հրաւիրուած էր ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Ընկեր Վիգէն Եագուպեան: Ընկերը թէքնիք պատճառներով չկարողացաւ Աւստրալիա ճամբորդել, ուստի ելեկտրոնային միջոցով իր խօսքը փոխանցեց ներկաներուն:

Ընկեր Վիգէն դրուագներու թէ ձեռքբերումներու թուարկումով վեր առաւ ՀՅԴի քաղաքական հաստատ վարքագիծը եւ ծառայութիւնը Հայ ազգին ու Հայրենիքին: Ան անդրադարձաւ Դաշնակցութեան տարած պայքարին ի նպաստ Հայրենիքի եւ ազգի շահերուն մերթ զէն ի ձեռին,  մերթ համագործակցութեամբ, մերթ իրաւական հետապնդումով: Ընկ Վիգէն իր վերլուծութեամբ շեշտ դրաւ Դաշնակցութեան 127 ամեայ գործունէութեան նպատակներու անշեղ հետապնդման եւ դաշնակցութեան տուած  նպատակաուղղուած դաստիարակութեան` մարտական թէ քաղաքական ծիրերէն ներս: Ընկեր Վիգէն շեշտեց նաեւ այն նախապայմանները որով Դաշնակցական մը կրնայ Դաշնակցական կոչուիլ որոնցմէ ամենէն կարեւորը անոր յանձնառութիւնն է, ամբողջական յանձնառութիւնը հանդէպ Դաշնակցութեան Ծրագրին ու Կանոնագրին:

Ընկեր Վիգէն շեշտեց նաեւ Մայիս 28ի կարեւորութիւնը ոեւէ Հայու համար, որովհետեւ ան եւ անով ստեղծուած 100ամեայ առաջին անկախութիւնը խորհրդանիշ են Հայաստանը ամբողջական ու միացեալ տեսնելու:

Ընկերը կոչ ուղղեց խուռներամ հաւաքուելու Հայաստան Մայիս 2018ին այնտեղ նշելու համար 100ամեակը մեր անկախութեան ինչպէս նաեւ Հայրենիքին ծառայեցնելու մեր մասնագիտական հարստութիւնները:

Ընկեր Վիգէնին ամբողջական ճառը հրապարակուած է եւ կարելի է զայն ընթերցել:

Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ ՀՅԴ Քայլերգ՝ <<Մշակ Բանուոր>>ով:


Դիտելու համար ամբողջական նկարները այցելեցէք:


comments

Advertisement