Աւստրալիոյ Կանաչներու կուսակցութիւնը կը ճանչնայ Արցախի Հանրապետութիւնը

By ANC Australia | Thursday, 14 December 2017



Աւստրալիոյ Կանաչները իրենց կուսակցութեան ռազմավարութեան մէջ ներարեցին Արցախի Հանրապետութեան ճանաչումը իրենց Պէնէլոնկի երեսփոխանական թեկնածու Ճասթին Ալիքի եւ Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայացուցիչներուն հանդիպումէն ետք:

Կանաչները վերահաստատեցին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը: Անոնք կը   հանդիսանան աշխարհի մէջ առաջին ոչ Հայ կուսակցութիւնը որ Արցախի Հանրապետութեան նկատմամբ դիրքորոշումը կը նկատէ <<սկզբունքային դիրքորոշում>>:

Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Վաչէ Գահրամանեան շնորհակալութիւն յայտնեց Ալիք Ճասթինին, ան ըսաւ.<< Լեռնային Ղարաբաղը հազարամեակներէ ի վեր մաս կազմած է մեր Հայրենիքին եւ Ատրպէյճանի միատէր  կառավարութեան շարունակական սպառնալիքները կը հաստատեն որ աշխարհը պէտք է զօրաւիգ հանդիսանայ որ հաստատուին մարդկային իրաւունքները եւ ինքնորոշման իրաւունքը այդ շրջանին մէջ: Աւստրալիոյ Կանաչները համարձակօրէն զօրակցեցան, որուն համար մենք երախտապարտ ենք>>:




Յանուն Արցախի Հանրապետութեան, Աւստրալիոյ մէջ մնայուն ներկայացուցիչ Քայլար Միաքայէլեան պատմական որակեց այս ճանաչումը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Կանաչներու կուսակցութեան մարդկային իրաւունքներու յանձնառութեան: Ան ըսաւ. << Արցախի հայութիւնը 26 տարի ապահովական դժուար կացութեան մէջ ապրեցաւ, սակայն շնորհիւ անոր հաստատակամութեան կրցաւ ստեղծել ժողովրդավար երկիր եւ կը սպասէ որ աշխարհ ճանչնայ անոր կերտած հանրապետութիւնը>>:

Հայ Դատի Յանձնախումբին ուղղած իր նամակին մէջ Ալիք կը գրէ.

Կուսակցապետ Տոքթ Րիչըրտ Տի Նաթալիի եւ ծերակոյտի անդամներ՝ Լի Հիանոնի եւ Տէյվիտ Շուպրիճի հետ խորհրդակցելէ ետք հետեւեալ պատասխանները կրնամ տալ ձեր հարցերուն որպէս կուսակցութեանս ներկայացուցիչ եւ անձնապէս.
1. Աւստրալիոյ Կանաչները կը ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ներառեալ համակարգուած ջարդերը եւ բռնի տեղահանութիւնը 1.5 միլիոն Հայերու Օսմանեան Կայսրութեան վերջին օրերուն: Ասոնք, արդի չափանիշերով, ամենէն ծանրակշիռ ոճիրներն են գործուած մարդկութեան դէմ: Մենք յարգանք ունինք բոլոր զոհերուն յիշատակին:

2. Յենուելով  25 Հոկտեմբեր 2012ի ՆՍՈւի Խորհրդարանի որոշումին վրայ Աւստրալիոյ Կանաչները.

Ա)  Կը ճանչնան կարեւորութիւնը մարդկային իրաւանց եւ զօրաւիգ կը կանգնին ինքնորշման եւ ազատ ու ժողովրդավար հասարակութեանց:

Բ) Կը ճանչնան բոլոր ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքը ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ժողովուրդինը:

Գ) Կ'ընդգծեն Լեռնային Ղարաբաղի յարատեւ ճիգը ստեղղծելու համար ազատ եւ ժողովրդավար հասարակութիւն խորհրդարանական օրինական ընտրութեանց միջոցաւ ճիգ չխնայելով գոյացնելու եւ զարգացնելու պատասխանատու կառավարութիւն: 

Դ) Զորաւիգ է եւ կը քաջալերէ ԼՂի մասնակցութիւնը միջազգային ընտանիքին առաւել եւս կը քաջալերէ անոր մասնակցութիւնը միջազգային ընտանիքին ջանքերուն գտնելու լուծում շրջանային հարցերուն յօգուտ խաղաղութեան եւ կայուն վիճակի:

Ե) Կը քաջալերէ խաղաղ յարաբերութիւն եւ յարաճուն աջակցութիւն մարդկային եւ տնտեսական զօրակցութեան ԼՂի ժողովուրդին ի նպաստ եւ

Զ) Կոչ կ'ուղղէ Աւստրալիոյ Դաշնակցային Կառավարութեան պաշտօնապէս ճանչնալու ԼՂՀը եւ զօրացնելու յարաբերութիւնը ԼՂի եւ անոր քաղաքացիներուն հետ:

 

Հայ Դատի Յանձնախումբը հանդիպում ունեցաւ Պէնէլոնկի թեկնածուներուն հետ եւ իր զեկուցումը պիտի փոխանցէ Աւստրալահայութեան նախ քան Շաբաթ 16 Դեկտեմբերի ընտրութիւնները:

 

comments

Advertisement