Հրեայ Ուսանողներու Համաշխարհային Միութիւնը ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

By armenia.com.au | Wednesday, 10 January 2018

Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը կը յայտնէ, որ համագումարին գլխաւոր զեկուցողներէն մէկը, որ նաեւ աջակցած է բանաձեւին, հրէական ծագումով աւստրալիացի փաստաբան Արիէլ Զոհարն էր:

Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Հայկ Գայսերեան շնորհակալութիւն յայտնած է WUJS-ին՝ մարդու իրաւունքներուն վերաբերեալ այս կարեւոր յայտարարութեան համար:

«Մենք շնորհակալութիւն կը յայտնենք Արիէլ Զոհարին եւ Հրեայ ուսանողներու համաշխարհային միութեան մէջ անոր գործընկերներուն՝ այս բանաձեւի ընդունման համար, որ ոչ միայն Օսմանեան Թուրքիոյ հայերու, յոյներու եւ ասորիներու դէմ իրագործուած ցեղասպանութիւնը կը ճանչնայ, այլեւ կը դատապարտէ եւ կը մերժէ՛ Ցեղասպանութեան պատմական իրողութեան ժխտման, խեղաթիւրման կամ անտեսման բոլոր փորձերը», յայտարարած է Գայսերեան:

Ուսանողական այս կազմակերպութեան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը, ըստ Գայսերեանի, Իսրայէլի կառավարութեան եւ Աւստրալիոյ նման այլ երկիրներու ուղղուած հզօր պատգամ մըն է, թէ անկախ հանգամանքներէն, մարդու իրաւունքները պէտք չէ՛ բանակցութիւններու առարկայ դառնան՝ յանուն դիւանագիտական շահերու:

comments

Advertisement