Սիտնիի մէջ աննախընթաց Հանրային Լսարան

By armenia.com.au | Saturday, 03 February 2018




Սիտնի.- Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը կը ներկայացնէ աննախընթաց հանրային լսարան մը որուն ընթացքին պիտի ներկայացուի դասախօսութիւն մը. նիւթ՝ <<Ցաւին Մասնակիցներ - Թուրքիոյ Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ուրացման Նոր Ռազմավարութիւն>> եւ ասուլիս:

Դասախօսութիւնը, որը պիտի ներկայացուի Հայերէն լեզուով, պիտի ներկայացնէ գաղութս այցելող Գէորգ Պետրոսեան եւ տեղի պիտի ունենայ Կիրակի 18 Փետրուար 2018-ին երեկոյեան ժամը 7:00էն սկսեալ Հայ Մշակութային Կեդրոնին մէջ (259 Penshurst Street Willoughby):

Գէորգ Պետրոսեան մասնագէտ է Թուրքիոյ եւ մերձաւոր արեւելքի հարցերէուն մէջ: Ան դոկտորութեան թեկնածու է Թրքական Ուսումնասիրութիւններ, Հայաստանի Գիտութեանց Ակադեմիա

Ան իր Մագիստրոսի տիտղոսը ստացած է Երեւանի Պետական Համալսարանէն:

Իր ուսումնասիրութիւններն ու հետազօտութիւնը կը կեդրոնանան Թրքական պատմութեան, լրատուութեան, քաղաքականութեան եւ ռազմական կառոյցին, Թուրք-Հայ յարաբերութեան (Պաշտօնական եւ անպաշտօն) եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման վրայ:

Ան կը գլխաւորէ Եփրատ Հետազօտական Կեդրոնը եւ հիմնադիրն է “Turkological Portal” ակադեմական թեքում ունեցող Կայքէջին (allTurkey.am)

Ան յօուածներ կը գրէ զանազան հայկական վերլուծական թերթերու համար: 2014ին ան պարգեւատրուած է Գիտութեանց Ակադեմիայի կողմէ եւ անուանուած <<Լաւագոյն Մասնագէտ Շրջանային Գործերու>>:

comments

Advertisement