Գօլստըն Ճեմարանի Վերամուտի Պաշտօնական Հանդիսութիւնը

By armenia.com.au | Friday, 23 February 2018

14 Փետրուար 2018 –ին առաւօտեան ժամը 9ին Գօլստըն ճեմարանի աշակերտները ընկերակցութեամբ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զիլանտայի Թեմի Առաջնորդ Տէր Հայկազուն Եպիսկոպոս Նաճարեանի, Հ.Յ.ԴԱւստրալիոյԿեդրոնական Կոմիտէութեան ներկայացուցիչներու, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Թեմական եւ Ծխական խորհուրդներու ներկայացուցիչներու, Աւստրալիոյ Համազգայինի եւ Հ.Մ.Ը.Մ-ի Շրջանային Վարչութիւններու եւ Հայ Դատի ներկայացուցիչներու, Համազգայինի Թարգմանչաց շաբաթօրեայ վարժարանի ներկայացուցիչներու , Ճեմարանի բարերարներու, ուսուցչական կազմի, ծնողներու հետ միասնաբար ուղուեցան դէպի Գօլստըն Ճեմարանի Նալպանտեան սրահ մասնակցելու Ճեմարանի Վերամուտի Պաշտօնական հանդիսութեան:

Հանդիսութիւնը վարեց 2017 տարեշրջանի ճեմարանի պետ՝Վիքի Քրտանեանը: Հանդիսութիւնը սկսաւԱւստրալիական,

ՀՀանրապետութեան եւ ԳօլստընՃեմարանի քայլերգներով:

Վիքի իր ջերմ խօսքերով, Հայերէն եւ Անգլերէն լեզուներով, բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, շնորհաւորեց նորանշակ պետերը, երախտագիտութեան խօսք ուղղեց Ճեմարանի մեծ ընտանիքին՝ Տնօրէնին , ուսուցիչներուն եւ դասընկերներուն իրենց ցուցաբերած նուիրական աշխատանքին եւ հոգատարութեան համար, ապա խրախուսեց նոր պետերը ըսելով թէ այս տարի Ճեմարանէն ներս աւելի ծանր պարտականութիւններ կը վստահուին իրենց, բնականաբար դժուար պիտի ըլլայ հաւասարակշռութիւն պահել թէ` ամավերջի քննութիւններու պատրաստութիւններու եւ թէ` իրենց պարտականութեան որպէս ճեմարանի պետեր, սակայն միասնականութեամբ պիտի կարենան  թեթեւցնել սոյն  բեռը եւ յաջողութեամբ պսակել այս տարուայ աշխատանքներն ու ձեռնարկները:

Վիքի իրխօսքի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց  նաեւ ճեմարանի տնօրէնութեան եւ ուսուցչաց կազմին որոնք ճիգ չխնայեցին հայեցի դաստիարակութեամբ կերտելու ապագայի Աւստրալահայ սերունդը, ապա բեմ հրաւիրեց ճեմարանի Տնօրէն՝ Պրն.Էտի Տէմիրճեան փոխանցելու օրուան պատգամը :

Պրն Տէմիրճեան նախ ողջունեց ներկաները ապա շնորհաւորեց նորանշակ պետերը եւ գնահատեց զիրենք իրենց պատասխանատուութիւնը եւ պատրաստակամութիւնը յայտնելու ստանձնելու Առաջնորդ-Պետի պաշտօնին համար:

Պրն Տէմիրճեան իր խօսքին ընդմէջէն անդրադարձաւ թէ այս յոյս եւ լոյս ներշնչող կրթօճախը ամէն էական նշանակութիւն ունի ոչ միայն Աւստրալահայ գաղութին, այլ նաեւ Աւստրալիական գետնի վրայ :

Պրն Տէմիրճեան իր  խօսքին մէջ նաեւ արդրադարձաւ թէ որպէս կրթական հիմնարկ, Ճեմարանի անձնակազմը ամէն ճիգ կը թափէ կերտելու Հայ տիպարը եւ զարգացնելու անոր կարողութիւնները:

Ս. Գիրքէն Անգլերէն եւ Հայերէն լեզուներով համարներ ընթերցեցին 12-րդ կարգի փոխպետեր՝Նանոր Մուրատեան եւ Հրանդ Պիւճէքեան, որմէ ետք բեմ հրաւիրուեցան 12 րդ կարգէն, 2018 տարեշրաջանի նորընտիր առաջնորդ-պետերը՝Արի Սիմոնեան եւ Աննա Պէրպէրեան, որոնք խոստացան իրենց վստահուած այս պատասխանատու պաշտօնը լաւագոյն ձեւով կատարել :

Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը, ուր յաջորդաբար ելոյթ ունեցան եօթներորդ կարգի աշակերտ՝ Նիքօլաս Քրտանեանը, ասմունքելով Պարոյր Սեւակի <<Հպարտ եմ ես>> ոտանաւորը, 11րդ կարգի աշակերտուհի Փաթիլ Յակոբը դաշնամուրի վրայ ներկայացնելով  Արամ Խաչատրեանի << Դիմակահանդէս>> երաժշտական կտորը եւ 5րդ կարգի երգչախումբը:

Ապա բեմ հրաւիրուեցան Սրբազան հայրը եւ Պրն. Էտի Տեմիրճեանը կատարելու պաշտօնական օծումը աշակերտական ղեկավար մարմնին:

Սրբազան Հայրը ջերմ խօսքերով քաջալերեց աշակերտները որ իրենց ջանասիրութեամբ օրինակելի տիպար դառնան իրենց դասընկերներուն:

Սրբազան Հօր Պահպանիչով եւ Տէրունական աղօթքով հանդիսութիւնը հասաւ իր աւարտին :

Բարի երթ կը մաղթենք Գօլստըն Ճեմարանին, յաջողութիւն մաղթելով տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին, աշակերտութեան եւ ծնողներուն:


comments

Advertisement