Անկախութեան 100 Ամեակի Նուիրուած Վիճակահանութիւն

By armenia.com.au | Wednesday, 28 February 2018



Հրապարակի վրայ է ՀՅԴ Աւստրալիոյ ԿԿոմիտէի կողմէ պատրաստուած Հայաստանի Հանրապետութեան 100 ամեակի նուիրուած վիճակահանութեան տոմսերը որոնք համարեայ սպառած են արդէն: 

Վիճակահանութեան տոմսերու շահող թիւերը պիտի յայտարարուին ուղիղ եթերով Երկուշաբթի 19 Մարտ 2018-ին տեղի ունենալիք <<Արցախի Զօրակցութեան>> նուիրուած թելեթոնի ընթացքին: 

<<Վիճակահանութիւնները միջոց մըն է յիշեցնելու համար Աւստրալհայ գաղութին անկախութեան 100 ամեակի կարեւորութեան մասին>> յայտարարեց վիճակահանութեան կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամ Օննիկ Սողոմոնեան: <<Յանձնախումբս տքնաջան աշխատանք տարաւ կարելի եղած չափով սպառելու բոլոր տոմսերը: Վստահ եմ որ գաղութի զաւակներուն աջակցութեամբ շուտով պիտի սպառենք բոլոր տոմսերը>> աւելցուց Սողոմոնեան:

Յիշենք որ վիճակահանութեան գլխաւոր պարգեւն է դէպի Հայաստան 2 տոմսակ մասնակցելու համար անկախութեան 100 ամեակի միջոցառումներուն (ներառեալ կեցութիւնը), երկրորդ պարգեւը՝ նաւապտոյտ իսկ երրորդ պարգեւը $2,500 տոլարի արժէքով նուէր մը Flight Centre ընկերութենէն:

comments

Advertisement