By Asbarez | Tuesday, 06 March 2018
Աւստրալիոյ, Նոր Զելանտայի, Սինկափուրի եւ Հարաւային Քորէայի քաղաքացիները կրնան Հայաստան այցելել առանց մուտքի արտօնագիրի: Ըստ <<Արմենփրես>>՝ այս մասին որոշումին նախագիծը ընդգրկուած է կառավարութեան 26 Մարտի նիստի օրակարգին վրայ:
Ըստ հիմնաւորման՝ որոշման ընդունումը թոյլ պիտի տայ վերոյիշեալ պետութիւններու քաղաքացիներուն այցելել եւ մնալ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածք առաւելագոյնը 180 օր ժամկէտով՝ մէկ տարուան ընթացքին, ազատելով զանոնք մուտքի վիզա ձեռք բերելու պահանջէն: Ատիկա, ըստ Հայաստանի կառավարութեան, ոչ միայն կը նպաստէ զբօսաշրջութեան խրախուսման ու խթանման, այլ նաեւ նոր սկիզբ կը հանդիսանայ ժողովուրդներու հոգեւոր եւ պատմամշակութային արժէքներու փոխճանաչման, երկկողմ համագործակցութեան շարք մը նոր ոլորտներու ուրուագծման եւ զարգացման համար:
Որոշման նախագիծը նպատակ ունի մուտքի վիզայի հետ կապուած հարցերը չէզոքացնել՝ Աւստրալական Միութեան, Նոր Զելանտայի, Սինկափուրի Հանրապետութեան, Քորէայի Հանրապետութեան հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու եւ այդ երկիրներու քաղաքացիներու՝ Հայաստանի Հանրապետութիւն այցերու աճին նպաստելու համար:
comments
Ոչ եւս է Ընկեր Յովհաննէս Էսմէրեանը
Ոչ եւս է Ընկեր Այւազ Գրիգորեանը
Աւստրալիա Լայվ. Սուրիոյ Հայ Աւետարանական համայնքի համայնքապետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութ Սէլիմեան
Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ 50-րդ Շրջանային Ժողով
Զօրակցութեան յայտարարութիւն Ազատ Արցախի Հանրապետութեան
Շնորհաւոր 132րդ ամեակդ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն
Հայահոծ Րայտ Շրջանի Քաղաքապետարանը 10,000 տոլար կը նուիրէ #TogetherWithSyria հանգանակութեան