Արցախի Պետնախարար Արայիկ Յարութիւնեան կը հանդիպի Աւստրալացի Դաշնակցային եւ Նահանգային Խորհրդարանի անդամներու

By armenia.com.au | Friday, 23 March 2018

Քանպերա եւ Սիտնի- Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբի կազմակերպուութեամբ տեղի ունեցան զանազան հանդիպումներ Արցախի Պետնախարար Արայիկ Յարութիւնեանի եւ Աւստրալացի Դաշնակցային ծերակուտականներու ինչպէս նաեւ Նիու Սաութ Ուէլզ (ՆՍՈւ) նահանգի Խորհրդարանի անդամներու միջեւ:

21 Մարտ 2018ին, Յարութիւնեան եւ Արցախի Մշտական ներկայացուցիչ Քայլար Միքայէլեան միացան ՀԴի Յանձնախումբի Աւստրալիոյ մայրաքաղաք Քանպերա ժամանող պատուիրակութեան:



Ծերակոյտի անդամ Ճանէթ Րայսի հետ հանդիպման ընթացքին Յարութիւնեան իր կառավարութեան երախտագիտութիւնն ու շնորհակալութիւնը յայտնեց Աւստրալիոյ Կանաչներ կուսակցութեան, որ հանդիսացաւ Աւստրալական առաջին կուսակցութիւնը ճանաչելու Արցախի Հանրապետութեան ինքնորոշման իրաւունքը Դեկտեմբեր 2017ին, Կուսակցութեան ՆՍՈւի մասնաճիւղին միջոցաւ:

Յարութիւնեան նաեւ հանդիպեցաւ ծերակոյտի անդամ Քրիսթինա Քէնիլլիի հետ, որ Պէնէլոնկի ընտրութիւններուն իր զօրակցութիւնը յայտնած էր Արցախին:

<<Այսօրուան այցը Քանպերա եւ Յարութիւնեանի գտած ընդունելութիւնը Ծերակուտականներ Րայսի եւ Քէնալլիի հետ յոյս կը ներշնչեն որ Արցախի Հանրապետութիւնը հետզհետէ ճանաչում պիտի գտնէ ազգային թէմիջազգային մակարդակներով>> ըսաւ ՀԴի գործադիր տնօրէն Հայկ Գայսէրեան:

Պատուիրակութիւնը ներկայ գտնուեցաւ նաեւ <<Ծերակոյտի Հարցումներու Ժամանակ>> յատուկ նիստին, որ յատուկ փորձառութիւն էր նախարար Յարութիւնեանին համար:

<<Շնորհակալ եմ Աւստրալիոյ Խորհրդարանի անդամներուն իրենց սիրալիր ընդունելութեան եւ Արցախին զօրակցութեան համար: Ես կը փափաքիմ մօտիկ ապագային զիրենք ընդունիլ մեր հողին վրայ>> յայտարարեց նախարարը: Շարունակելով՝ <<Աւստրալիան հոյակապ երկիր է եւ հոն կիրարկուած ժողովրդավարութենէն շատ բան կարելի է սորվիլ: Այս այցովս կարողացայ փորձառութիւն վերցնել Աւստրալիոյ ժողովրդավարութենէն: Խրախւսուած եմ ՀԴի Յանձնախումբին տարած աշխատանքէն երկրի քաղաքական ղեկավարութեան տեղեկացնելու Արցախի մէջ ժողովրդավարութեան զարգացման մասին, հիմնուած մարդկային իրաւունքներու վրայ նաեւ տեղեկացնելու Արցախի ինքնորոշման իրաւունքին մասին>> ըսաւ Յարութիւնեան:

15 Մարտին ՀԴի Յանձնախումբը նմանօրինակ պատուիրակութիւն մը առաջնորդեց դէպի ՆՍՈւի խորհրդարան Յարութիւնեանի եւ Միքայէլեանի մասնակցութեամբ, ուր հանդիպում տեղի ունեցաւ ՆՍՈւի Հայաստան-Աւստրալիա Խորհրդարանական Բարեկամութեան խմբակին հետ:

Յարութիւնեան շնորհակալութիւն յայտնեց ՆՍՈւ Խորհրդարանին զօրաւիգ կանգնելու ճանաչելով Արցախի անկախութիւնը եւ ինքնորոշման իրաւունքը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց անձամբ խորհրդարանի անդամներ՝ Ճոնաթան Օտէյին, Դոկտ. Հիւ Մաքտերմոթին եւ Տամիէն Թիւտըհօփին Խորհրդարանի մէջ նախօրօք խօսած իրենց ճառերուն համար, յիշատակելով Սումկայիթի ջարդերուն 30ամեակը:

Յարութիւնեան նաեւ այցելեց Խորհրդարանի Խաչքարին զետեղուած իյիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին ինկած 1.5 միլիոննահատակներուն:ՆՍՈւի խորհրդարանը առաջին անգամ 1997ին ճանչցաւՀայոց Ցեղասպանութիւնը, զոր վերահաստատեց 2013թուականին:



20 Մարտին ՀԴի յանձնախումբի Պատուոյ ատենապետ Գրիգոր Սողոմոնեան ընկերակցեցաւ նախարար Յարութիւնեանին այցելելու Աւստրալական կարգ մը ճարտարարուեստի ընկերութիւններ, որոնցմէ Պանիրի, գինիի,Ալիւմինիումի գործարաններ, որոնցմէ՝ Ուէսթըն Ալիւմինիում, սեփականատէր՝Կարպիս Սիմոնեան:

Արայիկ Յարութիւնեան Աւստրալիա այցելեց իբրեւ հիւր Արցախի մշտական ներկայացուցիչ Քայլար Միքայէլեանի, Արցախի ազատագրման շարժման 30րդ տարեդարձին առիթով: Ան հիւրն էր նաեւ Արցախ Զօրակցութեան Թէլէթոնին, նաեւ մասնակցեցաւ Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան 100 ամեակի ոգեկոչման հանդիսութեանց ինչպէս նաեւ ներկայացուց ԱՐԻ ներդրումային ծրագիրը գործարար հասարակութեան:

<<Մենք առանձնաշնորհեալ էինք նախարար Յարութիւնեանի այցով, իսկ ինքմեծապէս խրախուսուած է Աւստրալահայ համայնքի ցուցաբերածզօրակցութենէն>> յայտարարեց Քայլար Միքայէլեան:

comments

Advertisement