Փոխան Յայտարարութեան Տարուինք Գործով եւ Ոչ Խօսքով

By ARF AU | Sunday, 29 April 2018

Սփիւռքի մեր գաղութներէն ներս, ներառեալ Աւստրալիոյ մէջ, գոյութիւն ունի ժողովրդային փոքր խաւ մը, որ չառաջնորդուիր յստակ գաղափարաբանութեամբ մը, կամ հեռակայ տեսլականներով: Ան իր սնունդը կը ստանայ դէպքերու ձգած ազդեցութենէն ձգտելով յառաջացնել պառակտում:

Այս խաւը կը կազմեն անոնք, որոնք հեռուէն կը դիտեն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, մինչ այդ մեր ու մեր ուղեկից միութիւններուն անդամները կը շարունակեն իրենց աշխատանքները, կը դաստիարակեն մեր երիտասարդները, կը պահպանեն մեր լեզուն եւ մշակոյթը, բաց կը պահեն Հայ կրթօճախներու դռները, կը հետապնդեն Հայութեան եւ Աւստրալահայութեան շահերը, օժանդակութիւններ կը տրամադրեն Հայաստանին ու Արցախին եւ սկաուտական, մարզական խումբերու, պարախումբերու, երգչախումբերու, թատերական խումբերու եւ այլ միջոցներով քով քովի կը բերեն եւ Հայ կը պահեն գաղութի զաւակները:

Երբ մթնոլորտը խաղաղ է, այս խաւի պատկանողներու ստորակայութեան բարդոյթը եւ անոնց թիւի, ուժի եւ համբաւի պակասը, կը մղէ անոնց <<միասնութեան>> կոչեր ուղղելու, առանց ընդունելու սփիւռքի մէջ գործունեայ եւ աշխուժ այլ կազմակերպութիւններու յաջողութիւնները, ինչպէս՝ ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան, Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբին, ՀՄԸՄ-ի, Համազգայինի եւ ՀՕՄ-ի, որոնք բոլորն ալ Դաշնակցութեան ուղեկից միութիւններն են:

Դժբախտաբար, <<միասնութեան>> այս կոչերը իրաւացի չեն, քան զի այն ժամանակ երբ այդ խաւը զինուի ՀՅԴ-ի վրայ յարձակումներ կատարելու ռազմամթերքով, անոնք կը վերածուին մռնչող առիւծներու: Չենք գիտեր եթէ այս փոփոխութիւնը կենսաբանականօրէն կարելի է, սակայն կարելի կը թուի երբ անոնք պաշտպանուած կ’ըլլան բջիջային հեռախօսներով եւ գաղութէն բաժնուած կ’ըլլան արբանեակային ու համացանցի հաղորդակցական միջոցներով եւ զինուած կ’ըլլան իրենց ստեղնաշարերով:

Այսպիսով, երեւակայական (virtual) այս առիւծները կը հարուածեն իրենց քարոզած <<միասնութեան>> գաղափարախօսութիւնը ու կը սկսին գործադրել խօսելու արուեստը: Խօսիլ գրաշարելով, խօսիլ նամակներով, խօսիլ ընկերային ցանցերու վրայ աշխուժ ըլլալով: Խօսիլ պարզապէս ցեխարձակումներ կատարելով եւ յուսալով որ այդ ցեխէն բաժին մը կը կպչի:

Վերջին երկու շաբաթներու ընթացքին ՀՅԴաշնակցութեան քարկոծումը սփիւռքի գաղութներուն մէջ, ինչպէս նաեւ Աւստրալիոյ մէջ բաւականին ժողովրդականութիւն շահած է: Ինչու՞: Որովհետեւ, ՀՅԴաշնակցութիւնը Հայաստանի մէջ որոշած էր ընդունիլ կոալիցիայի իր դաշնակից կուսակցութեան առաջարկած անձի՝ նախագահ Սերժ Սարգսեանի թեկնածութիւնը վարչապետի պաշտօնին:

Սարգսեանի ժողովրդականութիւն չունենալը փաստուեցաւ, երբ ընդդիմութեան ու #ՄերժիրՍերժին արշաւին պարագլուխ Նիկոլ Բաշինեանի առաջնորդած ժողովրդական բողոքի ցոյցերը պատճառ դարձան նախկին նախագահի վարչապետի պաշտօնէն հրաժարելու:

Այս մէկը պատեհ առիթ էր տարբեր գաղութներու մէջ այսպէս կոչուած առիւծներուն, որոնք անցեալի Խորհրդային համակարգի արքայապաշտներու նման բաժանումի թոյնը կ’ուզէին սփռել գաղութներէն ներս: Անդրադառնալով որ Դաշնակցութիւնը գործակցած էր անձնաւորութեան մը հետ որ այլեւս ժողովուրդին կողմէ ընդունուած չէր, այդ <<առիւծներու>> իսկական գոյնը երեւան եկաւ, որ <<միասնութեան>> գոյնը չէր, այլ պարզապէս վնասակար չարիքի գոյն էր:

Մինչ անոնք կը գրեն եւ կը խօսին, մենք կ’աշխատինք: ՀՅԴ հիմնադիրներէն Ռսոտոմի խօսքերով <<այնքան տարուեցինք գործով, որ խօսիլն էլ մոռացանք>>:

Շատերու համար անհասկնալի թուած այս երեւոյթը մեզի համար պատասխանատու կեցուածք է: Եթէ սխալ է, կը հաւատանք որ աւելի ընդունելի վրիպում մըն է քան անոր հակադարձ արարքը, ինչ որ ստեղնաշարերու <<առիւծներուն>> կատարած յանցանքն է:

Աւստրալիոյ մէջ վերջին երկու շաբաթներուն ընթացքին մեր միասնական ջանքերով գաղութի մեր զաւակները Հայոց Ցեղասպանութեան համար Արդարութիւն պահանջեցին: Մեր թշնամիին գործած արարքներուն պատասխանատուութեան հրաւիրելու մեր կոչը հասաւ միլիոնաւոր Աւստրալիացիներու տուները, շնորհիւ Արդարութեան Տողանցքի վայելած տեղեկատուական ծաւալին:

Մեր ջանքերով յայտնաբերուեցաւ Աւստրալիոյ խորհրդարանի այն անդամը որ փառաբանած էր Ազրպէյճանը, նախագահական ընտրութիւններու ընթացքին Պաքու իր այցելութենէն ետք, երբ տեղեկատուական բոլոր հարթակները դատապարտեցին անոր անընդունելի կեցուածքը:

Մեր ջանքերով հանգանակութիւն կատարուեցաւ Արցախի պատերազմի պատճառով հաշմանդամ զինուորներու համար յատուկ անկողիններ տրամադրելու: Յիշեցինք Հայաստանի Հանրապետութեան տիտաններէն Աւետիս Ահարոնեանի քաղաքական եւ գրական վաստակը եւ յիշեցուցինք զայն մեր գաղութին: Նոյն միջոցին մեր միութիւններէն մէկը երգչախումբ մը կը հիմնէր իսկ միւսը դաստիարակչական բանակում կը կազմակերպէր:

Ցեղասպանութիւնը ոգեկոչուեցաւ Սիտնիի եւ Մելպուրնի մէջ ուր տեղի ունեցան միջոցառումներ որոնք ժամանակի, ջանքի եւ մարդուժի կը կարօտէին: Մեր կրթօճախներու տնօրէններն ու ուսուցիչները կը պատրաստուէին ուսումնական տարեշրջանի երկրորդ հանգրուանին: Կազմակերպութիւնը զօրաշարժի ենթարկուած է Հայաստանի առաջին անկախութեան սեմին: Մեր երիտասարդները կը պատրաստուին կազմակերպելու ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան ամառնային ճամբարը, ուր 30 երիտասարդներ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ պիտի կազմակերպեն ճամբարային ծրագիրները օժանդակելու համար կարիքաւոր երեխաներուն:

Այս բոլորը կը կատարէինք սակայն միեւնոյն ժամանակ մեր սրտերը կը տրոփէին Հայաստանի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն սիրտերուն հետ:

Մենք չխօսեցանք, այլ քալեցինք, ինչպէս որ միշտ կ’ընենք:

Լուռ մնալու մեր ռազմավարութիւնը քննադատուեցաւ սփիւռքի գաղութներուն կողմէ, ներառեալ Աւստրալիոյ գաղութին կողմէ: Ըսուեցաւ թէ Արդարութեան Տողանցք կազմակերպելը անյարմար է երբ Հայ ժողովուրդը Հայաստանի մէջ կը պայքարի իշխանափոխութեան համար: Սակայն մենք ներողութիւն չենք խնդրէր այդ մէկը ընելու եւ երբեք չենք զղջացած Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանին պատասխանատուութիւնը լուսարձակի տակ առնելու մեր առաքելութեան մէջ, որովհետեւ միեւնոյն ժամանակ զօրակցութիւն յայտնած ենք Հայաստանի մէջ ապրող մեր ժողովուրդին: Ըստ մեզի Սարգսեանի գործած մեղքերուն կրնանք անդրադառնալ, միեւնոյն ժամանակ յարգելով յիշատակը նահատակուած մեր նախահայրերուն, առանց հանգիստ տալու մերժողական քաղաքականութեան ռահվիրայ Էրտողանին եւ յարձակողական քաղաքկանութեան ռահվիրայ Ալիեւին:

Ժողովուրդը քննադատեց Աւստրալիոյ ՀՅԴ կառոյցը եւ մեղադրեց զայն կազմակերպական կարգապահութիւն ցուցաբերելով երկիրը անդունդ տանելու մեղքով: Այո՛, մենք հաւատարիմ ենք մեր կազմակերպութեան ապակեդրոնացման սկզբունքներուն եւ աշխատելաձեւին: Աշխատելաձեւ մը որ 128 տարիներ շարունակ լաւապէս ծառայած է մեր կազմակերպութեան եւ ժողովուրդին շահերուն: Մենք միասնական կեցուածք ունինք հանրութեան դիմաց, հակառակ անոր որ իւրաքանչիւր շրջանի մարմին կ’ունենայ իր ինքնուրոյն կեցուածքը եւ զայն կը փոխանցէ իր միջոցներով: Երբեք չենք զղջացած մեր լուացքը, մաքուր թէ աղտոտ, հանրութեան առջեւ չփռելու կարգապահութեամբ մեր որդեգրած աշխատելաձեւէն:

Այս բոլորով հանդերձ, մենք կրնանք համաձայն ըլլալ, կամ չըլլալ այլ շրջաններու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ առնուած որոշումներուն: Մեր կազմակերպական ժողովրդավարութիւնը առիթը կու տայ տարբեր միտքերու փոխանակման, օգտագործելով ներքին մեր յարաբերական ճամբաները, որոնք լաւապէս կ’օգտագործուին բոլոր մարմիններուն կողմէ, ինչպէս նաեւ Աւստրալիոյ կառոյցին կողմէ:

Մենք չուզեցինք յայտարարութիւն կատարել, որպէսզի կրկնութիւն չըլլայ ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան կատարած յայտարարութեան: Կրկնութեան գնով, մենք մեր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնենք այդ յայտարարութեան, որուն մէջ յստակօրէն յայտարարուած է ամբողջական զօրակցութիւնը Հայաստանի մէջ ապրող Հայ ժողովուրդի կամքին:

Կը հաւատանք որ Հայ ժողովուրդը լաւապէս հասկնալով խօսքի ազատութեան սկզբունքները իր բողոքի ձայնը բարձրացուց, ինչ որ ունեցաւ քաղաքական աննախընթաց արդիւնք մը վարչապետ Սերժ Սարգսեանի հրաժարականով: Այս արդիւնքը կը դրսեւորէ ժողովրդավարական սկզբունքներու իրագործումը:

Կ’ողջունենք Բաշինեանի եւ Հայաստանի մէջ գործող այլ քաղաքական ուժերու միջեւ երկխօսութիւնը, որուն գլխաւոր նախաձեռնողն էր Դաշնակցութեան Հայաստանի կառոյցը: Լիայոյս ենք որ երկխօսութեամբ ժողովուրդի կողմէ ընդունուած ճամբայ պիտի հարթուի, որովհետեւ ըստ մեր կազմակերպութեան գաղափարաբանութեան, սկզբունքներուն, տեսլականին եւ ծրագրին, մեր ժողովուրդի շահերը ամէն բանէ վեր են:

Իսկ գաղութներու եւ Աւստրալիոյ մէջ հրապարակ իջած <<առիւծներուն>> կ'առաջարկենք քալել ՀՅԴ ճանապարհին վրայ նախքան անտեղի քննադատութիւններ կատարելը:

100 տարին պատմական առումով հեռաւոր անցեալ չէ. այդ թուականներուն էր երբ ՀՅԴաշնակցութիւնը մեր ժողովուրդին առաջնորդեց յաղթանակներու Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի մէջ եւ այդ մէկը հիմնաքարը եղաւ ներկայի Հայաստանի Հանրապետութեան: ՀՅԴաշնակցութիւնը ծրագրեց եւ իրագործեց Ցեղասպանութիւնը իրագործող դահիճներու պատիժները: ՀՅԴաշնակցութիւնը շարունակեց արդարութեան ճանապարհը, կրելով Հայ Դատի ջահը, պահպանեց մեր ժողովուրդի եռագոյն դրօշը, զինանշանն ու քայլերգը, երբ շատեր կը նոյնանային Խորհրդային Միութեան համայնավարական համակարգերուն հետ, աւելին՝ համագործակցելով անոնց հետ կը պայքարէին մեր կազմակերպութեան դէմ:

Եթէ այս իրականութիւնները պատմական անցեալէն են ու դժուար է զանոնք յիշել, կամ հեռու են ներկայէն ու մեր գաղութը աւելի հետաքրքրուած է թէ Դաշնակցութիւնը հիմա ին՞չ կ’ընէ Հայաստանի համար, եկէք պահ մը մտածենք: Ո՞վ է այն կազմակերպութիւնը որ կամաւորներ ուղարկեց Արցախ ճգնաժամային ու օրհասական օրերուն: Ո՞վ է այն կազմակերպութիւնը որ հարիւրաւոր հազարներ հանգանակելով օժանդակութիւններ կը տրամադրէ Սուրիոյ մէջ գտնուող մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն: Ո՞վ է այն կազմակերպութիւնը որ հարիւրաւոր հազարներ կը հանգանակէ Արցախի ապահովութեան, վերաբնակեցման եւ անվտանգութեան սուրբ ծրագիրներուն համար: Ո՞վ է այն կազմակերպութիւնը որ ներկայացուցիչներ ունի Պաքուի անբաղձալի անձերու ցանկին վրայ <<ձերբակալել հասնելու ժամանակ>> հրամանով:

Ո՞վ է այն կազմակերպութիւնը որ պարբերաբար մեծ թիւով երիտասարդներ կը գործուղէ Հայաստան եւ Արցախ օժանդակելու կարիքաւորներուն: Ո՞ր կազմակերպութիւնը երիտասարդական կեդրոններ եւ մանկապարտէզներ նորոգած է Հայաստանի եւ Արցախի մէջ: Ո՞ր կազմակերպութիւնը առաջնորդած է Արցախի մէջ տնտեսական ծրագիրներ հաստատելու ջանքերը, ապահովելու Արցախի սահմաններու ապահովութիւնը: Ո՞ր կազմակերպութիւնը իր աշակերտներն ու անդամները ուղարկած է Հայաստան եւ Արցախ շրջապտոյտներ եւ բանակումներ կազմակերպելով զարգացնելու զոյգ պետութիւններու զբօսաշրջիկութիւնը:

Վերոյիշեալ ծրագիրները եւ անոնց նման շարք մը ծրագիրներ որոնց մասին չենք ուզեր խօսիլ, ծնունդը չեն ժամանակաւոր ազգասիրութեան որը արդիւնքն է դէպքի մը կամ առիթի մը: Անոնք ծնունդն են համադրուած եւ ծրագրուած անսակարկ աշխատանքի: Անոնք արդիւնքն են յստակ գաղափարաբանութեան, նպատակներու եւ աշխատելաձեւի ներդաշնակութեան: Այդ մէկը դրսեւորումն է Հայաստանի, Արցախի եւ ամէն ինչ Հայկականի հանդէպ ունեցած յարգանքին եւ սիրոյ:

Յայտարարութեան փոխարէն այս գրութեամբ մեր նպատակը չէ լռեցնել այդ <<առիւծները>>, այլ կ’ուզենք որ անոնք հեռու չմնան մեր կազմակերպութենէն: Անոնք պէտք է գիտնան որ ունին հին, բայց ոչ ծեր ընկեր մը որ կը կոչուի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն: Ընկեր մը, որ կը բաժնէ անոնց ունեցած սէրն ու համակրանքը Հայաստանի, Արցախի եւ Հայ ազգի հանդէպ: Մենք պատրաստ ենք աշխատելու անոնց հետ, ձեռք-ձեռքի, ուս-ուսի յանուն մեր ազգի, ժողովուրդի եւ գաղութի բարօրութեան: Պատարստ ենք աշխատելու անոնց հետ որ միասնաբար վերածուինք առիւծներու եւ միասնաբար մռնչենք մեր իսկական թշնամիներուն դէմ:

Մեր կազմակերպութիւնը, 1890-էն, իր հիմնադրութեան օրէն, միասնութիւն քարոզեց եւ զայն իրագործեց քով քովի բերելով յեղափոխականները: Մենք սէր ու համակրանք ունինք ամէն Հայու եւ ամէն Հայկականի հանդէպ: Պատրաստ ենք պայքարելու մեր ժողովուրդին համար գրիչով թէ զէնքով: Պատրաստ ենք պաշտպանելու մեր ժողովուրդի շահերը հակառակ հեռաւորութեան եւ միջոցներու տարբերութեան: Մենք Հայաստանի կողքին ենք: Մենք Հայաստանի ժողովուրդի կողքին ենք: Մենք Հայ ժողովուրդի կողքին ենք:

- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէ


comments

Advertisement