Աւետիս Ահարոնեանի նուիրուած մեծարանքի հանդիսութիւն

By armenia.com.au | Thursday, 10 May 2018

Առանց հողի Մշակոյթ չկայ: Եթէ արեւը պայման է կեանքի համար,  ապա սեփական մշակոյթը պայման է ազգի կեանքին համար>>։

Աւետիս Ահարոնեան

Աւստրալիոյ Համազգայինի,  Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան,  Շրջանային Վարչութեան Գրական Գեղարուեստական Յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Կիրակի, 14 Ապրիլ, 2018 երեկոյեան ժամը  5.45-ին Գոլստըն Ճեմարանի Նալպանտեան սրահէն ներս տեղի ունեցաւ մեծարանքի բացառիկ հանդիսութիւն մը նուիրուած ազատութեան ճանապարհին մարտնչող, գրող, քաղաքական գործիչ  Հայ ժողովուրդը յաւերժացնող մեծերէն՝ Աւետիս Ահարոնեանի։

Հասարակութեան  ճշդապահութիւնը ակնյայտ էր։ Ներկայ էին Արժանապատիւ Տէր Նորայր Աւագ Քհն. Բաթանեան եւ Երէցկին, յարգարժան հիւրեր, ինչպէս նաեւ հայ մշակոյթի եւ գիր գրականութեան սիրահար,  գրասէր կոկիկ խաւ մը։

Ողջոյնի խօսքէն առաջ բեմ բարձրացան եւ հանդէս եկան հինգ արիներ, երկսեռ երիտասարդ խմբակ մը, որոնք տուին միմիայն Աւետիս Ահարոնեան հռետորին սրտի խօսքերը։ Ան կ՝ուղղէր համեստ կոչը իր ժողովուրդին թէ ինք, որպէս ծնկաչոք  ուխտաւոր  Հայ,  իր մաքուր արժանիքով, կ՝ողբայ հայրենիքի կարօտը, ազատութեան սէրը, սպիտակ ջարդի սպառնալիքը, սարսուռը հայ մայրերին, ապա բիւրաւոր թնդացող ձայները ամենուրեք։

Բացման խօսքով եւ յանձնախումբի անունով,  ընկերուհի Լիլիկ Կոտոյեան, խոր ապրումով,  նախ յայտնեց իր հպարտութիւնը հանդէպ ներկայ սերունդին, որոնք ամենայն յօժարութեամբ բերին իրենց մասնակցութիւնը այս յատուկ երեկոյին։  Անոնք հարազատ արտայայտութեամբ եւ յստակ առոգանութեամբ ցոլացուցին  յաւելեալ սէր ու արժէք հանդէպ գրականութեան։ Մեծ էր  անոնց ներդրումը եւ  յաւելեալ ճիգի  արդիւնք։  Ան, ընկհ.  Լիլիկ, գեղօն կարդաց  նաեւ գրական յանձնախումբին,  գաղութէն ներս գիր գրականութեան սփռման ուղղութեամբ անոր մեծ տարողութեամբ տարած աշխատանքին։ Մայրենի լեզուով պիտի շնչուի լեզուի գեղեցկութիւնը, աւելցուց ան անդրադառնալով թէ ինչպէ՛ս Ահարոնեան սերմանեց ազատութեան  գաղափարը ու հայրենասիրութեան սերմերը։

Ցուցադրուեցան տեսաերիզներ, որոնք ներկայացուցին Աւետիս Ահարոնեանի Ազգային գործունէութեան վճռակամ խօսքերը, որպէս հայկական հարցի ստեղծիչ եւ վկայութիւնները իր կեանքին շուրջ։

Օրուան բանախօս ընկ. Ասատուր Շուկայեան յախուռն  կերպով տուաւ մեծարեալին կենսագրական  գիծերը եւ անոր ծննդավայրի  Սուլմալու գաւառին հայկական երկու մեծագոյն խորհրդանիշերուն ՝ Արաքս գետի եւ Արարատ լերան, որոնց  միչեւ, բան մը կարծես  կանխորոշած էր գրողին, քաղաքական եւ հասարակական գործիչին  աշխարհընկալումը։

<<Մասիսն է իմ առաջին ուսուցիչ>>ը, ըսած է ան,  այդ լերան կախարդանքը լայն գրական գործունէութեան հաւատքով շեփորած է Ահարոնեանի ազատութեան գաղափարը։ Ասպետական ոգիի ծառացումը ընդէմ անիրաւութեան: Ազատութեան ձգտումն ու պայքարն է իր ներաշխարհը կլանողը, ինչ որ ալ ան գրած ըլլայ, գիւղն է իր գրականութեան աղբիւրը։

Ընկ․ Ասատուր շարունակելով իր խօսքը ըսաւ, ան եղած է դիւանագէտ անձնաւորութիւն մը, կ՝արժէ  յիշել թէ՝  ֆրանսացի  դիւանագէտ պետական գործիչ մը ըսած է իրեն համար <<Ահարոնեաններ ունեցող ազգը չի կրնար կորսուիլ>>։ Իսկ Զապէլ Եսայեան զինք կը նմանցնէ Արարատ Լերան։ Ապա Դանիէլ Վարուժան կը նշէ թռչնազգիներուն <<Ձեր շինելիք բոյնը Մեխեթի բանտին վրայ շինեցէք, հոն մեծ Հայ մը կ՝ապրի>>։

Որպէս քաղաքական գործիչ, 1918-ին միշտ գործի մէջ։ Խատիսեանի եւ Պօղոս Նուպար փաշայի հետ հայութեան շահերուն համար բախեց ամէն դուռ։ <<Կ՝ուզէի Ազատ Անկախ Հայրենիքը հին հեքիաթ մը դառնայ գալիք սերունդներուն, վասնզի Հայ ժողովուրդի ցաւը յաւիտենական է>> ըսած է  Ահարոնեան ։

Ան մնաց Հայ Ժողովուրդի Տառապանքի Երգիչը։

Յաջորդաբար ելոյթ ունեցան ընկերուհիներ Սիլվիա Իսկէնտէրեան, Լիլիկ Կոտոյեան, Ազնիւ Ինկիլիզեան  եւ Մարինա Աւագեան։ Չորսն  ալ հերթով տուին հետեւեալ վեհ խօսքերը ․- <<Երդւում եմ սրտի զարկիս Հայրենիքիս համար>>, <<Ճամբայ տուէք Հայաստանն է գալիս, Բարբարոսներ ճամբայ տուէք>>, <<Փառք ու խաղաղութիւն Նահատակ Ցեղի մեծ զաւակներ>> եւ վերջապէս, <<Գովասանքը հայ կնոջ գեղեցկութեան>>։

Երեկոն շարունակուեցաւ ճոխ մթնոլորտի մէջ ներկաները վայելեցին ու ապրեցան երգն ու երաժշտութիւնը, Էյմի Դաւիթեան եւ Աննա Պէրպէրեան իրենց քնքոյշ եւ խիստ տպաւորիչ ձայներով հանդէս եկան Կոմիտասի  <<Ծիրանի ծառ>>, Մանէ Յակոբեանի <<Ով Հայ>> եւ Ռ․ Ամիրխանեանի <<Երկիր Հայրենի>> երգերով, դաշնակի ընկերակցուեամբ Հրանդ Պէօճիկեանի։ Յիշենք նաեւ Քանոնահար Լուսինէ Թովմասեանը, Սայեաթ Նովայի <<Էշխեթմեթ>> եւ Կոմիտասի <<Հորովել>> զոյգ կտորներով։

Յայտագիրը իր փայլուն ընթացքը շարունակեց։ Ընկհ․ Զարուհի Մանուկեան ընթերցեց համառօտ բաժին մը <<Հոգիս Խորան է Ձեզ Համար>> խիստ տպաւորիչ խորագրով <<Երկերու Ժողովածու>>-էն քաղուած, ուր հեղինակը կը խոնարհէր նահատակ սերունդին առաջ, հսկումի գիշեր համարելով խունկ կը ծխէր կորած շիրիմների վրայ։

Եւ վերջին բաժնով, Մօսիկ Ինճէճիկեան մեծարեալին նուիրուած՝ <<Յարգանք քեզ>> խորագրով կտորը ներկայացուց ուր տպաւորիչ էր անոր վերջաբանը հետեւեալ մէջբերումով։

<<Զարկ երբ հալածում են քեզ, զարկ երբ փակում են քո փառաւոր ընթացքը, զարկ շարունակ եւ այն ժամանակ, հաւատա՛յ արիւնարբու թշնամիդ անգամ ծունկի կը չոքէ եւ կը կոչի <<ՅԱՐԳԱՆՔ  ՔԵԶ>>։

Յայտագրի աւարտին Շրջանային Վարչութեան Ատենապետ ընկ․ Վիգէն Գալլողլեան իր սրտի խօսքը տուաւ երկրորդելով բանախօսի տեսակէտները, ապա աւելցուց թէ 1926-ին Ահարոնեան ՆՈՊԷԼԵԱՆ մրցանակի թեկնածու առաջարկուողներու շարքին դասուած  է՝  որպէս մեծ գրագէտ եւ մեծ քաղաքականագէտ։

<<Աշխարհի մէջ չկայ մի ուրիշ ժողովուրդ, որ այնքան ուժգին, այնքան մտերիմ կերպով կապուած լինի իր հողին, որքան Հայը, ես իմ ազգը չեմ համեմատում ոչ մէկ ազգի հետ, եւ Հայը ոչ մէկ ուրիշ ազգի առջեւ գլխարկը հանելու պէտք չունի>>։  (Ա Ա)

Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ արժանապատիւ Տէր Նորայր աւագ քահանայ Բաթանեանի օրհնութեամբ եւ պահպանիչով, եւ ներկաներու մասնակցութեամբ՝ <<Սարդարապատ>> խմբերգով  ։

Ներկաները  բարձր տրամադրութեամբ բաժնուեցան սրահէն փոքրիկ հիւրասիրութենէ մը ետք։

Վարձքը կատար կազմակերպիչ յանձնախումբին։

Թղթակից

 




comments

Advertisement