Աւստրալիոյ Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Առընչուող Բանաձեւը Կը Քննարկուի

By armenia.com.au | Saturday, 30 June 2018

0626aust

ՍԻՏՆԻ - Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ 25 Յունիսին, առաջին անգամն ըլլալով, Աւստրալիոյ դաշնակցային խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցան Հայոց Ցեղասպանութեան առընչուող բանաձեւի մը շուրջ քննարկումներ:

Քննարկման դրուած բանաձեւը կը ճանչնայ «մարդասիրական յատուկ ջանքերը, զորս Աւստրալիան գործադրած է ի նպաստ Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրածներու եւ որբերու, ինչպէս նաեւ Օսմանեան կայսրութեան միւս քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու, ներառեալ յոյներու եւ ասորիներու»:

Ըստ Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբին փոխանցած տեղեկութիւններուն՝ խորհրդարանի երկու կուսակցութիւններուն կողմէ բանաձեւին ցուցաբերուող աջակցութիւնը կը վկայէ, թէ խորհրդարանին այս քայլը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ կարեւր քայլ մըն է:

<<Ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն եւ անոնց օգնութեան եկած աւստրալիացիներուն՝ մենք պատգամ կը յղենք, որ 1915ին սկսած իրադարձութիւնները պատմութեան ընթացքին տեղի ունեցած սովորական դէպքեր չեն: Եթէ մենք ձախողինք հայերուն դէմ իրականացուած չարիքին ճանաչման հարցով, մենք աջակցած պիտի ըլլանք անոնց, որոնք կը կարծեն, թէ կրնան մերժել մարդու ամենակարեւոր իրաւունքներէն մէկը՝ կեանքի իրաւունքը>>, յայտնեց բանաձեւը ներկայացուցած պատգամաւոր Թրենթ Զիմերման:


comments

Advertisement